Jump to content

Հուրի Ազէզեան

Հուրի Ազէզեան
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն Սուրիա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Ծնողներ Նազելի Նարինեան-Ազէզեան եւ Ալեքսան Ազէզեան
Երեխաներ Թամար, Հուրի, ԳԷորգ եւ Խաժակ Ազէզեաններ

Դոկտոր Հուրի Ազէզեան՝ գրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու:

Դոկտոր Հուրի Ազէզեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Աւարտած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանն ու Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը:

Մամուլի աշխատակից

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ'աշխատակցի «Գանձասար շաբաթերթ»ին[1]:

Գրական ստեղծագործական 35-ամեայ վաստակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան ծրագրումով եւ գրական յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ գրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու դոկտոր Հուրի Ազէզեանի գրական ստեղծագործական 35-ամեայ վաստակին նուիրուած երեկոն, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, 26 Նոյեմբեր 2021-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս[2]։

Հայ գիրի եւ ազգային ինքնութեան անդրադառնալով Ազէզեան կ՛ըսէ, որ հայոց պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, հայութիւնը հաւատացած է գիրի զօրութեան: Հայ գիրը միշտ կենարար շունչ տուած է հայ մտքին ու հայ հոգիին, եւ մեր կեանքը իր տագնապներով, նուաճումներով, ձգտումներով, անմահութեան շաւիղներուն մէջ ծաղկեցուցած է: Մեզի համար լեզուն հող է, երդիք է, մշակոյթ է, ազգային յիշողութիւն, լինելիութեան պատգամ եւ գոյատեւելու կռուան է:
- Դոկտոր Հուրի Ազէզեան

Գրական գործեր եւ Թարգմանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Գուցէ Համանուագ» Թարգ. Դոկտոր Հուրի Ազէզեան[3]
  • «Ո՜վ Գեղեցիկ Հայորդի» (բանաստեղծութիւն) հատորը, բաղկացած` 104 էջերէ, (Հեղինակ` Դոկտոր Ահմէտ Տրէյս): Արաբերէնէ թարգմանեց դոկտոր Հուրի Ազէզեան: Հրատարակութիւն` Բերիոյ հայոց թեմին, հրամանաւ Շահան սրբազանին եւ մեկենասութեամբ Նազելի Ազէզեանի եւ զաւակներուն:Հալէպ 2015-ին: Յառաջաբանը գրած է Բերիոյ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան[4]:
  • Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, զոր գրուած է անգլերէն լեզուով՝ «The Armenian Church» եւ ցարդ թարգմանուած է երեք լեզուներու՝ ֆրանսերէնի, ռուսերէնի եւ պարսկերէնի: Արաբերէնի թարգմանական ամբողջական ու աստուածաբանական բառամթերքով լի մասնագիտական աշխատութիւնը կատարած է Հալէպի ազգայիններէն Դոկտ. Հուրի Ազէզեանը։ Հրատարակուած Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն[5],[6]
  • «Հայկական հարցը Օսմանեան պետութեան մէջ. 1878-1923»: Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի հրամանով եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Գաբրիէլ եւ բժշկուհի Անժէլ Չեմպերճեաններու` 2012-ին Հալէպի մէջ թիւ 15 «Այգ» մատենաշարը «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս ընծայեց տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամի «Հայկական հարցը օսմանեան պետութեան մէջ. 1878-1923» պատմագրական գործը: 292 էջերէ բաղկացած սոյն հատորը արաբերէնէ հայերէնի թարգմանեց հալէպահայ մտաւորական դոկտոր Հուրի Ազեզեան:[7]
  • Հալէպի մէջ 2012-ին լոյս տեսաւ Հուրի Ազէզեանի «Մտածումներու արձագանգը» (հրապարակախօսական ընտրանի) գիրքը, բաղկացած` 199 էջերէ: Հրատարակութիւն Բերիոյ թեմին, հրամանաւ Շահան սրբազանին եւ մեկենասութեամբ Մահսէրէճեան ընտանիքին, ի յիշատակ Մանուէլ Մահսէրէճեանի:
Համաշխարհայնացման երեւոյթին անդրադառնալով Ազէզեան կ՛ըսէ, որ ընկերաբանական մօտեցումով, համաշխարհայնացումը կը նկատուի աշխարհի երրորդ յեղաշրջումը, երկրագործական եւ ճարտարարուեստական յեղաշրջումներէն ետք: Ճարտարագիտական յեղաշրջում մը, որ երկրի մը քաղաքական, ընկերային, բարոյական ըմբռնումները փոփոխութեան ենթարկելով, կրնան բարիք ըլլալ, եւ հաւասարապէս ալ չարիք: Համաշխարհայնացումի ազդեցութիւնները` դրական թէ ժխտական, իւրաքանչիւր երկրի պարագային սկսան դիտուիլ տարբեր արդիւնքներով:
- Դոկտոր Հուրի Ազէզեան

Հայ Հին Բանաստեղծութիւնն Ու Բանաստեղծ Ներսէս Շնորհալին արաբերէնով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հալէպի Մշակոյթի Տնօրէնութեան եւ Ազգային Մատենադարանին հրաւէրով, Շաբաթ 28 Փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Հալէպի գեղարուեստի «Թըշրին» սրահին մէջ հալէպահայ մտաւորական, գրող, պատմական գիտութիւններու դոկտ․ Հուրի Ազէզեան արաբերէնով ներկայացուց Հայ հին բանաստեղծութիւնն ու հանգամանօրէն անդրադարձաւ Ներսէս Շնորհալի բանաստեղծին գրական վաստակին։ Հանդիսութեան ներկայ էին հայ եւ արաբ գրասէր ունկնդիրներ[8]։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՆԱԽԱՆՇԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱԼԷՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՍԱՏՈՒՆԸ (ԺԶ. – ԺԷ. դդ.) 9 Յունուար 2021
  2. ՀՈՒՐԻ ԱԶԷԶԵԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ 35-ԱՄԵԱՅ ՎԱՍՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՐԵԿՈՅ (ՍՈՒՐԻԱ)[permanent dead link]
  3. ԳՈՒՑԷ ՀԱՄԱՆՈՒԱԳ Թարգ.Դոկտոր Հուրի Ազէզեան
  4. Ստացուած Գիրքեր. «Ո՜վ Գեղեցիկ Հայորդի» (Հեղինակ` Դոկտոր Ահմէտ Տրէյս)
  5. “THE ARMENIAN CHURCH” ԳԻՐՔԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՄԲ[permanent dead link]
  6. Եկեղեցին». Հեղինակ` ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
  7. հարցը Օսմանեան պետութեան մէջ. 1878-1923». հայերէն թարգմանուած արաբերէն նոր գիրք
  8. Հուրի Ազէզեան Ներկայացուց Հայ Հին Բանաստեղծութիւնն Ու Բանաստեղծ Ներսէս Շնորհալին