Հայաստան (թերթ, Թիֆլիս)
«Հայաստան», հասարակական-քաղաքական օրաթերթ։ Կը կրէր «Անդրանիկի օրգան» տիտղոսագիրը։ Լոյս տեսած է 1917-1918 -ին, Թիֆլիսի մէջ։
Խմբագիր՝ Վահան Թոթովենց։
Հրատարակութիւնը նախաձեռնած էր Անդրանիկը՝ Յովհաննէս Թումանեանի աջակցութեամբ։ Արեւմտահայերու ազգային խորհուրդի ստեղծումէն ետք դարձած է անոր խօսնակը։ Արտայայտած է արեւմտահայերու, մասնաւորապէս՝ Կովկասի մէջ ապաստանած արեւմտահայ փախստականներու շահերը։ Թերթի շուրջ ձեւաւորուած է հայ քաղաքական նոր հոսանք, որ գտնուած է Անդրանիկի քաղաքական հայեացքներու ազդեցութեան տակ, որ առաջացուցած է հայ քաղաքական որոշ կուսակցութիւններու դժգոհութիւնը։
Թերթը մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է հայկական հարցին, լուսաբանած է հայերու ցեղասպանութեան պատճառներն ու հետեւանքները, հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրները, հանդէս եկած Հայաստանի երկու հատուածներու միասնութեան ամրապնդման օգտին։ «Հայաստան»-ը պաշտպանած է հայկական հարցի լուծման երեք տարբերակ.
- Հայաստանի միացումը Ռուսաստանին եւ ռուսական հովանաւորութեան հաստատում,
- Հայաստանի ինքնավարութիւն՝ հայերու կառաւարմամբ,
- Հայաստանի ինքնավարութիւն՝ դաշնակից պետութիւններու խորհուրդի կառավարմամբ։
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։ |