Համ

Համ, այն զգայութիւնը կամ տպաւորութիւնն է երբ կ'ունենանք ճաշելու ընթացքին: Համի զգայնութիւնը կը ստանանք հիմանակ լեզուի, աւելի նուազ չափով՝ քիմքի, կոկորդի եւ խռչափողի շնորհիւ:

Համի Զգայութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարդ արարածը ունի համի չորս տարբեր զգայութիւններ՝ կծու, թթու, աղի եւ քաղցր: Համի զգայութիւնը գոյութիւն ունի լեզուի մակերեսին վրայ գտնուող պտկիկներու (papillae) շնորհիւ:

Լեզուն ունի չորս տարբեր լեզուապտկիկներ, որոնք են՝

  1. Սնկապտկիկներ (fungiform papillae). այս պտկիկները լեզուի առջեւի մասին վրայ կը գտնուին, եւ լեզուի 2/3 մակերեսը կը գրաւեն:
  2. Թերթապտկիկներ (foliate papillae). այս պտկիկներ կը գտնուին լեզուի յետսմասի երկու ծայրամասերուն վրայ.
  3. Շրջեզերեայ պտկիկներ (circumvallete papillae). այս պտկիկներ 8-12 հատ են եւ կը գտնուին լեզուի յետսմասի մէջտեղի մակերեսին վրայ.
  4. Թելապտիկներ (filform papillae). այս պտկիկներ կը տարաղուին ամբողջ լեզուի մակերեսին վրայ:

Վերոյիշեալ առաջին երեք խմբաւորումները իրենց մջ բազմաթիւ մանրապտկիկներ (buds) ունին, ինչ որ կը բացակայի թելապտկիկներու մէջ: Այս լեզուապտկիկները կը գրգռուին կերակուրներու մէջ գտնուող քիմիական հիւթերով եւ համի չորս զգայութիւններ կը փոխանցուին կարգ մը փջիջներու միջոցով դէպի ուղեղի համի զգայութեան կեդրոնը: Երբ լեզուապտկիկները յաճախ կը գրգռուին՝ համի չորս զգայութիւնները կը նուազին: Համի զգայութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ մարմինի սննդառութեան մէջ. անոր միջոցով անհատը կ՛ունենայ իր նախասիրած համով եւ անհամ ուտելիքները:

Պատկեր:IMG 2234.JPG
Լեզուն Բերանը բաց վիճակի մէջ

Համի Զգայութեան Խանգարում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առողջ անձ մը, բնական պայմաններուշջ, իրարմէ կը զատորոշէ համի չորս զգայութիւնները. սակայն որոշ պատճառներով համի զգայութիւնը կը խանգարուի, կը տկարանայ եւ նոյնիսկ ամբողջովին կ'անհետանայ:

Պատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Տեղայնական պատճառներ. լեզուի բորբոքումները եւ լեզուի զօրաւոր գրգռութիւնները կը վնասեն լեզուապտկիկները եւ այս պատճառով համի զգայութեան խանգարում կը յառաջանայ: Ծխախոտի երկարատեւ գործածութինը համի զգայութեան վնաս կրնայ յառաջացնել:
  2. Արտաքին պատճառներ. արտաքին պատճառներ կը համարուին օրինակ դէմքի անդամալուծութիւն (facial paralysis), լսողական ջիղի ուռեր (acoustic neuroma), լուսնոտութիւն (epilepsy), հոգեբանական որոշ հիւանդութիւններ, վահանագեղձի (thyroid gland) դանդաղ աշխատանք, շաքարախտ, հակախլիրդային դեղերու եւ Ք.ճառագայթի գործածութիւն: Այս պարագաներուն, հիւանդին համի զգայութիւնը կրնայ նուազիլ եւ խանգարուիլ: Հիւանդը կրնայ նաեւ ունենալ լեզուի ցաւ, այրուածք, բերնի չորութիւն եւ մետաղեայ համի զգայութիւն: Այս վերջին ախտանշանները առաւելաբար կը տեսնուին այն հիւանդներուն մօտ, որոնք զօրաւոր հականեխիչ հեղուկներ կը գործածեն բերնի եւ լինտի մաքրութեան համար, ինչպէս նաեւ խոռոչատապէ, քիթի եւ կոկորդի տարբեր բորբոքումներէ տառապողները:

Դարմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համի զգայութեան խանգարումի ախտապատճառը գիտնալէ ետք դարմանումը կը դիւրանայ, սակայն կան պարագաներ երբ ախտապատճառը անկարելի կ'ըլլայ տգիտնալ եւ այս կացութեան մէջ դարմանումը կը դժուարանայ:

Բնական համի զգայութիւնը կախեալ է հոտառութենէն: Երբ հոտառութիւնը տկար է, այս պարագային համի զգայութիւնը դարձեալ կը տկարանայ: Այս երկու զգայարանքները միասին կը գործեն, եւ զգայութիւնները կը փոխանցեն ուղեղին՝ մեկնաբանելու համար:

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]