Խոռոչատապ
Խոռոչատապ | |
---|---|
|
Խոռոչատապ՝ քիթի խոռոչներու բորբոքում: Խոռոչները կը գտնուին գլխուն որոշ վայրերու մէջ, յատկապէս քիթին շրջապատը, որոնք հաւաքաբար կը կոչուին քիթի խոռոչներ:
Քիթի խոռոչներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի քիթի խոռոչներու չորս խմբաւորումներ, որոնք կ'անուանուին, ըստ իրենց ձեւին, եւ կամ իրենց գտնուած վայրին: Խոռոչներու չորս խմբաւորումներն են՝
- Ծնօտային խոռոչներ, որոնք երկու հատ են եւ կը գտնուին քիթին աջ ու ձախ կողմերը՝ դէմքին վրայ, այտին ետեւ, աչքին ստորոտը եւ քիմքին ու ծնօտային ակռաներուն վերեւ:
- Ճակատային խոռոչներ, որոնք նոյնպէս երկու հատ են եւ կը գտնուին աչքին վերեւ՝ ճակատին վրայ եւ ուղեղին առջեւ: Ուրեմն այս խոռոչները անմիջական դրացիներն են աչքերուն եւ ուղեղին: Ճակատային երկու խոռոչները երբեմն կը յայտնուին որպէս մէկ խոշոր խոռոչ՝ մասնակի բաժանմունքներով եւ երբեմն ալ կ'ըլլան թերաճ եւ կամ բոլորովին չկազմուած:
- Մաղոսկրային խոռոչներ. անոնք թիւով շատ են եւ կը գտնուին քիթի խորշերուն վերի մասին երկու կողմերը, ուղեղին յատակը եւ աչքերուն կից:
- Սեպոսկրային խոռոչ. ան մեծ խոռոչ մըն է եւ կը գտնուի քիթին ետեւ, ուղեղին յատակը եւ գանկին մէջտեղը:
Բնական պայմաններու մէջ բոլոր խոռոչները օդ կը պարունակեն: Այս խոռոչները կը բացուին քիթին մէջ յատուկ անցքերով, որոնց շնորհիւ խոռոչները անմիջական հաղորդակցութեան մէջ են մեր շրջապատին հետ:
Խոռոչներու ներքին ճնշումի աստիճանաչափը կը հաւասարի մեր շրջապատին օդային ճնշման աստիճանաչափին: Հետեւաբար, որեւէ մէկ մթնոլորտային ճնշման աստիճանաչափի փոփոխութիւն, իր անմիջական ազդեցութիւնը կ'ունենայ այս խոռոչներուն վրայ:
Առողջ խոռոչներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խոռոչները բոլորն ալ ոսկրային խորշեր են, որոնց ներքին մակերեսը ծածկուած է յատուկ խլնաթաղանթով մը, որ շարունակութիւնն է քիթին խլնաթաղանթին: Խոռոչներու խլնաթաղանթը շարունակ կ'արտադրէ որոշ քանակութեամբ խլնաթաղանթային մաքուր հեղուկ մը, որ կը հոսի յատուկ անցքերէ դէպի քիթ:
Դէմքի խոռոչները կը թեթեւցնեն գանկին ոսկրային ծանրութիւնը եւ որոշապէս կ'օգնեն ձայնատուութեան: Արբունքի շրջանին անոնք կը հասնին իրենց ամբողջական ձեւաւորման եւ վերջնական մեծութեան: Անոնք կը սկսին կազմաւորուիլ շատ փոքր տարիքէն, սակայն անոնց կազմաւորումը կախեալ է աճման գործընթացէն եւ գլխու ոսկրային ձեւաւորումէն:
Խոռոչները կրնան բորբոքիլ բոլորը միասին, ինչ որ կը յառաջացնէ ամբողջական խոռոչատապ եւ կամ կրնան բորբոքիլ առանցնաբար եւ կը յառաջացնեն մասնակի խոռոչատապ:
Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ձեւով կը յառաջանայ խոռոչատապը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խոռոչներու անցքերուն խցումով խոռոչներու խլնաթաղանթային բնական հեղուկը կը կուտակուի խոռոչներուն մէջ եւ կը ճնշէ խոռոչային խլնաթաղանթին ու ոսկրային պատերուն վրայ։ Այս հեղուկը, կուտակուելով եւ անշարժութեամբ կը թանձրանայ եւ կը թարախոտի, իսկ խլնաթաղանթը ինքնին կը բորբոքի, կը հաստնայ, կ'ուռի եւ կը սկսի արտադրել թարախային թանձր հեղուկ մը՝ խոռոչը ենթարկելով յաւելեալ ճնշումի: Հոս կը սկսին երեւիլ հիւանդութեան ախտանշանները:
Մասնակի եւ անմիջական խոռոչատապ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խոռոչներու անցքերուն խցումը կրնայ ըլլալ ամբողջական կամ մասնակի: Ամբողջական խցումի պարագային, խոռոչատապը կ'ըլլայ սուր, արագ եւ անակնկալ, իսկ մասնակի խցումով խոռոչատապը կ'ըլլայ մեղմ, դանդաղ, երկարատեւ եւ մնայուն: Այս պարագային խլնաթաղանթը կ'ունենայ անբնական երեւոյթ, ուր կ'աճին խլնաթաղանթային ցցօններ, որոնք անվտանգ ուռեր են: Ասոնք կը գրաւեն խոռոչներուն ամբողջ տարածքը եւ կամ բաժին մը:
Խոռոչներուն անցքերը կը խցուին քիթին խորշերուն խցումով: Որեւէ անբնական երեւոյթ, որ կը խցէ քիթին խորշերը, կը պատճառէ նաեւ անցքերուն խցումը, ապա՝ խոռոչատապ: Քիթին խորշերուն խցման պատճառները եւ անբնական երեւոյթները շատ են: Անոնցմէ կարելի է յիշել հետեւեալները՝
- քիթին ընդոծին խցումը, օտար մարմինի մը գոյութիւնը եւ կամ զետեղումը քիթին մէջ,
- քիթին խորշապատին աճառային եւ կամ ոսկրային ծռութիւնը,
- քիթի խլնաթաղանթային փոփոխութիւններ, պարզ հարբուխ, բեղմնափոշիի գերզգայնութիւն եւ գերզգայուն քթաբորբ,
- քիթի լաւորակ անվնաս եւ չարորակ-վտանգաւոր ուռեր,
- մթնոլորտային եւ շրջապատի, օդի ու ջուրի, ճնշումի աստիճանաչափի անակնկալ փոփոխութիւն:
Խոռոչատապի ախտանշանները այլազան են.
- Սուր խոռոչատապի պարագային ենթական կ'ունենայ բարձր ջերմ, դող, գլխացաւ, ճնշումային ցաւ դէմքին եւ գլխուն որոշ մասերուն վրայ,
- ընդհանուր հիւանդագին վիճակ,
- քիթի շնչարգելութիւն եւ չորութիւն,
- գլխացաւը անակնկալ կ'ըլլայ եւ զօրաւոր. անիկա կը զօրանայ առաւօտուն ու կը մեղմանայ յետմիջօրէին եւ աւելի նշմարելի կ'ըլլայ ոտքի կեցած միջոցին:
- Ծնօտային խոռոչատապի պարագային ենթական կ'ունենայ ծնօտային ակռաներու ցաւ:
- Ճակատային եւ մաղոսկրային խոռոչատապի պարագային ենթական կ'ունենայ աչքի եւ անոր շրջապատի ցաւ:
- Սեպոստկրային խոռոչատապի ցաւը կ'ըլլայ սաստիկ եւ մնայուն: Սուր բորբոքումի պարագային խոռոչները կը վերածուին գոց, անհաղորդ ոսկրային խուցերու՝ լեցուն թանձր խլնաթաղանթով եւ թարախով: Սուր խոռոչատապը կը կարօտի շտապ դարմանումի, այլապէս՝ երկրորդական բարդութիւններ կրնան պատահիլ:
