Կրիաներ
Կրիաներ (լատիներէն՝ Testudines) սողուններու դասին պատկանող զրահաւոր ցամաքի եւ ջուրի կենդանիներ են։ Կը տարածուին համարեայ ամբողջ երկրագունդով մէկ։ Յայտնի է, որ կրիաներու առանձին տեսակներ գոյութիւն ունեցած են 157 միլիոն տարի առաջ[1] եւ կը հանդիսանան սողուններու դասի ամենէ հին խումբը, աւելի հին, քան մողէզներու, օձերու կամ կոկորդիլոսներու խումբերը։
Կրիաները կը սերին ցամաքային հնագոյն, անհետացած սողուններու մէկ ճիւղէն՝ կատիլոզաւրերէն։ Դարաւոր զարգացման ընթացքին, անոնցմէ շատերը՝ աստիճանաբար, ընտելացած են անուշահամ ջուրերուն եւ ծովերուն մէջ ապրելու պայմաններուն։ Այժմ յայտնի է կրիաներու 327 տեսակներ, որոնցմէ երեքը՝ միջերկրածովեան, կասպիական եւ ճահիճի կրիաները, զորս կը հանդիպինք Հայաստանի տարածքին։
Կրիաները երկարակեաց կենդանիներ են։ Առանձին տեսակներու կեանքի տեւողութիւնը կը հասնէ մինչեւ 120 տարի։ Ամենաերկարակեացները, կրնան ապրիլ մինչեւ 170 տարի։
Կազմուածք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կրիաներն իրենց արտաքինով կը տարբերուէն միւս կենդանիներէն՝ շնորհիւ պատեանի։ Պատեանը կրնայ ունենալ ոսկրային կառուցուածք կամ լինել փափուկ, մաշկային, ինչպէս ծովերը բնակուող կրիաներու մօտ է։
Զրահի ձեւը թոյլ կը տայ պարզելու, թէ ինչպիսի կեանք կը վարէ կրիան։ Կրիաներէն շատերն ունեն մեծ, գմբեթանման զրահ, ինչը կը դժուարացնէ, որ գիշատիչները ջարդեն անորը իրենց երախին մէջ։ Քանի մը բացառութիւններէն մին Ափրիկէի բլիթանման կրիան է, որի զրահն ունէ տափակ ձեւ, ինչը թոյլ կը տայանոր թաքնուիլ ժայռերուն ծերպերը։
Ջուրի կրիաներէն շատերը նոյնպէս ունեն տափակ, շուրջհոսելի զրահներ, ինչը լողնալիս կը նւազեցնէ ջուրի դիմադրութւնը։ Ի տարբերութիւն իրենց ցամաքային դանդաղաշարժ ցեղակիցներու՝ ծովերում ապրող կրիաները հիանալի արագաշարժ լողորդներ են։
Կրիաներու զրահներու գոյները կրնան տարբեր ըլլալ։ Սովորաբար դրանք կըլլան են դարչնագւյն, սեւ կամ ձիթենու կանաչ գոյների։ Որոշ դեպքերին զրահն կ'ունենaj կարմիր, նարնջագոյն, դեղին կամ մոխրագոյն երանգներ։
Առանձին ուշադրութեան են արժանի կրիայի զրահի մեջքի մասի նախշերը, որոնք բազմազան են եւ տարբեր տեսակներու մոտ՝ տարբեր։
Բազմացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բոլոր տեսակներու, անգամ ջուրերը բնակուող, կրիաները կը ձուադրէն ցամաքը։ Կը դնէն 1-400 ձու։ Էգերը ձուերը կը թաղէն աւազի կամ հողի մէջ եւ իրենց սերունդի համար այլեւս չեն մտահոգուէր։ Ձուից դուրս ելած փոքրիկ կրիաներն անմիջապէս կը սկսինն ինքնուրոյն կեանք վարիլ։ Սկզբնական շրջանը նրանք կ'աճէն, հետագային աճը կը դանդաղէ։ Հետաքրքիրն այն է, որ կրիաները կ'աճէն կյանքի ամբողջ ընթացքին։ Կրիաները կրնան ապրիլ շատ երկար եւ կը համարուին ամենէ երկարակեաց սողունները։
Սնունդը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կրիաներուն սնունդը մեծապէս կախուած է այն միջավայրէն, ուր կ'ապրին։ Ցամաքային եւ ծովային կրիաները առաւելապէս բուսակեր են, բայց ծովային կրիաները երբեմն նաեւ ձուկ կ'որսան։ Անոնք նոյնիսկ կ'ուտեն սպունգներ եւ այլ փափկամարմիններ։ Կրիաները ունին նաեւ քանի մը ամիս անօթի մնալու կարողութիւնը։
Կրիաներու տարբեր տեսակներ.
իւղաբլիթաձեւ, միջերկրածովեան եւ քաղցրահամ ջուրերու |
Զինանիշներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- «Ի՞նչ է, ո՞վ է» հանրագիտարան, 2-րդ հատոր։
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Փիպոտիի Բնութեան Պատմութեան Թանգարանի Տեղեկագիրք http://www.bioone.org/doi/abs/10.3374/0079-032X%282007%29483%3APROMT2.0.CO%3B2 http://www.geo.uni-tuebingen.de Անգլերէն Վերցուած է 2016 Ապրիլի 13-ին
|