Հովանոց
Հովանոցը տարածուած իր մըն է, որ կը ծառայէ պաշտպանուելու անձրեւին դէմ: Անիկա կրնայ օգտագործուիլ նաեւ արեւուն ճառագայթներէն պաշտպանուելու համար:
Գոյութիւն ունին հովանոցի տարբերակներ, ինչպէս արեւանոցը կամ հովանոցակը, որոնք կը գործածուին արեւէն պաշտպանուելու:
Կառոյց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հովանոցը կրնայ տարբերիլ չափով եւ ձեւով բայց անոր կազմութիւնը միեւնոյնը կը մնայ: Անիկա բաղկացած կ'ըլլայ փայտէ գաւազանէ մը եւ կմախքէ մը, որ հաստատ կը պահէ անջրանցիկ կտորը: Կեդրոնին փայտը ընդհանրապէս իր ծայրը ունի կոթ մը՝ հովանոցը բռնելու համար: ԻԱ. դարուն, հովանոցները կը նկատուին առօրեայ գործածուող իրեր, սակայն իրենց որակին պատճառով անոնք կրնան շատ արագ կտրուիլ, եւ քանի մը օրէ աւելի չդիմանալ: Այսպիսով, ուսումնասիրութիւն մը նշմարած է, թէ Ֆրանսայի մէջ տասը միլիոնէն աւելի հովանոց աղբ թափած են մէկ տարուան ընթացքին:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հովանոցը հնարուած է աւելի քան 4000 տարի առաջ։
Հովանոցին հայրենիքը Ճափոնն է: Ք. Ա. 10-րդ դարուն ատաղձագործ մը իր կնոջ համար «տանիք» կը պատրաստէ: Առաջին հովանոցը աւելի քան երկու քիլօ կը կշռէր, իսկ բռնակին երկարութիւնը շուրջ 1,5 մեթր էր… Հովանոցը այդ ժամանակ արեւէն պաշտպանուելու կը ծառայէր:
Հին Եգիպտոսի, Յունաստանի, Չինաստանի եւ Ասորեստանի մէջ մարդիկ հովանոց կը գործածէին: Առաջին հովանոցները յատկապէս հարուստներու եւ հզօր անձերու առանձնաշնորհումը եղած է: Պարսկաստանի մէջ միայն թագաւորը հովանոց գործածած է, շինուած եղած է վուշ կերպասով եւ անոր ծայրերէն երկար կերպասի կտորներ կախուած են ամբողջական շուք եւ մեկուսացում ապահովելու համար[1]:
Հին Եգիպտոսի եւ Բաբելոնի մէջ հովանոցները երկու դեր ունէին` կը պաշտպանէին արեւէն եւ իշխանութիւն կը խորհրդանշէին: Եգիպտոսի փարաւոններուն հովանոցները կը պատրաստուէին արմաւենիի տերեւներէն եւ թռչունի փետուրներէն:
Հովանոցը իշխանութեան եւ ընտրեալ ըլլալու խորհրդանիշ էր` համարուելով չափազանց շքեղ իր: Հովանոցին ծանրութիւնն ու ձեւը կը տարբերէին` ըստ անոր տիրոջ դիրքին: Օրինակ` Սիամի (Թայլանտ) թագաւորին հովանոցը պատուած էր ոսկիով եւ ադամանդներով[2]:
Գրական աղբիւր մը կը հաստատէ, թէ Ուանկ Մանկ կայսրը՝ Կզին գերդաստանի հիմնադիրը, յօրինած է առաջին դարու ծալլուող հովանոց-արեւանոց մը, կառքի մը վրայ հաստատուած, որ կ'օգտագործուէր կրօնական արարողութեան ատեն:[3]
Չիները եղած են առաջինները, որոնք անդրադարձած են, թէ հովանոցները կրնան նաեւ գործածուիլ անձրեւի պարագային: Անոնք իրենց թուղթէ շինուած հովանոցները ծածկած են մոմով եւ ջնարակով` զայն ջրակայուն դարձնելու համար[1]:
Միջնադարուն, Եւրոպայի մէջ հովանոցի փոխարէն կը գործածուէր «անձրեւու շուրջառ»ը, մուշտակապատ լայն վերարկու մը, որ բաղկացած էր անջրանցիկ կտաւէ մը:[4]
