Կռթալ Եւ Փքուածութիւն
Կռթալ կամ զկռթալ կը նշանակէ ստամոքսին օդը կոկորդէն եւ բերանէն դուրս արտահանել:
Կռթալ, զկռթալ կամ բղկալ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բնական պայմաններու մէջ ամէն մարդ ուտելու եւ խմելու ընթացքին որոշ քանակութեամբ օդ կը կլլէ:
Կուտակուած օդին մեծ մասը ընդհանրապէս յետադարձութեամբ, մեղմօրէն եւ կամ ուժգնութեամբ, ստամոքսէն կը մղուի դէպի որկոր եւ բերան: Այս գործողութիւնը կը կոչուի կռթալ, զկռթալ կամ բղկալ, որ կը նկատուի բնական երեւոյթ: Կլլուած օդին մէկ մասը կը մտնէ բարակ աղիքներ եւ ներծծուելով անոր պատերէն` կը մտնէ արեան շրջագայութեան: Օդ պարունակող արիւնը կը հասնի թոքեր եւ հոն տեղի կ'ունենայ օդի արտահանումը թոքերէն դուրս:
Հիւանդագին երեւոյթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զկռթոցը կը նկատուի հիւանդագին երեւոյթ, երբ ան ըլլայ մնայուն-շարունակական: Այս հիւանդագին երեւոյթը կը յառաջանայ անզգալաբար բնականէն շատ աւելի օդ կլլելով, որ կը պատահի հետեւեալ պատճառներով.
- Ջուրը եւ բոլոր հեղուկները արագօրէն խմելով,
- Պառկած, հորիզոնական վիճակի մէջ ուտելով եւ խմելով,
- Ծամոնի գործածութեամբ,
- Ծխախոտի երկարատեւ գործածութեամբ,
- Կարծր շաքարեղէններ ծծելով,
- Կազ պարունակող զովացուցիչներ խմելով,
- Անձկալից եւ ջղագրգիռ վիճակ ունենալով,
- Կամովին արագ շնչառութեամբ,
- Առատ լորձունքի արտադրութեամբ,
- Որկորա-ստամոքսային յետադարձութեան գոյութեամբ:
Փքուածութիւն եւ փորի ցաւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փքուիլ` կը նշանակէ օդով եւ կամ կազով ուռիլ, ընդլայնիլ: Այս գործողութիւնը կը կոչուի փքուածութիւն: Փորի փքուածութիւնը հիմնականօրէն ստամոքսի եւ կամ աղիքներու օդով կամ կազերով ընդլայնումն է:
Փորի փքուածութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւով.
Ա.- Երկարատեւ-մնայուն, որ հետեւանքն է`
ա.- Ներորովայնային հեղուկի, որ կը պատահի զանազան ներորովայնային հիւանդութիւններու պատճառով,
բ.- Ներորովայնային ուռերու եւ ճարպի,
գ.- Ներորովայնային ծաւալած օրկաններու:
Բ.- Անցողակի-ժամանակաւոր, ուր փքուածութիւնը կ'ըլլայ ընդհատումներով՝
Ժամանակաւոր փորի փքուածութիւնը տեղի կ՛ունենայ զանազան պատճառներով, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.
ա.- Կլլուած օդ, որուն մեծ տոկոսը կը կուտակուի ստամոքսին մէջ եւ պզտիկ մէկ տոկոսը ստամոքսէն անցնելով` կը հասնի բարակ աղիքներ,
բ.- Առատ կազի արտադրութիւն աղիքներուն մէջ, որ տեղի կ'ունենայ հետեւեալ պատճառներով`
1.- Սննդանիւթերու ոչ ամբողջական մարսում
2.- Ցպկամարմիններու բնականէն աւելի մեծ թիւով ներկայութիւն աղիքներուն մէջ
3.- Աղիքներու խցում, որ տեղի կ'ունենայ`
- Ներաղիքային փոլիփներով,
- Ներաղիքային խլիրդով,
- Աղիքային բորբոքումներով,
- Աղիքային հանգոյցներով,
- Աղիքներու անբնական գործունէութեամբ, ծուլութեամբ եւ գրգռութեամբ:
Փորի փքուածութիւնը կ'անհետանայ հետեւեալ միջոցառումներով.
1.- Մնայուն փքուածութեան պարագային`
Դարմանել հիմնական ախտապատճառները
2.- Ժամանակաւոր փքուածութեան պարագային`
Հետամուտ ըլլալ բնականէն աւելի աղիքային կազեր չունենալու, այսինքն`
- Հետեւիլ առողջ սննդականոնի
- Դարմանել ներաղիքային բոլոր հիւանդութիւնները`դեղերով եւ վիրաբուժութեամբ:
Բնականէն շատ աւելի քանակութեամբ կլլուած օդը կը լայնցնէ եւ կ'ուռեցնէ ստամոքսը: Այս ընդլայնումը կը պատճառէ փքուածութիւն եւ փորի ցաւ: Զկռթոցով կը մեղմանան փքուածութիւնն ու փորի ցաւը: Ուրեմն փքուածութեան անմիջական պատճառը ստամոքսին օդով ընդլայնումն է:
Զկռթոցի ընթացքին որկորի վարի բերանը կը բացուի սեղմիչ մկաններու թուլացումով, ստոծանին կը մղուի դէպի վար եւ խռչափողի երկու իրական ձայնալարերը իրարու մօտենալով` կը խցեն խռչափողը, որպէսզի ստամոքսի պարունակութիւնը ըմբան հասնելէ ետք չմտնէ խռչափող: Սակայն հազուագիւտ պարագաներուն ձայնալարերը իրարու չեն մօտենար եւ խռչափողը կը մնայ բաց վիճակի մէջ: Այս պարագային ստամոքսէն բերան հասած ստամոքսային պարունակութիւնը շատ դիւրաւ կ'ուղղուի դէպի խռչափող եւ թոքեր: Այս կացութիւնը կրնայ ստեղծել շնչառութեան դժուարութիւն եւ թոքերու բորբոքում:
- Զկռթոցը հակակշռելու միջոցառումներ,
- Հրաժարիլ օդ կլլելու սովորութենէն,
- Հրաժարիլ կամովին զկռթելէ,
- Ուտել եւ խմել նստած վիճակի մէջ եւ դանդաղօրէն,
- Շատ ծամոն եւ ծխախոտ չգործածել,
- Ապրիլ ուրախ եւ լաւ տրամադրութեամբ, հեռու`անձկութենէ,
- Արագ չշնչել,
- Լորձնաբեր գեղձերը գրգռող կերակուրներ չուտել, որպէսզի առատ լորձունք չարտադրուի բերնին մէջ,
- Դարմանել ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւնը[1]: