Jump to content

Հայաստան (պաշտօնաթերթ)

«Հայաստան», Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի պաշտօնաթերթ։ Լոյս տեսած է 1980-1987-ին, հրատարակութիւնը վերսկսած է 1991-էն։ Հրատարակող կազմակերպութեան ընդհատակեայ գործելակերպի հետեւանքով տպագրութեան վայրը, խմբագիրներու, յօդուածագիրներու անունները չեն նշուիր։ Պարբերականութիւնը անորոշ է, մօտաւորապէս՝ ամէնամսեայ։

Սկիզբը «Հայաստան»ին մէջ հայերէնի կողքին լոյս կ՚ընծայուէին նաեւ անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, ռուսերէն, թրքերէն եւ սպաներէն յօդուածներ։

1983-1987-ին հայերէն, արաբերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ թրքերէն թողարկումները լոյս տեսած են առանձին-առանձին։ 1991-էն կը հրատարակուի միայն հայերէն։

Կարգախօսներն են «Կեցցէ իրաւազրկուած ժողովուրդներու յեղափոխական միասնութիւնը», «Զինեալ պայքարը եւ քաղաքական ճիշդ գիծը ուղին են Հայաստանի»։ Կը հրապարակէ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի պաշտօնական հաղորդագրութիւնները, տեղեկութիւններ ու մեկնաբանութեաններ անոր զինուած գործողութիւններու, նահատակ ու ձերբակալուած անդամներու մասին։ Կ՚անդրադառնայ սփիւռքահայ հասարակական կեանքին, միջազգային, յատկապէս՝ մերձաւորարլեւելեան քաղաքական անցուդարձին։

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։