Jump to content

Հայաստանի Կոչնակ (թերթ)

Հայաստանի Կոչնակ
Տեսակ թերթ

«Հայաստանի կոչնակ», քաղաքական, տնտեսական, գրական-գեղարուեստական եւ կրօնաբարոյական շաբաթաթերթ (1960-էն՝ ամսաթերթ)։

Լոյս տեսած է 1900-1968-ին, Պոսթըն, Նիւ Եորք (ԱՄՆ, 1900-1919-ին՝ «Կոչնակ», 1919-1920-ին՝ «Կոչնակ Հայաստանի» անուանումներով)։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աջակցած է հայապահպանման ջանքերույն, նպաստած է սփիւռքահայութեան կապերու ամրապնդման՝ հայրենիքի հետ։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հանդէս եկած է հակաֆաշիստական դիրքերէն, լուսաբանած՝ միաւորուած ազգերու պայքարը ընդդէմ հիթլերեան Գերմանիոյ։

Ունեցած է իրաւաբանական-օրէնսդրական ծանօթութիւններու եւ խորհրդատուութիւններու բաժին։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։