Jump to content

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ըստ Երիտթուրքերու Դատավարութեան Փաստաթուղթերուն

Դատավարութիւններէն մէկուն ժամանակ (8 Ապրիլ, 1919)

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ըստ Երիտթուրքերու Դատավարութեան Փաստաթղթերուն», ժողովածու մը, որ կ'ընդգրկէ 1919-20 թուականներուն Կոստանդնուպոլսոյ մէջ տեղի ունեցած երիտթրքական «Միութիւն եւ Յաառաջադիմութիւն» («Իթթիհատ Ուա Թարաքքի») կուսակցութեան ղեկավար գործիչներու դատավարութեան այն փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին Արեւմտահայերու տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան` Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի (1914-18) ժամանակ: Նիւթերը առնուած են 1919-20 թուականներուն Պոլսոյ մէջ հրատարակուող «Թաքուիմի Ուեքայի» («Իրադարձութիւններու Օրացոյց») թրքական պաշտօնաթերթի յաւելուածէն:

Ժողովածուն կազմուած է յառաջաբանէն եւ երեք մասէ: Յառաջաբանին մէջ համառօտ տրուած են հայերու ցեղասպանութեան իրագործման պատմութիւնը եւ 1919 թուականի Երիտթուրքերու դատավարութեան ընթացքը: Առաջին մասին մէջ տրուած են երիտթրքական կառավարութեան ղեկավարներու եւ «միութիւն եւ յառաջադիմութիւն» կուսակցութեան ԿԿ անդամներու, 2-րդ մասին մէջ՝ կուսակցութեան շրջանային պատասխանատու քարտուղարներու եւ պաշտօնեաներու, 3-րդ մասին մէջ՝ Եոզղատի, Տրապիզոնի եւ Խարբերդի տեղահանութիւնն ու կոտորածները կազմակերպողներու դատավարութեան նիւթերը:

Ժողովածուն կը պարունակէ նաեւ ամփոփումներ ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով, դատավարութեան նիւթերու լուսապատճէններ:

Ժողովածուի նիւթերը կ'ապացուցեն, որ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կատարուած հայոց ցեղասպանութիւնը պետական մակարդակով մշակուած եւ կազմակերպուած գործողութիւն էր:

  • «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ըստ Երիտթուրքերու Դատավարութեան Փաստաթուղթերուն», յառաջաբանը, թարգմանական եւ ծանօթագրութիւնները՝ ԱՅ. Հ. Փափազեանի, Է., 1988:
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։