Ծամոն
Ծամոն[1][2], հրուշակեղէնի արտադրանք։
Օգտագործման ընթացքին, ծամոնը ծաւալով գրեթէ չի փոքրանար, բայց բոլոր յաւելումները աստիճանաբար կը չքանան, որմէ ետք հումքը կը դառնայ անհամ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարդիկ երկար ատեն ծամած են կարգ մը ծառերու աւիշը:
Մեքսիքոյի Եուքաթան շրջանի հսկայական անտառներուն մէջ մայաները կը ծամէին պտուղի մը չիքըլ կոչուած աւիշը: Այս կաթի նման թանձր չիքըլը անոնց կարելիութիւնը կու տար իրենց ստամոքսը խաբելու, ինչպէս նաեւ` ակռաները մաքրելու:
Մեքսիքացի զօրավար Անթոնիօ Լոփէզ տը Սանթա Աննա, որ նաեւ կը սիրէր չիքըլ ծամել, 1869-ին կը վտարուի իր երկրէն յեղափոխութեան պատճառով: Ան կը հասնի Նիւ Եորք` իր պայուսակներուն մէջ փոխադրելով 250 քիլօ չիքըլ. ան կ'ուզէր հարստանալ` առաջարկելով ձգախէժը չիքըլով փոխարինել: Սակայն ան չի յաջողիր եւ կը ստիպուի վերադառնալ Մեքսիքա: Ան իր այդ ապրանքը կը ձգէ իր քարտուղարին` Թոմաս Ատամսին քով: Կ'ըսեն, որ տեսնելով դեղարանէն ծամուելիք «պոնպոն» գնող աղջնակ մը, ան կը յղանայ չիքըլը ծամոնի վերածելու գաղափարը:
Համը բարելաւելու բազմաթիւ փորձերէ եւ գիւտը արձանագրելէ ետք, գործատէր Ուիլիըմ Վրիկլի Ճիւնիոր մեծ ծանուցումներու միջոցով ծամոնը շուկայ կ'իջնէ Ամերիկայի ամբողջ տարածքին, 20-րդ դարու սկիզբը, ձրիօրէն բաժնելով նմուշներ: Ծամոնը շատ մեծ յաջողութիւն կը գտնէ:
Ծամոնը Հին ցամաքամաս կը հասնի Ա. Համաշխարհային պատերազմին ընթացքին, ամերիկացի զինուորներուն միջոցով: Ամերիկեան Կարմիր խաչը 1918-ին 4,5 միլիոն ծամոն կը ղրկէ Ֆրանսայի մէջ գտնուող ամերիկացի զինուորներուն համար: Ամբողջ Եւրոպայի մէջ մարդիկ կը թափին ծամոններուն վրայ եւ ապսպրանքները կը բազմապատկուին: Շատ շուտ եւրոպական ընկերութիւններ ալ կը սկսին ծամոնի արտադրութեան: Ծամոնի պատրաստութեան մէջ այլեւս չիքըլ չի գործածուիր, այլ` ուտուելիք արուեստական ձգախէժ, որուն վրայ կ'աւելցուին համեր, շաքար եւ տարբեր տեսակի ուտուելիք ներկեր:
Ծամոնէ արձաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իտալացի Մորիծիօ Սաւինի ծամոններ կը գործածէ անասուններու կամ առարկաներու տարօրինակ արձաններ շինելու համար:
Հռոմի համալսարանին մէջ ճարտարապետութիւն ուսանելէ ետք, այս արուեստագէտը աշխատած է տարբեր երկիրներու մէջ, ապա վերադարձած է իր ծննդավայրը` միտքին մէջ ունենալով յատուկ ծրագիր մը` արձաններ շինել, վարդագոյն ծամոնով:
Ան ծամոնները թուղթերէն կը հանէ, զանոնք կը տաքցնէ կակուղցնելու համար եւ, վերջապէս, զանոնք կը դնէ գաճէ կաղապարներու մէջ: Ապա ան իր տարբեր տեսակի արձաններուն վրայ կը քսէ յատուկ նիւթ մը, զոր ինք անձամբ կը պատրաստէ[3]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Հայերէն բացատրական բառարան, Ստեփան Մալխասեանց - ծամոն»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2024 թ․ հունվարի 11
- ↑ «Արդի հայերենի բացատրական բառարան, Էդուարդ Բագրատի Աղայան - ծամոն»։ www.nayiri.com։ արտագրուած է՝ 2024 թ․ հունվարի 11
- ↑ Ծամոն
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ծամոն ծամելու մասին Archived 2018-11-17 at the Wayback Machine.
- Արդեօ՞ք վնասակար է ծամոն ծամելը