Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութիւն

Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւն, Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցի, Կոստանդնուպոլսոյ աթոռ, Ընդհանրական եկեղեցւոյ հինգ տիեզերական պատրիարքութիւններէն կամ Աթոռներէն։ VI դարէն կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան հիմնադրումը, ան առաքելական յայտարարելու մտահոգութեամբ, վերագրուած է Անդրէաս առաքեալին:

Ստեղծումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցւոյ առաքելական ըլլալուն հանգամանքը մերժած է Հռոմի եկեղեցին, որ պնդած է, թէ Բիւզանդիոնը (հետագային՝ Կոստանդնուպոլիս) միայն 3-րդ դարուն դարձած է եպիսկոպոսանիստ քաղաք։ Կոստանդնուպոլսի Բ տիեզերական ժողովի (381) ընդունած 3-րդ կանոնի (հայերէն թարգմանութեան մէջ՝ 2-րդ) համաձայն, Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը ճանաչցուած է երկրորդը՝ Հռոմի աթոռէն ետք։ Քաղկեդոնի ժողովի (451) 28-րդ կանոնը եւս Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը ճանաչցած է երկրորդը Հռոմի աթոռէն ետք՝ ընդունելով, սակայն, որ ան կը վայելէ Հռոմի աթոռի հետ աւագութեան հաւասար պատիւ։ Երկու ժողովներու որոշումներն ալ ուղղուած էին Ալեքսանդրիոյ աթոռի դէմ, որ գերիշխող դիրք եւ հեղինակութիւն ձեռք բերած էր քրիստոնեայ Արեւելքին մէջ։ 691 թուականի Կոստանդնուպոլսոյ ժողովի 36-րդ կանոնով հաստատած են նախորդ երկու ժողովներու ընդունած որոշումները։ Ըստ այդ կանոնի, քրիստոնեայ աշխարհին մէջ հաստատուած է 5 տիեզերական աթոռներու հետեւեալ աստիճանակարգը՝ Հռոմ, Կոստանդնուպոլիս, Ալեքսանդրիա, Անտիոք եւ Երուսաղէմ: Ձգտելով հասնիլ Կոստանդնուպոլոլսոյ պատրիարքութեան գերագահութեանը՝ բիւզանդացի Յուստինիանոս Ա կայսրը (527–565 թուականներ) Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցին անուանած է «գլուխ համայն եկեղեցիների»:

Երբ 7-րդ դարէն արաբներն ու իսլամը տիրած են արեւելքի երեք պատրիարքութիւններուն վրայ (Ալեքսանդրիա, Անտիոք, Երուսաղէմ), Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը Արեւելքի մէջ մնացած է «ուղղափառութեան» միակ պատուար։ 9-րդ դարու կէսէն կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցին ընդհարուած է Հռոմի եկեղեցւոյ հետ։ Վերջինս ձգտած է իր գերագահութիւնը հաստատել բոլոր եկեղեցիներու հանդէպ՝ պահանջելով ճանչնալ իրեն Ընդհանրական եկեղեցւոյ միակ ղեկավար։ Կոստանդնուպոլսոյ Փոտ պատրիարքը (858–867 թուականներ, 877–886 թուականներ) մերժած է այդ պահանջը, որ առաջ բերած է խզըւմ, այսպէս կոչուած՝ «սխիզման» Հռոմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցիներու միջեւ։ Երկու եկեղեցիները վերջնականապէս առանձնացած են 1054 թուականին, երբ միմեանց նզոված են Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքն ու Հռոմի պապը։ Խզումը աւելի խորացած է դաւանական վէճերու պատճառով։ Սուրբ Հոգիի բխման (լատ.՝ Filioque) վարդապետութիւնը, որ 10-րդ դարուն պաշտօնապէս ընդունած էին Հռոմի եկեղեցին եւ ամբողջ Արեւմուտքը, քաղաքականէն զատ, դաւանապէս եւս բաժանած է երկու եկեղեցիները։

Գործունէութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոնստանդնուպոլսոյ տիեզերական ժողով

Մինչեւ Կոստանդնուպոլսոյ անկումը (1453 թուական) ութ փորձ կատարուած է Հռոմի եւ Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցիներու միջեւ առաջացած վիհը կամրջելու համար, բայց բոլորն ալ՝ անյաջող։ Երբ թուրքերը գրաւած են Կոստանդնուպոլիսը եւ սուրբ Սոֆիայի տաճարը վերածած մզկիթի (1453 թուական), պատրիարքարանը բազմիցս տեղափոխուած է, իսկ 1600 թուականէն հաստատուած Ֆանար թաղամասի դարպասի մօտ՝ Սուրբ Գէորգ տաճարին մէջ, ուր կը գտնուի մինչեւ �օրս։ Թրքական տիրապետութեան շրջանի առաջին պատրիարք Գեննադիոս Սքոլարիոսը ջանքեր թափած է շարունակելու Կոստանդնուպոլսոյ փիլիսոփայական դպրոցի գործունէութիւնը։ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի շարք մը քաղաքներուն մէջ հիմնադրուած են բազմաթիւ դպրոցներ, որոնք վառ պահած են յոյներու մէջ քրիստոնէական կրօնը եւ ազգային նկարագիրը թրքական երկարատեւ տիրապետութեան ժամանակ։

