Jump to content

Հալքի (Տոտեքանիսա)

Կղզի
Հալքի
Χάλκη
Հալքի․ Էպորիօ նաւահանգիստը
Երկիր Յունաստան, էգէական ծով
Շրջան Տոտեքանիսա
Հալքի, դիրքը

Հալքի (յուն․՝ Χάλκη ), հարաւ-արեւելեան Էգէականի կղզի, Տոտեքանիսա, Յունաստան։

Հակիրճ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գտնուի Ռոտոսին արեւմուտքը, Թիլոսին հարաւ-արեւելքը։ Տարածութիւնն է 26,988 քլ․², ծովեզր՝ 34 քլ․, իսկ բնակչութեան թիւը՝ 478։ Բարձրագոյն գագաթն է Մերովիղլի (593 մեթր)։ Կղզիին մակերեսը լեռնային եւ անբերրի է։

Հալքիին եւ Ռոտոսի միջեւ կը գտնուին բազմաթիւ կղզիակներ, ժայռակղզիակներ եւ խարակներ, ինչպէս օրինակ Ալիմիա, Այիոս Թէոտորոս, Քրեւաթիա, Մաէելոնիսի եւ Թրաղուսա։ Իսկ Հալքիին եւ Թիլոսին միջեւ կը գտնուի Անտիթիլոս։

Հալքի յայտարարուած է «Խաղաղութեան եւ երիտասարդներու բարեկամութեան միջազգային կեդրոն» [1]։ Այդ պատճառով կղզին ամէն տարի կ՛ այցելեն մեծ թիւով երիտասարդներ։

Հալքի եւ կղզիակներ Քոլոֆոնաս, Փանօ Փրասուտա, Թրաղուսա, Սթրոկիլի, Այիոս Թէոտորոս, Մաէլոնիսի, Ալիմիա, Քրեւաթիա, Նիսաքի, Մաքրի եւ ծովափնիայ շրջանները, ընդհանուր տարածութեամբ 353,2 քլ․² յայտարարուած են «NATURA 2000» Բնապահպանման Գօտի GR4210026[2] արձանագրութեամբ. Եւրոպայի տարածքին կարեւոր շրջան թռչուններու պահպանման համար։ Կղզին կը հիւրասիրէ հազուագիւտ թռչուններու լուրջ թիւ մը, ինչպէս օրինակ՝ բազէ (Falco eleonorae տեսակ), Էգէականի ճայ (αιγαιόγλαρος), գեղգեղող (Sylvia rueppelli), եւայլն։

Պատմական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կղզին բնակուած է նախապատմական ժամանակաշրջանէն։ Ըստ դիցաբանութեան, առաջին բնակիչները տիտանները եղած են։ Փելասղիները կղզին ապրած են բաւական տարիներ, ձգելով բաւական կառոյցներ։ Անոնց կը յաջորդեն Քարեսները, Դորիացիները եւ աւելի ուշ Փիւնիկեցիները։ Փեֆքիա շրջանը կը գտնուին Ափոլոնաս աստուծոյ նուիրուած երեք տաճարներու հետքեր։ Ք․Ա․ 5-րդ դարուն Աթէնքի դաշնակից եղած է։ Ատկէ ետք, կախեալ կ՛ ըլլայ Ռոտոսէն եւ կը հետեւի անոր։

ԺԹ․ դարուն Հալքիին մէջ, ինչպէս նաեւ Սիմի, Քալիմնոս, Քասթելոռիզօ եւ Քասոս կղզիներուն մէջ սպունգի ձկնորսութիւնը եւ առեւտուրը կ՛ աճի, թափ տալով կղզիին զարգացման։

[3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]