Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները

Խորհուրդ (յունարէն՝ ծածուկ, թաքուն բան, լատիներէն՝ sacramentum), բառը կրօնական իմաստով, յայտնութիւնն է անտեսանելի բաներու. օրինակ՝ մկրտութեամբ քրիստոնեայ դառնալ: Խորհուրդը ընդունելի կ'ըլլայ հաւատքով ու երկիւղած նկարագիրով: Խորհուրդը ո՛չ միայն ծածուկ է, այլ այդ ծածուկ արտայայտութեան արտաքին ձեւն է:

Խորհուրդներու նպատակն է մարդը պահել աստուածային շնորհքին մէջ եւ հոգեւոր կեանքի բարձրութեան վրայ: Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներն են.

  • մկրտութիւն,
  • դրոշմ,
  • ապաշխարութիւն,
  • հաղորդութիւն,
  • պսակ ամուսնութեան,
  • կարգ հիւանդաց կամ վերջին օծում
  • կարգ ձեռնադրութեան:
Մկրտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մկրտութիւն կը նշանակէ լուացում, մաքրութիւն: Կրօնական իմաստով, այն արարողութիւնն է, որ ջուրով կը կատարուի, մեղաւորին սկզբնական կամ ադամական  մեղքը մաքրելու ու անոր վերստին ծնունդ տալու համար: Անիկա անհրաժեշտ պայման մըն է քրիստոնեայ դառնալու, որուն նախօրինակը եղաւ Քրիստոս: Մկրտութեան պայմանն է հաւատքը, եւ նախընտրելի է անձ մը չափահաս տարիքին մկրտուի, սակայն նորածինը կը մկրտուի իր ծնողքին հաւատքին հիման վրայ: Մկրտուողին պարտականութիւնն է աճիլ իր հաւատքի ու շնորհքի կեանքին մէջ: Մկրտութեամբ հաւատացեալը զՔրիստոս կը հագնի (Գղ. 3.27):

Մկրտուողը կնքահօր հետ կու գայ, քահանան հարցաքննելէ ետք կնքահայրը, մանուկը կ'առնէ ու աւազանին մէջ երեք անգամ կը թաղէ Ս. Երրորդութեան անունով: Մկրտուողներ կրկին անգամ չեն մկրտուիր եւ այս մէկը յայտնի է Հաւատամքին մէջ «մի մկրտութիւն» բացատրութեամբ:

Դրոշմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մկրտութեան անբաժան մասն է դրոշմը, որ կը նշանակէ կնիք: Երեխան մկրտուելէ ետք, Ս. միւռոնով կամ սուրբ իւղով կը դրոշմուի: Դրոշմը խորհուրդ է, որովհետեւ Ս. Հոգւոյն շնորհքը կը խորհրդանշէ: Սրբալոյս միւռոնը Ս. Հոգւոյն իջումը կը խորհրդանշէ: Ծնողաց պարտականութիւնն է ութօրեայ մանուկը մկրտել ու դրոշմել եթէ բժշկական արգելիչ պայման մը չկայ:

Ապաշխարութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ապաշխարել կը նշանակէ հեծել, զղջալ, լալ կատարուած մեղքի մը համար: Թէեւ մարդ անգամ մը մկրտութեամբ ու դրոշմով կը սրբուի իր մեղքէն, սակայն իբրեւ մարդկային բնութեան հետեւանք, դարձեալ կը մեղանչէ, իսկ երբ անդրադառնայ այդ բոլորին, կը զղջայ ու կ'ապաշխարէ, որուն հետեւանքով կը վերահաստատուի իր որդեգրութիւնը: Ասիկա չի նշանակեր, թէ ապաշխարութիւնը կը քաջալերէ որ մարդը մեղանչէ, այլ ընդհակառակը, ան որ այսպէս կը մտածէ, չարաշահութիւն ըրած կ'ըլլայ հոգեւոր կեանքին մէջ, որ ինքնին մեղք է:

Մեղանչողը պէտք է սրտանց զղջայ եւ վճռէ չմեղանչել անգամ մըն ալ: Ջերմութեամբ աղօթէ եւ խոստովանի Աստուծոյ ու թողութիւն խնդրէ Անկէ: Միշտ պէտք է յիշէ, որ ան Քրիստոսի արիւնով փրկուած է եւ պարտաւոր է հետեւիլ անոր անմեղ կեանքին:

Ապաշխարութեան համար Հայ եկեղեցին հետեւեալ կանոնները սահմանած է.