Պատրիարքի ընտրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքին ընտրած են անոր ենթակայութեան տակ գտնուող մետրոպոլիտութիւններու ղեկավարները, որոնց վերապահուած էր նաեւ պատրիարքին գահընկեց ընելու իրաւունքը։ Գործնականին մէջ վերջին խօսքը պատկանած է կայսրին։ V դարէն սկսած Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքը կարեւոր դեր խաղցած վ կայսրի թագադրութեան հանդէսին։ Մինչեւ 1453 թուականը (երբ թուրքերը գրաւած են քաղաքը) Կոստանդնուպոլսոյ աթոռը ունեցած է 135 պատրիարք։ Թրքական նուաճումէն ետք Տիեզերական պատրիարքը համարուած է բարձր պաշտօնեայ եւ հաստատուած սուլթանական բերատով։ Չնայած Լոզանի խորհրդաժողովին մէջ (1923 թուական) թրքական պատուիրակութիւնը չէ կրցած պատրիարքութիւնը հեռացնել քաղաքէն, բայց զայն զրկած է շարք մը իրաւասութիւններէն։

Հուստինիանոս I կայսրը

Ներկայիս անոր ենթակայ են յունական սփիւռքը, իսկ Յունաստանը ունի իր արքեպիսկոպոսը։ Այժմ՝ Թուրքիոյ տարածքին մնացած են Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան ենթակայ չորս մետրոպոլիտութիւններ, որոնք կը կրեն հին մետրոպոլիտութիւններու անուանումները՝ Քաղկեդոնի, Խալդիոյ, Լաոդիկիայի, Սարդիսի եւ Փիլադելփիոյ, բայց չունին հոտ։ Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը իր շուրջ 1700-ամեայ գոյութեան ընթացքին ունեցած է յարաբերութիւննր Հայոց կաթողիկոսութեան հետ։

Բիւզանդական կայսրութեան սահմաններէն դուրս գտնուող քրիստոնէական եկեղեցիներու հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը գործած է քաղաքական իշխանութիւններու հետ ձեռք ձեռքի տուած։ Կայսրերը դաւանական հարցերը օգտագործած են քաղաքական խնդիրները սքօղելու համար։ Դեռ 417 թուականին Սահակ Ա Պարթեւ Հայոց կաթողիկոսը գրագրութիւն հաստատած է Կոստանդնուպոլսոյ Ատտիկոս պատրիարքի (406–425 թուականներ) հետ, խնդրելով անոր միջնորդութիւնը կայսրէն թոյլտուութիւն ստանալու՝ Հայաստանի բիւզանդական մասին հայկական դպրոցներ բանաելու, ինչպէս նաեւ իր իրաւասութիւնները այստեղ եւս տարածելու համար։ Եփեսոսի Գ տիեզերական ժողովէն (431 թուական) ետք Կոստանդնուպոլսոյ Պրոկղ (Պրոկլոս) պատրիարքը (434–446 թուական), Հայաստանին մէջ նեստորականութեան տարածումը կանխելու նպատակով, նամակագրութիւն ունեցած է Սահակ Ա Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի հետ եւ զգուշացուցած նեստորականութեան վտանգի մասին։

Ներսէս Շնորհալի

Միաժամանակ ուղարկած է Եփեսոսի ժողովի ընդունած վեց կանոնները եւ Սուրբ Գրոց ստուգուած բնագիրները։ Քաղկեդոնի ժողովի հետեւանքով, երբ տրոհուած է Ընդհանրական եկեղեցին, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը, որ ընդունած էր Քաղկեդոնի հանգանակը, քրիստոնեայ Արեւելքին մէջ որոշ ժամանակ մնացած է առանձնացած։ Քաղկեդոնի երկաբնակ դաւանութիւնը մերժած էին Ալեքսանդրիոյ, Անտիոքի եւ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնները։ Հայ եկեղեցին եւս, քիչ աւելի ուշ, իր յստակ հակաքաղկեդոնական դիրքորոշումը յայտնած է։ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը եւ բիւզանդական կայսրերը եկեղեցիներու միջեւ առաջացած վիհը կամրջելու բազմաթիւ փորձեր կատրած են 5-7-րդ դարերուն:

