Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Օրեպրօ, Շուէտ)

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Օրեպրօ, Շուէտ)
Պատկեր:Հայոց ցեղասպանության հուշարձան (Օրեբրո, Շվեդիա).jpg
'
Կը Գտնուի Կաղապար:Դրօշաւորում/Շուէտ, Օրեպրօ
Ներկայ վիճակ Կանգուն

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած առաջին յուշարձանը Շուէտի մէջ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուշարձանը նուիրուած է 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Տեղադրուած է 29 Մայիս 2015-ին, Շուէտի Օրեպրօ քաղաքին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու շրջանակին մէջ[1]։ Յուշարձանին վրայ հայերէն, արամերէն, յունարէն եւ շուէտերէն գրուած է. «Մենք երբեք չենք մոռնար»։

Յուշարձանին բացման միջոցառման մասնակցած են նահանգային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, հայ եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Ելոյթներով հանդէս եկած են Շուէտի մէջ գտնուող Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մար Իգնատիոս Աֆրամ Բ., Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեան, Օրեպրոյի նահանգապետ Մարիա Լարսըն եւ քաղաքային խորհուրդի նախագահ Ակնեթա Պլոմը[2]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]