Jump to content

Հրաչ Կէօզիւպէօիւքեան

Հրաչ Կէօզիւպէօիւքեան
Ծնած է 12 Օգոստոս 1951(1951-08-12) (75 տարեկան)
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն վաճառող

Հրաչ Կէօզիւպէօիւքեան (կամ՝ Հրաչ Կոզիբեյոկյան, անգլ.՝ Hratch Kozibeyokian, ծնած 12 Օգոստոս, 1951) Ամերիկահայ մասնագէտ է արեւելեան գորգագործութեան:[1][2]

Կէօզիւպէօիւքեան ծնած է 1951 թուականին, Հալէպ, Սուրիա, հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրող ընտանիքի մը մէջ: Ան հասակ նետած է Լիբանանի մէջ, շրջապատուած երկարամեայ հայկական գորգագործութեան վարպետ ընտանիքի անդամներով: Անոր ընտանիքը Այնթապէն ու Զէյթունէն են:

1977 թուականին կը փոխադրուի ԱՄՆ միանալու իր հօր գորգագործութեան առեւտրական ընկերութեան: 1979 թուականին կը հաստատուի Լոս Անճելըս եւ կը ստանայ Պսակաւոր Արուեստից վկայականը Մշակութային Մարդաբանութեան ոլորտին մէջ Չափմըն Համալսարանէն: 1990 թուականին կը հիմնէ KO'Z'Craft, աշխատանոց մը որ կը վերանորոգէ եւ պահպանէ ձեռագործ կտորներ եւ գորգեր: Աշխատանոցին գործերը Արեւմտեան Հոլիուուտի մէջ ցուցադրուած են:[3] Կէօզիւպէօիւքեան ունի մեծ հաւաքածոյ մը հայկական եւ Կովկասեան իւրայատուկ գորգերու: Ան բազմաթիւ ցուցահանդէսներ եւ դասախօսութիւններ ծրագրած է, եւ մասնակցած է շատ մը համագումարներու, ուրիշին հրամցնելով հին հայկական գորգագործութեան մշակոյթ:[4]

Կէօզիւպէօիւքեան առաջինն էր որ ստեղծեց ակադեմական դասապահ մը Հայկական գորգագործութեան պատմութեան մասին Հայագիտութեան Ծրագրի հովանիին տակ Քալիֆորնիոյ Նահանգի Համալսարանէն (Նորթռիճ) (անգլ.՝ California State University, CSUN): Ան նաեւ դասախօսած է նոյն նիւթով կարգ մը երկրորդական դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ: Ան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ հայկական գորգագործութեան պատմութեան, ձեւաւորման եւ մշակոյթին մասին: Կէօզիւպէօիւքեանին մասնագիտութիւնը կը գովաբանուի բազմաթիւ արուեստաճանաչներու եւ գորգագործութեան գիտակներու ու հաւաքածոներու պատասխանատուներու կողմէ:[5]

1998 թուականին, Կէօզիւպէօիւքեան միացաւ Հայկական Գորգերու Ընկերակցութեան եւ ընտրուեցաւ մաս կազմելու Ընկերակցութեան յանձնախումբին բազմաթիւ անգամներ:[6]

2005 թուականին, Los Angeles Magazine հարթակը զինք անուանեց «գորգի բժիշկը»,[7][8] եւ «լաւագոյն գորգ նորոգողը Լոս Անճելըսի մէջ»:[9]

2014 թուականին, Կէօզիւպէօիւքեանը, իբր Հայկական Գորգերու Ընկերակցութեան (անգլ.՝ Armenian Rugs Society) ներկայացուցիչ, հրաւիրուած էր ներկայացնելու Նախկին Նախագահ Քալվին Քուլիճի Հայ Որբերու Գորգը Սպիտակ Տան մէջ: Իրադարձութիւնը մեծ տեղ գրաւեց տեղական եւ միջազգային մամուլին մէջ:[10][11][12][13]

2015 թուականին Հրաչ Կէօզիւպէօիւթեան միաձայնօրէն ընտրուեցաւ Հայկական Գորգերու Ընկերակցութեան նախագահը:[14]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ↑ Swartley Ariel (13 February 2010)։ «At Ko 'Z' Craft, an art woven in time»։ Los Angeles Times
  2. ↑ «About»։ ruglink.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-09-16-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-01
  3. ↑ «Hratch Kozybeyokian»։ armenianrugssociety.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-08-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-01
  4. ↑ «Armenian Journey Lecture Series»։ downtowngrid.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-24
  5. ↑ «"Armenian Genocide Survivors and the Woven Art" Conference at CSUN»։ MassisPost։ 7 March 2014
  6. ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-09-10-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-02
  7. ↑ Los Angeles Times (12 February 2010)։ «Rug doctor Hratch Kozibeyokian and staff at work»։ latimes.com
  8. ↑ «Torn? Unraveled? Sun faded? Emergencies are no problem for Ko 'Z' Craft's rug doctor»։ Los Angeles Times
  9. ↑ «Ko-Z-Craft»։ Los Angeles Magazine։ 28 March 2011
  10. ↑ «The Armenian rugs that tell two stories»։ BBC News
  11. ↑ «Armenian Orphan Rug, symbol of tragic past, is briefly on view»։ mcclatchydc
  12. ↑ Mikailian Arin (28 October 2015)։ «Rug woven by orphaned survivors of the Armenian Genocide to go on display»։ Glendale News-Press (Los Angeles Times)
  13. ↑ Ghazanchyan Siranush (29 October 2015)։ «Rug woven by orphaned survivors of the Armenian Genocide to go on display»։ Public Radio of Armenia
  14. ↑ «"Woven Legacy: Armenian Orphan Rugs" by Hratch Kozibeyokian»