Jump to content

Հայ բուսաշխարհ (բառարան)

«Հայ բուսաշխարհ», բուսաբանակն բառարան, հեղինակ՝ Կարապետ Գաբիկեան, տպարան՝ Սրբոց Յակոբեանց, Երուսաղէմ։ Բառարանը հրատարակուած է 1968-ին, 316 էջերէ։ Բուսաբանական բառարանը կ'ընդգրկէ շուրջ 2000 բառ[1]։

Բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բառարանը կը ներկայացնէ հիմնականօրէն Սեբաստիոյ տարածքին աճող վայրի եւ մշակելի բոյսերու հայկական անուններու հաւաքածոյ:

Բոյսերու անուններէն զատ գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ բոյսերուն առընչուող զանազան եզրոյթներ, ասոյթներ, բառեր, որոնք գործածուած են Սեբաստիոյ եւ անոր շրջակայքի գիւղերուն մէջ բնակող հայերուն կողմէ։

Գիրքին ներածական մասին մէջ Գաբիկեան մանրամասնօրէն նկարագրած է իր այդ աշխատութեան ստեղծման պատմութիւնը, գիրքը կազմելու հիմնական սկզբունքները, բոյսերու անուններուն ծագումն ու նշանակութիւնը եւ բազմաթիւ օրինակներ կը բերէ հին Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող ծառապաշտութեան եւ բուսապաշտութեան վերաբերեալ։

Աշխատութեան մէջ տեղ գտած են նաեւ բոյսերուն առընչուող ժողովրդական աւանդոյթներ, շատ լաւ նկարագրուած է Սվասի բնութիւնն ու եղանակը, որոնք կը նպաստեն, որ հոն բուսական աշխարհը բազմազան եւ ինքնատիպ ըլլայ:

Կարապետ Գաբիկան շրջած է գիւղերը, գրի առած նաեւ գիւղացիներուն կողմէ գործածուող անունները եւ կազմած է բոյսերու հաւաքածոյ: Ֆրանսայէն ստացած գիրքերուն միջոցով ճշգրտած է այդ բոյսերուն լատիներէն եւ ֆրանսերէն անունները[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «AV Production - Կարապետ Գաբիկեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-02-07-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-07 
  2. «ժամանակ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-07