Հրաչ Չիլինկիրեան

Հրաչ Չիլինկիրեան
Ծնած է 16 Դեկտեմբեր 1962
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Կոնկորդիա քոլեճ
Նորթրիճի Քալիֆորնիայի նահանգի համալսարան
Մասնագիտութիւն Ընկերաբանութեան գիտութիւններու դոկտոր Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնի մէջ Արեւելքի
Աշխատավայր Քրիստոնէութեան եւ Հայագիտական ուսմունքներու դասախօս մասնագէտ
Կայքէջ hratch.info

Դոկտոր Հրաչ Չիլինկիրեան ծնած է 1962 թուականին Պէյրութ, Լիբանան: Ընկերաբան, սփիւռքագէտ, հասարակական գործիչ, հեղինակ: Ընկերաբանութեան գիտութիւններու դոկտոր, Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ամպիոնին մէջ Արեւելքի Քրիստոնէութեան եւ Հայագիտական ուսմունքներու դասախօս մասնագէտ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրաչ Չիլինկիրեան ծնած է 16 Դեկտեմբեր 1962 թուականին Պէյրութ, Լիբանան: 1984 թուականին աւարտած է Նիւ Եորքի Գոնգորտիա քոլեճի արուեստներու բաժնի (գրականութեան) Պսակաւոր Արուեստից տիտղոս Bachelor's Degree:

1987 թուականին Նիւ Եորքի Ս. Վլատիմիր Աստուածաբանական Դպրոցի Մագիստրոս Աստուածաբանութեան:

1991 թուականին` Քալիֆորնիայի նահանգային համալսարանի (Նորթրիճ) պետական կառավարման Համալսարանական Մագիստրոս Տիտղոս Master's Degree:

2003 թուականին՝ Լոնտոնի Տնտեսագիտութեան եւ Քաղաքական Գիտութիւններու համալսարանի (London School of Economics and Political Science) ընկերաբանութեան գիտութիւններու դոկտոր:[1]

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1990-1995 թուականներուն Հրաչ Չիլինկիրեան «Հայ Եկեղեցւոյ Լուսամուտ» (Window view of the Armenian Church) ամսագրին համահիմնադիրը եւ գլխաւոր խմբագիրը եղած է:

1991-1994 թուականներուն եղեր է Նիւ Եորքի Ս. Ներսէս Աստուածաբանական ճեմարանի տեսուչ:

Ունի մենագրութիւններ եւ աւելի քան հարիւր յօդուածներ: Ան դասախօսութիւններ տուած է զանազան համալսարաններու եւ գաղութներու մէջ։ Ինքնութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ Արեւմտահայ մշակոյթի խնդիրները կարեւոր տեղ կը գրաւեն:

1995-1998 թուականներուն Հրաչ Չիլինկիրեան աշխատեր է ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ գիտական հաստատութիւններուն որպէս Կովկասի եւ Կասպից տարածաշրջանի վերլուծաբան եւ խորհրդատու:

1998-2001 թուականներուն` «Հայկական միջազգային պարբերականի» գործադիր խմբագիր եւ ապա աւագ խմբագիր:

Ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ` Հայ եկեղեցւոյ, Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն, հարաւային Կովկասի ու Ղարաբաղի հիմնախնդիրներուն եւ վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի տագնապներուն մասին (www.hratch.info):

2002-2012 թուականներուն Հրաչ Չիլինկիրեան ղեկավարած է Քեմպրիճի համալսարանի եւրասիական գիտական հետազօտութիւններու ծրագիրը:

2012 թուականէն կը դասաւանդէ Օքսֆորտի համալսարանի արեւելագիտութեան ամպիոնը:

Հրաչ Չիլինկիրեան դասախօսած է աշխարհի տարածքին եւ հեղինակ է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններու ու յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են մասնագիտական հանդէսներու եւ թերթերու մէջ:

«Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) հետազօտական ծրագիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2019 թուականին Հրաչ Չիլինկիրեան «Հայկական Սփիւռքի Հարցախոյզ» (Armenian Diaspora Survey) հետազօտական ծրագիրին տնօրէն նշանակուած է:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ՝ Սփիւռքի հետազօտական ծրագիրին նպատակն է՝ խիստ կարեւոր բաց մը գոցել Սփիւռքին վերաբերող գիտելիքներուն մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյացնել փաստերու վրայ հիմնուած հասկացողութիւնը մը՝ բազմակողմանի եւ բազմաշերտ սփիւռքեան ժամանակակից կեանքին մասին։

Հասարակական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր ակադեմական ասպարէզին առընթեր, Հրաչ Չիլինկիրեան ներդրում ունեցած է Անգլիոյ, Ամերիկայի եւ սփիւռքի հայկական համայնքներու ազգային, մշակութային, եկեղեցական, ուսումնական ու կազմակերպչական կեանքին մէջ։

Իր աւելի քան երեք տասնեակ տարիներու գործօն ծառայութեան համար, 2017 թուականին պարգեւատրուած է ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Ոսկէ» մետալով: Ներդրում ունեցած է միջազգային բարեսիրական ծրագիրներու մէջ, ինչպէս Անգլիոյ արքայազն Չարլզի «Տամֆրիզ հաուս» եւ «Երեւան իմ Սէր» ծրագիրները [2] եւ «Ավրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը:[3]

Երկեր եւ Հրատարակութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Hratch Tchilingirian, Karabakh and Abkhazia. The Struggle for Independence in the post-Soviet South Caucasus. London: Sandringham House, 2003.

[4]

  • Hratch Tchilingirian, The Armenian Church. A Brief Introduction. Western Diocese of the Armenian Church, Burbank, CA, 2008 (sixth printing).

[5]

  • Hratch Tchilingirian, "The Armenian Apostolic Church" in Lucian Leustean (ed.) Eastern Christianity and Politics in the Twenty-First Century. Routledge, 2014.

[6]

  • Hratch Tchilingirian, The ‘Other’ Citizens: Armenians in Turkey between Isolation and (Dis)Integration. London: Cambridge Partners, 2017.

[7]

  • Hratch Tchingirian, Ermeni Kilisesi. Tarih, inanç, litürji, sakramentler ve hiyerarşiye kısa bir giriş. (Ingilizceden Çeviren: Lora Sarı). Istanbul: Aras, 2019.

[8]

  • Hratch Tchilingirian, “Western Armenian in the 21st Century: Issues of ‘Thinking’ and ‘Creating’ in Armenian” in Western Armenian in the 21st Century: Challenges and New Approaches, edited by Bedross Der Matossian and Barlow Der Mugrdechian. The Press at California State University, Fresno, 2019: 1-28.

[9]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]