Jump to content

Ղազախ-վրացական Յարաբերութիւններ

Ղազախ-վրացական յարաբերութիւններ
     Ղազախիստան      Վրաստան

Ղազախ-վրացական յարաբերութիւններ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ Վրաստանի եւ Ղազախիստանի միջեւ[1]։

23 Յուլիս 1992 թուականին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան երկրներու միջեւ։ Յարաբերութիւններու հիմքային փաստաթուղթը կը համարուի «Ղազախիստանի եւ Վրաստանի միջեւ յարաբերութիւններու հիմքերուն մասին համաձայնագիրը», որ ստորագրուած է 1 Յուլիս 1993 թուականին։

Տնտեսական համագործակցութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համաձայն Ղազախիստանի Վիճակագրութեան գործակալութեան՝ երկրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը, 2012 թուականի տուեալներով, կազմած է աւելի քան 150 միլիոն տոլար։ Այդ համագործակցութիւնը հիմնականին կը կայանայ արդիւնաբերութեան եւ զբօոսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ[2]։

12 Մայիս 2014 թուականին Ղազախիստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի դեսպան Զուրաբ Պատարաձէի հետ՝ վերջին շրջանին Վրաստանի տարածք Ղազախիստանի քաղաքացիներու մուտք գործելու մերժման վերաբերեալ եւ պաշտօնական նոտա յղուեցաւ Ղազախիստանի մէջ Վրաստանի դեսպանին։

1992 թուականին Վրաստանը դեսպանատուն բացաւ Ալմաթիի մէջ, որ 2003 թուականին տեղափոխուեցան Ասթանա։

Սեպտեմբեր 1996 թուականին Ազրպէյճանի Ղազախիստանի դեսպանատունը սկսաւ համատեղութեամբ գործել նաեւ Վրաստանի մէջ։

2003 թուականին Թիֆլիսի մէջ բացուեցաւ Ղազախիստանի Դիւանագիտական առաքելութիւնը, որ Յունուար 2008-ին վերափոխուեցաւ դեսպանատուն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]