Jump to content

Հայկ Օհանեան

Հայկ Օհանեան
Ծնած է 1910
Ծննդավայր Իրան
Ուսումնավայր Հայկազեան-Թամարեան Ազգային Դպրոց
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Հայկ Օհանեան (1910)

Իր սերնդակիցնհրէն շատերու նման, թափառական կեանք հւ որբի ճակատագիր ունեցած է։ Ծնած է Իրանի Ատրպատական նահանգի Րեզայիէ գաւառի Իեարտապատ գիւղին մէջ, ապա՝ 1915-1920 թափառիկ՝ ընտանիքին հետ շրջած է Կովկաս, վերստին ծննդավայր գիւղը, յետոյ Միջագետք, ու գաղթի ճամբուն վրայ կորսնցուցած է ամբողջ ընտանիքը։ 1920ին ապաստան գտած է Թաւրիզի ամերիկեան որրանոցին մէջ։ Նախակրթութիւնը ստացած է գաղթակայաններու, ապա Թաւրիզի «Հայկագնեան–Թամարեան» դպրոցին մէջ։ 1927-ին անցնելով Ատրպատականի թեմական կեդրոնական վարժարան, շրջանաւարտ եղած է 1931ին եւ նուիրուած՝ ուսուցչական եւ տեսչական պաշտօններու իրանահայ վարժարաններու մէջ։

1930-ական թուականներէն սկսեալ աշխատակցած է Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթին,«Նաւասարդ» եւ «Լոյս» հանդէսներուն եւ Պոստընի «Հայրենիք» ամսագրին։ 1944ին հրատարակած է քերթուածներու «Օրերիս երգը» հատորը, սիրոյ եւ տրտմութեան էջերու փունջ մը, գաղթականական անստոյգ կեանք ապրող մարդուն աոօրեայ ապրումներէն թելադրուած թախծոտ քանդակներ։ Ունի անտիպ բանաստեդծութիւններ, ցրուած՝ սփիւռքեան պարրերականներու եւ օրաթերթերու մէջ[1]:

Ծանօագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։