  • պահք,
  • աղօթք,
  • խոստովանութիւն,
  • զղջում,
  • առաքինական եւ մարդասիրական գործեր ու պարտաւորութիւններ:

Այս բոլորը կատարելէ ետք, կ'արժանանանք քահանային թողութեան, որուն շնորհուած է Քրիստոսի կողմէ, առաքելական յաջորդականութեամբ եւ այս պատճառով պէտք չէ անյարգել հոգեւոր պաշտօնեային արժանիքը:

Հաղորդութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաղորդութիւն կը նշանակէ մասնակցութիւն, բանի մը կցորդ ըլլլալ. իսկ հոս՝ խորհրդաբար միանալ Քրիստոսի, մասնակցելով Ս. Սեղանին եւ անոր վրայ պատարագուած հացին ու գինիին: Անիկա հացի եւ գինիի ձեւին տակ Քրիստոսի մարմինին եւ արիւնին խորհուրդն է, իբրեւ հոգեւոր սնունդ հաւատացեալներուն, որ հաստատուեցաւ նոյնինքն Քրիստոսի կողմէ Վերջին Ընթրիքին վերնատան մէջ: Հացը եւ գինին չեն կերպարանափոխուիր, սակայն անոնք խորհրդաբար կը դառնան Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը: Հաղորդուելով կը նմանինք Անոր, որ մարդու փրկութեան համար իր արիւնը թափեց:

Առաքելական ժամանակներուն ամէն Կիրակի հաւատացեալները կը հաւաքուէին Տէրունական ընթրիքի, որուն ընթացքին հաց կը բեկանէին ու գինի կը խմէին: Իսկ եկեղեցւոյ կազմակերպութեան առաջին շրջաններուն՝ ամէն օր պատարագ կը մատուցուէր, եւ այս սովորութիւնը կը պահուի մինչեւ այսօր Լատին եկեղեցւոյ մէջ, սակայն նոյնը չէ Հայ եկեղեցւոյ պարագային:

Միայն մկրտուողներ կրնան հաղորդուիլ: Նախքան հաղորրդութիւն՝ հաւատացեալը պէտք է ինքնաքննութիւն կատարէ, որուն պէտք է հետեւի զղջումն ու խոստովանութիւնը: Նոյն պայմաններուն պէտք է հետեւի պատարագիչը եւս նոյնքան եւ աւելի լրջօրէն:

Պատարագի արարողութեան էական պայմաններն են հետեւեալները.

Ա) Պատարագիչը ձեռադրութեամբ եւ օծումով քահանայական պաշտօն ունեցող կղերական պէտք է ըլլայ:

Բ) Հաղորդութեան նշխարը պէտք է բաղարջ հաց ըլլայ, իսկ գինին՝ զուտ, ջուր չխառնուած:

Գ) Օրհնութեան եւ սրբագործութեան քահանայական աղօթքներ՝ երկիւղածութեամբ եւ հաւատքով բխած: Մեր եկեղեցւոյ պատարագը իր սկզբնական պարզութենէն դուրս եկաւ, մեր եկեղեցւոյ հայրապետներուն (Ս. Ներսէս Շնորհալիի, Յովհան Ոսկեբերանի, Գիրգոր Նաերկացիի) կատարած ճոխութիւններուն իբրեւ հետեւանք:

Պսակ Ամուսնութեան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամուսնութիւնը խորհուրդ է, որովհետեւ այր ու կնոջ միաւորութիւնը կը կնքուի Աստուծոյ անունով, որ հիմնուած է ողջախոհութեան վրայ, որուն նպատակը որդեծնութիւն է: «Աստուծոյ միացուցածը մարդ թող չբաժնէ» (Մտ. 9.5-6): Այս միաւորութինը Պօղոս առաքեալ կը նմանցնէ Քրիստոսի միաւորութիւնը իր հարսին՝ եկեղեցւոյ հետ:

