Ճիւան Աշըգեան
Ճիւան Աշըգեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Կեսարիա |
Մասնագիտութիւն | փաստաբան |
Աշըգեան Ճիվան, փաստափան, ծնած է Կեսարիոյ Կարմիր զիւգաւանը.
Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն մեծահամբաւ Սահակ Պարթեւեան վարժարանին մէջ, ու շարունակած է Ս. Կարապետի բարձրագոյն վարժարանը։ 1898-ին իր հօր մահուան պատճառաւ թերաւարտ՝ Գազատիա կը մեկնի Իբրանոսեան եղբարց վաճառատան մէջ պաշտօնավարելու. երեք տարի ետք հայրենիք կը վերադառնայ արդիւնաբերելու համար հօրենական ագարակները։ 1910-ին Պոլիս երթալով կը յաճախէ իրաւաբանական համալսարանը, 1913-ին շրջանը աւարտելէ ետք՚ ընդհ. դատախազի օգնականի պաշտօնով Սեբաստիոյ Տիվրիկ գաւառը կը մեկնի։ 1914 Յուլիսին հրաժարելով Եողղատ կ՚երթայ։ Ընդհ. պատերազմին իբրիւ զինուորա կան Գաղատիա կը ղրկուի, անկից ալ Պոլիս։ 1915 Դեկտեմբերին Գաղատիա-Կարին երկաթուղւոյ արհեստաւոր վաշտերու յատեացեալ կրաղի. սի մթերանոցի տնորէն կը կարգուի ենթասպայի աստիճանով Գազատիա կը վերադառնայ։ Մինջեւ 1918 պաշտօնավարելէ ետք՚ զինադադարին իբրեւ վերապբազ Կեսարիա կը վերադառնայ. ուր կ՚անդամակցի Որբահաւաք Յանձնաժողովին կ՚արգուելով ընդհ. Տնօրէն։ Այս պաշտօնը ձրիաբար կը վարէ, 810-ին չափ երկսեռ որբեր կը հաւաքէ (տե՚ս «Քառամսեայ Տեղեկագիր Կիսարիոյ եւ շըրջակայից Կարօտելով Յանձնախումբին, տպ. Պոլիս 1919) եւ պատրիարքարանի գնահատանքին կ՚արժանանայ։ Աշըգեան առեւտուր եւ օրէնքի մարդ ըլլալով հանդերձ՝ ինքնօգնութեամբ հետեւած է գրականութեան։ Աշխատակցած է «Ճէրիտէյի Շարքիէ», «Սանզումէի Էֆքեար» հայատառ Թուրքերէն օրաթերթերուն, Սմբատ Դաւթեանի «Բիւրակն»ի, «Ար. Մամլոյ», «Բիւզանդիոն»ի, «Ժամանակ»ի, «Արագած»ի, Ս. Գաբամաճեանի, Բ. Թեւեանի Տարեցոյցներուն՚ բանասիրական, պատմագրական նիւթերու մասին գրելով, քաջալերուած իր մտերիմ բանաստեղծ Ռ. Որբերեանէ (տե՚ս «Արեւելեան Մամուլ» 1903 էջ 580)։ Աշըգեան պատրաստած է «Կեսարահայուն ծագումը եւ զարգացումը 1200 էջերով երկ մը, որ, նշանաւոր անձանց եւ հաստատութեանց, վանքերու եւայլն մասին ծանօթութիւններ կը բովանդակէ, 450էն աւելի նկարներով։ Աշըգեան հմուտ է թուրքերէն, հայերէն, յունարէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու։ Միշտ սատարած է ազգային գործերուն. ո՚ւր որ գտնուած է՚ անդամակցած է Քաղաքական Ժողովներուն, Թաղական, Ուսումնական Խորհուրդներու, Խնամատարութեանց Յանձնախումբերու։ Իր հասցէն է Civan Aşkin (Avokat) Kayseri (Turquie):
Աղբյիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ Հանրագիտակ, Մկրտիչ Վարդապետ Պոտուրեան, 1913, Պուքրէշ, Ա. հատոր, էջ 189։