ԺԶ. դարուն հովանոցները կը սկսին երեւիլ արեւմտեան աշխարհին մէջ: Սկիզբի շրջանին միայն կիները զայն կը գործածէին: Անգլիացիները իրենց հովանոցները կը ծածկէին փետուրներով`յուսալով, որ անձրեւին տակ իրենք պիտի չթրջուէին բադերու նման: Սակայն այս լուծումը շատ արդիւնաւէտ չ'ըլլար: Հետեւաբար հետագային անոնք փետուրները կը փոխարինեն իւղոտած մետաքսով, կերպասով կամ ալփակայի մորթով:
Ֆրանսայի մէջ հովանոցը կը յայտնուի ԺԷ. դարուն. անիկա «փարասոլ» կը կոչուէր եւ դարձեալ արեւէն պաշտպանուելու կը ծառայէր: «Փարասոլը» կրողին կարգավիճակը ցոյց տուող իր չէր. անիկա հասանելի էր բոլորին, սակայն անոր արտաքին տեսքէն կարելի կ'ըլլար կռահել հասարակութեան մէջ զայն կրողին դիրքին մասին: Որքան շատ ժապաւէններ եւ զարդեղէններ՝ այնքան բարձր կարգավիճակ:
Առաջին ծալուող հովանոցը ստեղծուած է Փարիզի մէջ 1705-ին կամ 1710-ին ժան Մարիւս վաճառականին կողմէ, «Կտրուող հովանոց» անունով, զոր կարելի էր ծալլել եւ տուփիկի մը մէջ դնել: 1759-ին ֆրանսացի գիտնական մը «Նավար» անունով կը հնարէ հովանոց-գաւազանը, ուր գաւազանը կը գործածուի իբրեւ պայուսակիկ: Այդ ձեւի հովանոցը կը դառնայ ԻԱ. դարու նորոյթի մեղսակից մը Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան ատեն:
Առաջին անձը, որուն միտքէն կ'անցնի հովանոցի միջոցով անձրեւէն պաշտպանել, ճանապարհորդ Ճոն Հանուէյնն էր, 1822-ին: Մինչ այդ կիներ եւ տղամարդիկ անձրեւոտ օրերուն տունէն դուրս չէին ելլեր… Ամուր կտորէ պատրաստուած Հանուէյնի հովանոցը սկիզբը ծիծաղի եւ սուլոցներու կ'արժանանայ, սակայն շուտով կը պարզուի, որ հովանոցը իսկական փրկութիւն էր բոլոր անոնց, որոնք սեփական կառք չունէին:
ԺԹ. դարու 40-ական թուականներուն կը յայտնաբերուին ծալուող հովանոցները: Ժապաւէնազարդ, ժանեակաւոր հովանոցները իրենց տեղը կը զիջին աւելի գործնական տարբերակներուն:
Հովանոցին տեսքը մինչեւ այսօր կը շարունակուի բարելաւուիլ: 1852-ին, Սամուէլ Ֆոքս կը յօրինէ զանգակաձեւ հովանոցը, որ աւելի տոկուն կը դարձնէ զայն: Գերմանացի Հանս Հոբդը 1930-ին, կը ստեղծէ պզտիկ հովանոցը, զոր կարելի է զետեղել պայուսակին մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 «Մեզի Պահապան Հովանոցը»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-12-14։ արտագրուած է՝ 2021-03-18
- ↑ Հովանոցին պատմութիւնը
- ↑ «Science and Civilisation in China | History of science and technology»։ Cambridge University Press (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-06-25
- ↑ Lacroix Paul (1806-1884) Auteur du texte (1872)։ Moeurs, usages et costumes, au moyen-âge et à l'époque de la Renaissance (2e édition) / par Paul Lacroix (bibliophile Jacob),... ; ouvrage illustré... par F. Kellerhoven... (ֆրանսերեն)