Պատրիարքութիւնը մեծ տեղ յատկացուցած է Հայ եկեղեցւոյ՝ ձգտելով անոր միջոցով իր ազդեցութիւնը տարածել Քաղկեդոնի ժողովը մերժած հայերու, ասորիներու, վրացիներու վրայ՝ ի հակակշիռ Պարսկաստանի։ Բիւզանդական Զէնոն կայսրի 482 թուականի հրապարակած «Հենոտիկոնը» (Միութեան գիր), 6-րդ դարու սկզբին անաստաս կայսրի՝ Արեւելքի ուղղափառներուն սիրաշահելու եւ քաղկեդոնականներուն հալածելու քաղաքականութիւնը, Կոստանդնուպոլսոյ սերգիոս պատրիարքի (610–638 թուականներ) եւ Հերակլիոս կայսրի առաջ քաշած միակամութեան վարդապետութիւնը, ինչպէս նաեւ 553 թուականի Կոստանդնուպոլսոյ ժողովի (անուանուած 5-րդ տիեզերական ժողով) որոշումները՝ ուղղուած նեստորականութեան պարագլուխներու (այսպէս կոչուած՝ «երէք գլուխներիէ դատապարտում») դէմ, կոչուած էին Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան կողմը գրաւած Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներուն եւ ուժեղացնել կայսրութեան քաղաքական ազդեցութիւնը Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու վրայ։ Արաբական տիրապետութեան շրջանին (7-9-րդ դարերուն) Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան եւ Հայ եկեղեցւոյ փոխ յարաբերութիւնները գրեթէ ընդհատուած են։

Պիւրոսի գործունէութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միայն մէկ անգամ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Պիւրոսը (638–641, 654 թուականներ) եւ Կոստանդ II կայսրը Հայոց Ներսէս Գ Տայեցի կաթողիկոսին եւ Հայոց սպարապետ թէոդորոս Ռշտունիին դիմած են երկու եկեղեցիներու միութիւն հաստատելու կոչով։ Ան քննարկուած է Դուինի 648 թուականի ժողովին մէջ եւ մերժուած։ Հայ-յոյն եկեղեցական յարաբերութիւնները վերսկսած են IX դարուն, Կոստանդնուպոլսոյ փոտ պատրիարքի եւ Հայոց կաթողիկոս Զաքարիայ Ա Ձագեցիի օրով։ Այդ ժամանակ՝ Արաբական խալիֆայութեան թուլացման պայմաններուն մէջ, բիւզանդական կայսրութիւնը ծրագրած է նիւթել, ամբողջ Հայաստանը նուաճելու համար։ Ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ առաջ քաշուած է կայսրութեան քաղաքական նկրտումները շղարշող դաւանական հարցը։ Հայկակական թարգմանութեամբ եւ յունական բնագիրներով պահպանուած՝ Փոտ պատրիարքի բազմաթիւ նամակներն ու գրութիւնները (յատկապէս ուղղուած Զաքարիայ Ա Ձագեցիին) կը վկայեն Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան՝ քաղկեդոնականութիւնը Հայաստանի մէջ տարածելու եւ երկրի պաշտօնական դաւանանքը դարձնելու նոր փորձերու մասին։ 862 թուականին Հայոց իշխան աշոտ Բագրատունիին Փոտի գրած նամակէն կը պարզուի, որ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը այդ գործին մէջ որոշ յաջողութիւններու հասած էր Չորրորդ Հայքի եւ տարօնի մէջ։

Նիկողայոս Միստիկոսի գործունէութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այդ քաղաքականութիւնը շարունակած է Նիկողայոս Միստիկոս (901–907 թուականներ, 912925 թուականներ) պատրիարքը, որ Հայաստանի համար քաղաքական դժուարին տարիներուն Հայոց թագաւոր Սմբատ Ա-ին եւ Հայոց կաթողիկոս Յովհաննէս Է Դրասխանակերտցիի ուղարկած է նամակներ, ուր դատապարտած է Հայ եկեղեցւոյ դաւանութիւնը եւ յորդորած ընդունիլ քաղկեդոնականութիւնը։ Բիւզանդական Յովհաննէս Չմշկիկ կայսրի օրով Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի հետ նամակագրութիւն պահպանած է Վահան Ա Սիւնեցին, որ քաղկեդոնականութեան յարելու մեղադրանքով դատապարտուած է Անիի եկեղեցական ժողովին եւ կարգալոյծ եղած։ բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն (1045 թուական) ետք մայրաքաղաք Անին անցած է Բիւզանդիոնի տակ, որ Խաչիկ Բ Անեցի Հայոց կաթողիկոսի մահէն (1065 թուական) ետք արգիլած է Հայոց կաթողիկոսական աթոռի գոյատեւումը Անիի մէջ՝ պետական իշխանութիւնը կորսնցուցած հայ ժողովուրդին նաեւ հոգեւոր-եկեղեցական իշխանութենէն զրկելու նպատակով։ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան եւ Հայոց կաթողիկոսութեան փոխ յարաբերութիւնները աշխոյժ եղած են յատկապէս կիլիկիոյ Հայկական պետութեան գոյութեան ամբողջ ընթացքին։

