Հանդէս Մշակոյթի

«Հանդէս Մշակոյթի», գրական, գեղարուեստական եւ բանասիրական հանդէս։ Իսթանպուլի Կեդրոնական սանուց միութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 19481967-ին (անկանոն պարբերականութեամբ), Իսթանպուլի մէջ։ Պատասխանատու տնօրէն եւ արտօնատէր՝ Վ. Պեկեան։ Ներկայացուցած է իսթամպուլահայ գրողներու բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները, Արշակ Չօպանեանի, Պետրոս Դուրեանի, Հրաչեայ Աճառեանի եւ այլոց գործունէութիւնը։ Առանձին համարներ նուիրած է Յակոբ Մնձուրիին եւ Սայաթ-Նովային։ «Հայ գեղարուեստ» բաժնին մէջ անդրադարձած է երաժշտութեան, գեղանկարչութեան, ճարտարապետութեան եւ այդ բնագաւառներու հայ եւ օտար անուանի արուեստագէտներու կեանքին ու ստեղծագործութիւններուն։

Հանդէսը յօդուածներ տպագրած է գիտական յայտնագործութիւններու եւ նշանաւոր գիտնականներու վերաբերեալ։ Լուսաբանած է առողջապահութեան հարցեր, Կեդրոնական սանուց միութեան գործունէութիւնը։ Ծանօթացուցած է թրքական նորագոյն գրականութեան։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։