Jump to content

Հայաստան Թուրանական Տիրապետութեան Տակ

Մշակութային Երեւոյթներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գրիգոր Տաթեւացիի յուշարձան (Երեւան)

Թուրանական արշաւանքներն ու տիրապետութիւնը անդարմանելի հարուած մը տուին հայ ժողովուրդին, խորտակելով անոր քաղաքակրթութիւնը եւ կասեցնելով անոր զարգացումը:

Ջիւանի

Այսուհանդերձ, այնպիսի մղիչ ուժ մը ունէր հայ հոգիին թռիչքը եւ աւանդութիւններու ժառանգը, որ հոս ու հոն տակաւին կղզիացած ստեղծագործութիւններու ականատես կ'ըլլանք, մեծ մասամբ գրուած վանքերու մէջ, որոնք հայ մտքին վերջին ապաստանները եղան:Վանքերը հայ ժողովուրդին համար արդի ժամանակներուն խաղացին այն դերը, ինչ որ Արեւմուտքի մէջ ունեցան անոնք մեծ արշաւանքներու ընթացքին, դառնալով «տեսակ մը բերդ, ուր քաղաքակրթութիւնը ապաստան գտաւ» եւ արգելք հանդիսանալով անցեալը ներկային շղթային փշրուելուն : Այս ստեղծագործութեանց շարքին, Ժգ. Դարուն յիշենք Կիրակոս Գանձակեցիի պատմութեան գիրքը, որ թանկագին տեղեկութիւններ կը պարունակէ մոնկոլներու, վրացիներու եւ աղուաններու մասին, Մաղաքիա Աբեղայի Թաթարներու Պատմութիւնը, Վարդան Արեւելցիի պատմական գործը, Յովհ. Երզնկացի աստղաբաշխութեան գրութիւնը, եւայլն : Ժդ. Դարուն մենք ունինք Ստեփանոս Օրփելեանի Սիւնաց պատմութիւնը, Հեթումի Թաթարներուն պատմութիւնը, Յովհ. Որոտնեցիի եւ Գրիգոր Տաթեւացիի աստուածաբանական գործերը: Ժե. Դարուն՝ Առաքել Դաւրիժեցիի պատմութիւն Պարսկահայաստանի մասին, Շահ Աբբասի օրով: Յիշենք նաեւ, Ժե. Դարուն, հայ բժիշկի մը՝ Ամիրտովլաթ Ամասիագիի գործերը, որոցմէ ամէնէն կարեւորն է հռչակաւոր «Անգիտաց Անպէտ» բժշկարանը, եւ վերջապէս ու մանաւանդ Ժդ., Ժե. Եւ Ժզ. Դարերուն հայ տաղերգուներու գեղեցիկ հոյլը, որոնցմէ առանձնապէս ուշագրաւ են Ֆրիկը, Կոստանդին Երզնկացին, Առաքել Բաղիշեցին, Մկրտիչ Նաղաշը, Յովհ. Թլկուրացին, Գրիգոր Աղթամարեցին, Նահապետ Քուչակը եւ Ջիւանին :

Հայկական Գորգ

Ծանօթ էն Ժե. Եւ Ժզ. Դարերու հայկական գորգերը, զուսպ եւ համաչափ ոճի մէկական գլուխ գործոցներ իրենց գունագեղութեամբ: Ի դէպ, եթէ հայկական զարդարուեստին մէջ արեւելեան ճոխութեան կը հանդիպինք, անոնց մէջ երեւան կու գայ նաեվ յատակագծի կազմութեան եւ համաչափութեան մտահոգութիւն մը:

Յիշատակենք նաեւ հայկական սքանչելի խաչքարերը, նրբօրէն քանդակուած, որոնցմէ ոմանք իսկական ժանեակներու տպաւորութիւնը կու տան:

Հայկական Խաչքար
Խաչքարեր

Հայոց Պատմութիւն, Հրանդ Փաստրմաճեան, Դ. Տպագրութիւն, Պէյրութ-2007, էջ 24-25