Մեղմ եւ դանդաղ խոռոչատապի ախտանշանները հետեւեալներն են[1]՝
- ընդհանուր գլխու անորոշ ցաւ,
- դէմքի, քիմքի եւ ակռաներու անորոշ ցաւ,
- թեթեւ ջերմ,
- քիթի մասնակի խցում,
- թանձր քթահոսք,
- ախորժակի նուազում
- մարմնային ընդհանուր յոգնածութիւն:
- Ենթական կ'ունենայ աւելի լաւ տրամադրութիւն յետմիջօրէին եւ պառկած վիճակի մէջ։ Այս տեսակի խոռոչատապը կրնայ երկարիլ եւ վերածուիլ մնայունի, եթէ դարմանումի հիմնական միջոցառումները չգործադրուին:
Մնայուն խոռոչատապի պարագային,
- խոռոչներու խլնաթաղանթը կը վերածուի անբնական ուռած խլնաթաղանթի, ուր կը տեսնուին նաեւ ցցօններ (փոլիփներ), որոնք խոռոչներուն տարածքը կը գրաւեն եւ յաւելեալ ճնշում կը բանեցնեն խոռոչներուն ոսկրային պատերուն վրայ եւ նոյնիսկ կրնան փճացնել զանոնք: Ցցօնները յաճախ անցնելով խոռոչներուն անցքերէն կը յայտնուին քիթին մէջ՝ աւելի վատթարացնելով կացութիւնը, որ արդէն վերածուած կ'ըլլայ մնայուն խոռոչատապի:
Խոռոչատապի ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.
- Լսել հիւանդը եւ իմանալ անոր բոլոր գանգատները:
- Կատարել բժշկական ընդհանուր մանրակրկիտ քննութիւն եւ յատկապէս՝ վիզ-բերան-քիթ-ականջ-կոկորդ բաժինները:
- Կատարել ընթացիկ քիթի եւ դէմքի ճառագայթային եւ մասնագիտական համակարգչային շերտագրական եւ մագնիսարձագանգային նկարումներ:
- Կատարել տարրալուծարանային քննութիւններ, յատկապէս՝ արեան ճերմակ եւ կարմիր գնդիկներուն եւ քիթի խլնաթաղանթի հեղուկին:
Խոռոչատապէն դարմանուելու միջոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուր խոռոչատապը կը կարօտի շտապ դարմանումի, որ կ'ըլլայ ընդհանրապէս դեղերով: Հիւանդը կը պահուի ֆիզիքական կատարեալ հանգիստ վիճակի մէջ, այսինքն՝ կը մնայ անկողին:
Դարմանումի համար օգտագործուած դեղերն են՝ հակամանրէական, ցաւաբեկ եւ հակագերզգայնութեան դեղեր՝ հակախցիչներ, ինպէս նաեւ շոգիի ներշնչում: Հիւանդը կամաց-կամաց կ'ուղղուի դէպի բարելաւում. անոր քիթին խցումը կը մեղմանայ, քթահոսքը կը նուազի, քթահոսքը կը դառնայ նուազ թարախային՝ աւելի հեղուկային ու լպրծուն: Այս միջոցին հիւանդը պէտք է ըլլայ մասնագէտ բժիշկին հսկողութեան տակ եւ հետեւի անոր բոլոր թելադրանքներուն[2]: Սնունդը խիստ կարեւոր է, հետեւաբար՝ առողջապահական եւ սննդարար կերակուր պէտք է մատուցուի հիւանդին:
Երբեմն դեղերու գործածութիւնը անբաւարար կ'ըլլայ: Բորբոքած խոռոչներուն խլնաթաղանթը ենթակայ կ'ըլլայ սուր ճնշումի կուտակուած թարախով, ուստի վիրաբուժական գործողութիւն մը կը դառնայ պարտաւորիչ[3]:
Մեղմ եւ դանդաղ խոռոչատապի դարմանումը կ'ընթանայ սուր խոռոչատապի նման, սակայն աւելի նուազ ուժգնութեամբ:
