Հայաստանի Զինանշան
Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանշաններէն մէկն է։ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական զինանշանի» օրէնքը ընդունուած է 19 Ապրիլ 1992-ին Գերագոյն Խորհուրդի կողմէ: Վերականգնուած է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920 թթ.) զինանշանը, որուն հեղինակներն են՝ ճարտարապետ, Ռուսաստանի գեղարուեստի ակադեմիայի ակադեմիկոս Ալեքսանտր Թամանեանը եւ նկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը: 27 Նոյեմբեր 2005-ին ՀՀ Սահմանադրութեան բարեփոխումներէն ետք, 15 Յունիս 2006-ին ընդունուած է «ՀՀ զինանշանի» նոր օրէնքը։
Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանին կեդրոնը, վահանին վրայ կը տեսնուին Արարատ լեռը՝ Նոյեան տապանով եւ պատմական Հայաստանի չորս թագաւորութիւնները. վերը ձախին՝ Բագրատունիներու, վերը աջին՝ Արշակունիներու, վարը ձախին՝ Արտաշիսեաններու, վարը աջին՝ Ռուբինեաններու զինանշանները։ Վահանին ետեւը ձախ կողմէն կանգնած է արծիւը եւ աջ կողմէն՝ առիւծը, իսկ վահանին տակ պատկերուած են սուր, ճիւղ, հասկերու խուրձ, շղթայ եւ ժապաւէն։ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի հիմնական գոյնն է ոսկեգոյնը, պատմական Հայաստանի թագաւորութիւններու գոյները՝ վերէն ձախ՝ կարմիր, վերէն աջ՝ կապոյտ, վարէն ձախ՝ կապոյտ, վարէն աջ՝ կարմիր եւ կեդրոնը՝ վահանի վրայ պատկերուած Արարատ լեռը՝ նարնջագոյն։ Նշուած գոյները կը խորհրդանշեն Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի գոյները:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զինանշան (1918-1920)
-
Հայկական ԽՍՀ զինանշան
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի Հանրապետութեան պետական խորհրդանշանները president.am կայքէջի մէջ