Պսակի արարողութիւնը կը կատարէ քահանան: Սակայն Եւրոպա եւ Ամերիկա այդ մէկը վերապահուած է քաղաքային իշխանութեան, սակայն յետոյ զոյգը եկեղեցի կը դիմէ, պայմանաւ որ լրացուցած ըլլան քաղաքային ամուսնութեան արտօնութեան ձեւակերպութիւնները:

Պսակուողներ պարտաւոր են ազատ կամքով պսակուիլ: Ըստ Աւետարանին այս մէկը անլուծելի է, բացի պոռնկութեան պարագային: Սակայն հետագային, եկեղեցին պոռնկութեան պարագային կողքին շատ լուրջ հարցերով ընդունած է ամուսնալուծումը: Մարմնի անթերիութիւնը, չափահասութեան տարիքը, հեռու ազգականական կապերէ ըլլալը, այրին ու կնոջ միեւնոյն ազգին ու կրօնքին պատկանիլը, փոխադարձ յօժարութիւնը եւ սէրը, անհրաժեշտ պայմաններ են առողջ ամուսնական կեանք մը վարելու:

Կարգ Հիւադաց եւ Վերջին Օծում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարգ հիւանդացը սկզբունքով նոյնն է ապաշխարութեան, որ արդիւնքն է Աստուծմէ հեռանալուն: Անիկա կը պայմանաւորուի ապաշխարութեամբ, աղօթքով եւ Ս. հաղորդութեամբ: Իսկ վերջին օծումը հրէական հին սովորութիւն է, ըստ որուն հիւադները իւղով կ'օծեն: Այս մէկը շարունակուեցաւ առաքելական ժամանակներուն, իսկ այժմ միացուած է առաջին օծումին՝ դրոշմին, նախքան Գրիգոր Տաթեւացի: Ննջեցեալ քահանաները օծելը սովորութիւն է եւ ոչ խորհուրդ:

Ձեռնադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ձեռնադրութիւնը պատրաստուած անձերուն աստուածային պաշտօնին  նուիրման խորհուրդն է, Աւետարանը քարոզելու եւ խորհուրդները կատարելու, որ կը փոխանցուի արարողութեամբ եպիսկոպոսին ձեռքով ու կը նուիրագործուի օծումով, հետեւեալ պայմաններու հիման վրայ. չափահասութիւն, մարմնական, մտաւորական եւ հոգեկան անթերի վիճակ, նուիրումի եւ ծառայութեան ոգի, վկայութիւն բոլորին կողմէ: Նուիրապետական հիմնական աստիճաններն են սարկաւագութիւն, քահանայութիւն եւ եպիսկոպոսութիւն. իսկ մնացեալը հետագային աւելցուած են:

Երկու տեսակ քահանաներ կան. ամուսնացեալ եւ կուսակրօն: Ամուսնացեալը մեր հասկացողութեամբ Տէր Հայրն է, իսկ սարկաւագութենէն ետք բոլոր աստիճանի հոգեւորականները չեն ամուսնանար:

Հոգեւորական մը պէտք է ըլլայ համեստ, խոնարհ եւ հաւատքի ու ծառայութեան մարդ: Քահանայէն մինչեւ կաթողիկոս, իրենց դիրքին համեմատ, ծառայութեան կոչումը ունին, որ պէտք է կատարեն բոլորանուէր հոգիով ու բարի սիրտով: Իր հոգին փրկելու կարող հոգեւորականը միայն ուրիշին հոգին կրնայ փրկել: Ահաւասիկ որքան նուիրական է անոր պատասխանաուութիւնը ու ամբողջական նուիրեալ հոգի կ'ենթադրէ կատարելու իր պարտքն ու պաշտօնը:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Արշակ Տէր-Միքելեան, Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցու Քրիստոնէականը, Ս. Էջմիածին, 2007։
  2. Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան, Երեւան, 2002։
  3. Ս.Ս. Մայիլեան, Ոսկեփորիկ, մասն Բ., 1993։
  4. Ծիսական գիտելիքներ, Արտակ Արք. Մանուկեան,6-րդ տպագրութիւն, «Նայիրի» հրատարակչութիւն, Թեհրան, 1999:
  5. Հայց. Եկեղեցւոյ տօներ եւ ազգային աւանդութիւններ, Կարօ Պետրոսեան, Լոս Անճելըս, 1993
  6. Քրիստոնէական բարոյագիտութիւն