Մնայուն եւ երկարատեւ խոռոչատապի պարագային, ուր ցցօններ կը գրաւեն ամբողջ խոռոչներուն տարածքը, դարմանումը կ'ըլլայ վիրահատումով, այսինքն՝ փոլիփներու վիրահատումով եւ կուտակուած թարախին պարպումով[4]:
Ամէն տեսակի խոռոչատապի պարագային մասնագէտ բժիշկին ուշադրութիւնը կը դառնայ խոռոչատապին հիմնական պատճառներուն դարմանումին վրայ։ Այլ խօսքով, խոռոչատապին դարմանումը պէտք է ընթանայ զուգահեռաբար քիթին խցումին հիմնական պատճառներուն դարմանումին հետ:
Խոռոչատապէն յառաջացած բարդութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խոռոչատապին պատճառով կը յառաջանան որոշ բարդութիւններ: Անոնք կը յայտնուին, երբ դարմանումը ուշանայ եւ կամ կատարեալ տեղի չունենայ: Խոռոչատապին բարդութիւնները անհաճոյ են եւ երբեմն վտանգաւոր: Խոռոչներուն բորբոքումը կրնայ տարածուիլ անմիջական յարակից վայրեր, մասնաւորաբար աչքերուն, ուղեղին եւ ակռաներուն. բորբոքումը կրնայ արեան միջոցաւ տարածուիլ հեռակայ վայրեր: Մանրամասնելով, հետեւեալ բարդութիւնները կրնան պատահիլ՝
- կոպերու ուռեցք,
- տեսողական խանգարումներ,
- երկտեսութիւն,
- խոր աչքացաւ,
- աչքի պալաներ եւ բորբոքում,
- արտակապճութիւն,
- խելապատապ,
- ուղեղային թարախատոյտ,
- ուղեղատապ,
- մնայուն գլխացաւ եւ փսխունք[5],
- մարմնական ցնցումներ,
- բարձր ջերմ,
- խոռոչներու ոսկրատապ
- խոռոռչաբերանային կեղանկ
- անբնական անցքի ստեղծում
- քիթին եւ բերանին միջեւ մնայուն թարախային քթահոսք,
- խոռոչներու թարախային եւ ոչ թարախային խլնաթաղանթային ուռեցքներ:
Խոռոչատապ՝ առանց քիթի հիւանդագին երեւոյթներու
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խոռոչատապ կրնայ յառաջանալ առանց քիթի հիւանդագին երեւոյթներու:
Այս մէկը տեղի կ'ունենայ երեք ձեւերով.
- Յաճախ ծնօտային ակռաներու արմատները անբնականօրէն կը գտնուին խոռոչներուն մէջ։ Ասիկա կրնայ ըլլալ ընդոծին կամ ծնօտային ակռաներու հատումի ընթացքին: Խոռոչներուն մէջ գտնուած ակռաներու արմատները կրնան բորբոքիլ եւ խոռոչատապ կը յառաջացնեն :
- Յաճախ բորբոքած ակռաներու արմատներուն մէջ կը յառաջանան քանդիչ տոպրակներ, որոնք կը մաշեցնեն խոռոչներուն ստորին պատերը եւ պատճառ կը դառնան խոռոչատապի:
- Երբեմն խոռոչներուն անցքերը կը խցուին մեր շրջապատին մթնոլորտային ճնշումին աստիճանաչափին փոփոխութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք խոռոչատապ կը յառաջանայ: Ասոր կ'ընկերանայ ընդհարնապէս քիթի արիւնահոսութիւն: Ասիկա կը պատահի օդանաւի ճամբորդութեան, լողալու կամ սուզուելու ընթացքին:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Զգոյշ, Գ. տարի- Թիւ 3, 2017: