Հայկական Աշխարհ
Հայկական Աշխարհ, գրական, մանկավարժական եւ կրօնական ամսագիր, որ լոյս տեսած է 1864-1871, 1874-1879 թուականներուն, Թիֆլիսի, Շուշիի, Գանձակի, Պաքուի, Երեւանի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ Խորէն Ստեփանէ (Ստեփան Ստեփանեան)[1][2]։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթացուցած է գրական կեանքի իրադարձութիւններուն, տպագրած նիւթեր Հայաստանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, հայոց լեզուի ու գրականութեան վերաբերեալ։ Աջակցած է եւ ուղղութիւն տուած հայ մանկավարժներու գործունէութեան, անդրադարձած կանանց կրթութեան ու դաստիարակութեան հարցերուն։ Ներկայացուցած է Վիսարիոն Բելինսկիի, Նիկոլա Դոբրոլիւբովի, Դ․ Պիսարեւի եւ այլոց մանկավարժական հայեացքները։
Հանդէսին մէջ տեղ գտած են Գրիգոր Արծրունիի յօդուածներն ու հաղորդումները, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի, Պ․ Մադաթեանի (Սէիադ) բանաստեղծութիւնները, ռուս եւ եւրոպական հեղինակներու գործեր։
Լայն տեղ յատկացուցած է հայ եկեղեցւոյ, անոր պատմութեան, հայ աստուածաբանութեան հարցերուն, շեշտած կրթուած հոգեւորականներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը։ Աշխատակցած են Զ․ Գրիգորեանը, Ռուբէն Հասան-Ջալալեանը, Հ․ Քուչուբեկեանը, Հ․ Առաքելեանը եւ այլք։
1864-1965-ին կոչուած է «Հայկական Աշխարհի Կռունկ»[3][4]։ «Կռունկ Հայոց Աշխարհին» ամսագիրին շարունակութիւնն է։
Ապրիլ 1874-ի թիւին մէջ արձանագրուած է. «Հայկական աշխարհի նպատակն է կրօնական ընթերցասիրութիւն տարածել հայկազն հասարակութեան մէջ, ազգային դպրոցներու յառաջադիմութեան եւ մանուկներու կրթութեան նպաստել իւրովսանն, նոր հայկական լեզուի մշակութեան առանձին ուշք դարձնելով: Հայկական աշխարհը գրելու է մաքուր կանոնաւոր հայկական լեզուով»:
Հայկական աշխարհ կը բովանդակէր.
1.- Մանկավարժական ընտիր յօդուածներ, մանկավարժութեան ներկայ դրութեան եւ զարգացման տեղեկութիւններով զանազան լուսաւորուած աշխարհներու մէջ:
2.- Օրիորդներուն եւ պատանեակներուն օգտաւէտ ընթերցանութեան համար գրուածներ պատմական, բնագիտական, կենսագրական, ճանապարհորդական, առողջապահական եւ այլն:
3.- Կրօնական գրուածներ: Քարոզներ (թարգմանուած կամ յարմարեցուած): Սուրբ գիրքէն թարգմանութիւններ աշխարհաբար լեզուով:
4.- Աշխարհաբար լեզուի կանոններու եւ ոճերու քննութիւններ:
5.- Մանկավարժական եւ դպրոցական գրուածներու քննութիւն: Հոգեւորականներու եւ հոգեւոր դպրոցներու մասին տեղեկութիւններ: Մատենագրական տեղեկութիւններ: Զանազան մանր լուրեր:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-11
- ↑ «Համահայկական թուանշային գրադարան»
- ↑ «Վիեննայի մենաստանի մամուլի շտեմարան- ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿՌՈՒՆԿ»։ արտագրուած է՝ 2023-01-11
- ↑ «Համահայկական թուանշային գրադարան»