Կիլիկիոյ մէջ նստող առաջին Հայոց կաթողիկոսը, որ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան հետ յարաբերութիւններ հաստատած էր, Գրիգոր Բ Վկայասէրն էր։ Անոր այդ գործունէութիւնը շարունակած են Գրիգոր Գ Պահլաւունի եւ Ներսէս Դ Կլայեցի (Ներսէս Շնորհալի) Հայոց կաթողիկոսները։ Բիւզանդական աղբիւրները հարուստ տեղեկութիւններ հաղորդած են Հռոմկլայի կաթողիկոսարանի, Սիսի կաթողիկոսարանի եւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան ու բիւզանդական կայսրերու կապերու մասին։

Այդ շրջանին հայ-բիւզանդական եկեղեցական յարաբերութիւնները միշտ եղած են, մէկ կողմէն՝ Հայոց կաթողիկոսներու եւ թագաւորներու, միւս կողմէն՝ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքներու ու բիւզանդական կայսրերու ուշադրութեան կեդրոնին մէջ։ Հայ եւ յոյն վարդապետներու, աստուածաբաններու յաճախակի դաւանաբանական վէճերը, որպէս կանոն, տեղի ունեցած են Կոստանդնուպոլսոյ մէջ՝ Սուրբ Սոֆիայի ամպիոնէն։ Անոնց մասնակցած են նաեւ աշխարհիկ տէրերը։ Կոստանդնուպոլսոյ նման բանավէճեր ունեցած են Յակոբ Սանահնեցին, Գագիկ Բ Բագրատունին, Գագիկ Աբասեանը, Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին, Բագրեւանդի իշխան Ատրներսեհը եւ ուրիշներ։ Հայ կաթողիկոսներէն Բիւզանրիոն գացած է միայն Պետրոս Ա Գետադարձը, որուն պատրիարքն ու կայսրը ընդունած են փառք ու պատուով։ Կաթողիկոսը, հաւանաբար, առերես ստորագրած է եկեղեցիներու միութեան գիրը՝ կանխելու համար բիւզանդացիներու ներխուժումը Շիրակի Բագրատունիներու թագաւորութիւն։ Հայոց կաթողիկոսներէն ոմանք ալ (Յովհաննէս Է Դրասխանակերտցի, Ներսէս Շնորհալի), չնայած հրաւէրներուն, չեն մեկնած Կոստանդնուպոլիս՝ խուսափելով քաղկեդոնականներու հետ հաղորդակցուելէ եւ քաղկեդոնականութեանը յարելու մեղադրանքներէն։ 1700 տարուայ ընթացքին Կոստանդնուպոլսոյ միայն մէկ Տիեզերական պատրիարք՝ բարդուղիմէոս Ա այցելած է Հայաստան (1997 թուականին)` Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա Սարգիսեանի հրաւէրով, ի պատասխան վերջինիս Կոստանդնուպոլսոյ աթոռ կատարած այցելութեան: Թրքական տիրապետութեան սկզբը` 1461 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ստեղծուած է Հայ եկեղեցւոյ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը (տես կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութիւն):

Աշոտ Ա

Անկէ ետք հայ-յունական եկեղեցական յարաբերութիւնները թէեւ չեն աշխուժացած, բայց քաղաքական դժնդակ պայմաններու բերումով Կոստանդնուպոլսոյ հայոց եւ յունաց պատրիարքութիւնները շատ հարցերու մէջ համագործակցած են՝ մոռացութեան տալով դաւանական տարակարծրութիւնները։ Մեծ եղեռնի ժամանակ, երբ ցեղասպանութեան զոհ գացած են բազմաթիւ հայ հոգեւորականներ, փրկուած հայերը մնացած են առանց քահանաներու։ 29 Մայիս 1919 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ եկեղեցւոյ Սինոդը Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական աթոռին ենթակայ մետրոպոլիտներուն շրջաբերական գրութեամբ մը յայտնած է, որ հայոց Զաւէն պատրիարքի խնդրանքով դիմած է Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութեան, որպէսզի այդ վայրերուն մէջ, ուր չկան հայ քահանաներ, թոյլատրուի օրթոտոքս քահանաներուն ժամանակաւորապէս սպասարկել այդտեղի հայերու հոգեւոր կարիքները։ Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական պատրիարքութիւնը համաձայնած եւ ընդառաջած է։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է « Քրիստոնեա Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։