Հրանդ Շահինեան

Հրանդ Շահինեան
Ծնած է 30 Յուլիս 1923(1923-07-30)[1]
Ծննդավայր Գիւլագարակ, Բորչալուի գավառ, Վրաստանի Սոցիալիստական Խորհրդային Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն
Մահացած է 29 Մայիս 1996(1996-05-29) (72 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Մասնագիտութիւն Մարմնամարզութեան մարզիկ
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն

Հրանդ Համազասպի Շահինեան (30 Յուլիս 1923(1923-07-30)[1], Գիւլագարակ, Բորչալուի գավառ, Վրաստանի Սոցիալիստական Խորհրդային Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն - 29 Մայիս 1996(1996-05-29), Երեւան, Հայաստան), հայ խորհրդային մարմնամարզիկ, ԽՍՀՄ մարզանքի մէջ վաստակաւոր վարպետ (1951), ՀԽՍՀ վաստակաւոր մարզիչ (1961), ՀԽՍՀ մարմնակրթութեան եւ մարմնամարզումի վաստակաւոր գործիչ (1966)։ ԽՍՀՄ եօթակի յաղթական, բացարձակ ախոյեան, աշխարհի կրկնակի ոսկէ դափնեկիր, Ողիմպիական խաղերու (Հելսինքի 1952) կրկնակի մետալակիր եւ կրկնակի արծաթէ մետալակիր[2]:

Հայաստանի առաջին Ողիմպիական մետալակիր Հրանդ Շահինեանի յուշարձանը զետեղուած Ալբերտ Ազարեան մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոցին առջեւ

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Գիւլագարակ գիւղը (Լոռի)։ 1930-ին, ընտանիքը փոխադրուած է Երեւան։ Սկսած է մարմնամարզութեան ուսումը Յարութիւն Գարգալոյեանի հետ, իսկ 1939-ին Խորհրդային Միութեան պատանի ախոյեան հանդիսացած է։

1941-ին, Շահինեան իբրեւ կամաւոր մեկնած է Բ. Աշխարհամարտին մասնակցելու եւ ոտքը վիրաւորուելէ ետք, 1943-ին վերադարձած է Հայաստան։ Երկար վերականգնողական աշխատանքէ ետք, 1946-ին կարողացած է վերսկսիլ մարզումները եւ աստիճանաբար մեծ յաջողութիւններ արձանագրել։

1949-ին, Պուտափեշտի մէջ, երիտասարդներու եւ ուսանողներու համաշխարհային փառատօնին վեց մետալ շահած է։

1952-ին, Հելսինքիի ողիմպիական խաղերուն մեկնած է իբրեւ խորհրդային հաւաքականի անդամ։ Շահինեան փայլած է օղակներու վրայ վարժութեան մէջ, ստանալով 9,9 միաւոր եւ ոսկեայ մետալակիր:

Ան նժոյգաթափի ու բազմամարտի մէջ արծաթ մետալներ ալ ստացած է։ Նժոյգաթափի մէջ, Շահինեան առաջին անգամ գործադրած է հնարք մը, որ հետագային անոր անունով կոչուած է։ Ան նաեւ շահած է ուրիշ ոսկեայ մետալ մը՝ խմբական մրցումին մէջ։ 1952-ին ալ ստացած է Խորհրդային Միութեան մարզանքի վարպետի կոչումը։

1954-ին, Հռոմի աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած է՝ ոսկեայ մետալ շահելով նժոյգաթափին եւ խմբական մրցումին մէջ, եւ արծաթեայ մետալ՝ բազմամարտի մէջ։

1956 թուականին Խորհրդային Միութեան հաւաքականի մարզիչները կը սկսին աւելի երիտասարդական մարմնամարզիկներ ընդգրկել խումբին մէջ։ Շահինեան կ՚որոշէ աւարտել իր ասպարէզը ու աստիճանաբար անցնիլ մարզիչի գործունէութեան։

Հրանդ Շահինեան կը փափաքէր, որ Հայաստան ունենար մարմնամարզութեան մեծ համալիր, ուր կարողանար իր փորձառութիւնը հաղորդել երիտասարդներուն։ Անոր անմիջական ջանքերուն շնորհիւ, Երեւանի մէջ ստեղծուած է այդպիսի մասնագիտացած դպրոց մը 1958-ին, որուն առաջին տնօրէնն ալ եղած է ինք։

1961-ին արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչի տիտղոսին, իսկ 1966-ին՝ Խորհրդային Միութեան վաստակաւոր մարզական գործիչի տիտղոսին։ 1966-1969 թուականներուն գլխաւորած է Հայաստանի մարզական կոմիտէն, այնուհետեւ անոր փոխնախագահը ըլլալով (1969-1975)։

1975-1980 թուականներուն, Շահինեան վարած է Սուրիոյ մարմնամարզութեան հաւաքականը Դամասկոսի մէջ։ Այնուհետեւ վերադարձած է Հայաստան, ուր մահացած է Մայիս 29, 1996-ին։

2014-ին, Հրանդ Շահինեանի արձանը զետեղուած է անոր անունը կրող մարմնամարզութեան դպրոցի մուտքին՝ Երեւանի մէջ[3]։

Հետաքրքիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մարմնամարզութեան համաշխարհային ֆեդերացիայի որոշմամբ Հրանդ Շահինեանի առաջինը կատարած վարժութիուններէն մէկը կը կոչուի «Շահինեանի պտուտան»։
  • ԽՍՀՄ-ին առաջինը ելլալ ով Շահինեանի պատուին հիմնադրուեցաւ օլիմպիական հերթափոխի մասնագիտացութեան մարզադպրոց։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]