Jump to content

Կիյոմ Անթուան Օլիվիէ

Կիյոմ Անթուան Օլիվիէ
Ծնած է 19 Յունուար 1756(1756-01-19)[1][2][3]
Ծննդեան վայր Լեզ Արկ
Մահացած է 1 Հոկտեմբեր 1814(1814-10-01)[2] (58 տարեկանին)
Մահուան վայր Լիոն
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Գործունէութեան ոլորտ Կենսաբանութիւն, բնագէտ, միջատաբանություն? և բուսաբանութիւն
Կրթութիւն Մոնպելիեի Համալսարան 1?
Տիրապետած լեզուներ Ֆրանսերէն[1][4]
Անդամակցութիւն Ֆրանսայի Գիտութիւններու Ակադեմիա և Ստանիսլավի ակադեմիա?[5]

Կիյոմ Անթուան Օլիվիէ (19 Յունուար 1756(1756-01-19)[1][2][3], Լեզ Արկ - 1 Հոկտեմբեր 1814(1814-10-01)[2], Լիոն), ֆրանսացի ճանապարհորդ, միջատաբան եւ բուսաբան։

Կիյոմ Անթուան Օլիվիէն ծնած է 1756 թուականի 19 Յունուարին Ֆրանսայի Թուլոն քաղաքը։ Անոր հայրը բժիշկ էր, եւ ան ալ բժշկութիւն ուսանած էր Մոնփելիէի մէջ, ուր ընկերական ջերմ յարաբերութիւններ հաստատեր է բուսաբան Փիեռ Մարի Օկիւսթ Պրուսինէի հետ, որ պիտի դառնար Փարիզի Գիւղատնտեսական միութեան քարտուղար: Կիյոմ Անթուան Օլիվիէն կը փափաքէր միանալ մայրաքաղաքի իր բարեկամին, սակայն հայրը հրաժարեցաւ այդ նպատակին համար անոր միջոցներ տրամադրելէ։

1783 թուականին, Թուլոնի բժշկութիւն ուսանելէն յետոյ, պետական ծառայող Լուի Պենին Ֆրանսուա Պերթիէ տը Սովինյինը անոր յանձնարարեց վիճակագրական տուեալներ տրամադրել իր գաւառին վերաբերեալ: Դժբախտաբար անոր այս աշխատանքը գրեթէ ամբողջութեամբ ոչնչացաւ Պասթիլի գրաւման ժամանակ 1789 թուականի Յուլիսին, երբ սպաննուեցաւ նաեւ Սովինյինը: Ստեղծուած իրավիճակը Կիյոմ Անթուան Օլիվիէին հնարավորութիւն տուաւ Պրուսինէի հետ մնալ Փարիզի մէջ։

Անմիջապէս ան սկսաւ աշխատիլ որպէս միջատաբան եւ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար ճանապարհորդեց Անգլիա եւ Հոլանտա: 1789 թուականին հրատարակեց «Միջատաբանութիւն կամ բզէզներու բնական պատմութիւն» աշխատութեան առաջին հատորը, որմէ յետոյ նաեւ մասնակցեցաւ միջատներու, թիթեռներու եւ խեցգետնակերպերու մասին տեղեկութիւններ պարունակող տեղեկատու բառարանի ստեղծման աշխատանքներուն: Այս ոլորտին մէջ Կիյոմ Անթուան Օլիվիէն աշխատեցաւ այնքան ժամանակ, մինչեւ որ իր հովանաւորը մահապատիժի ենթարկուեցաւ Կիլիոթինով (ֆր.՝ guillotine, դատապարտեալը գլխատելու սարք)։

Համագործակցելով բժիշկ-կենդանաբան Ժան Պաթիսթ Պրուկիէրի եւ Ժան Պաթիթս Լամարքի հետ, ան 1792 թուականին հիմնած է «Բնական պատմութիւն» ամսագիրը (Journal d'Histoire Naturelle)։ Այնուհետեւ թղթակցեր է 6-ամեայ գիտական հանդէսին որպէս բնագէտ՝ Պրուկիէրի հետ ճանապարհորդելով Փոքր Ասիա, Պարսկաստան, Եգիպտոս, Կիպրոս եւ Քերքիրա։ Այս արշաւանքի նպատակը սկզբնապէս բնական պատմութեան համար նիւթեր հաւաքելն էր, սակայն շուտով ստացաւ քաղաքական բնոյթ: Երբ անոնք Իսթանպուլ հասան, Ֆրանսայի դեսպանը հեռացուած էր իր պաշտօնէն եւ մինչ կը ստանային յետագայ գործունէութեան մասին հրահանգները, զոյգը բոյսերու ու կենդանիներու մասին տեղեկութիւններ կը հաւաքէր Թուրքիոյ, Յունաստանի եւ Եգիպտոսի մէջ։ Շուտով նշանակուեցաւ նոր դեսպանը, որ իր հետ յանձնարարական բերած էր Կիյոմ Անթուան Օլիվիէնին ու Պրուկիէրին. անոնք պէտք է աջակցէին ֆրանս-պարսկական դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու գործին, ուստի ուղեւորուեցան Պաղտատ, Քերմանշահ, ապա Թեհրան:

Այս յանձնարարութիւնը յաջողութեամբ կատարելէն յետոյ, երկու միջատաբանները բռնեցին դէպի հայրենիք վերադարձի ճամբան, սակայն Պրուկիերը ծանր հիվանդացաւ: Կիպրոս, Աթէնք եւ Կերկիրա այցելելութենէն յետոյ ան մահացաւ Ֆրանսայի ճանապարհին: Կիյոմ Անթուան Օլիվիէն Ֆրանսա հասաւ 1798 թուականին, իր հետ բերելով միասին ձեռք բերած բնագիտական նմոյշներու հարուստ հաւաքածոն: 1802-1807 թուականներուն ան հրատարակեց իրենց գիտական արշաւի նկարագրութիւնը եւ այդ ընթացքին ձեռք բերած հարուստ տեղեկութիւնները՝ կից ատլասով: Կեանքի վերջին տարիներուն Կիյոմ Անթուան Օլիվիէն աշխատեցաւ Ֆրանսայի Ալֆոր քաղաքի անասնաբուժական դպրոցին մէջ նախ որպէս վերահսկիչ, ապա որպէս կենդանաբանութեան փրոֆեսոր: Այս ընթացքին անոր առողջութիւնը վատացեր էր եւ յանկարծամահ եղաւ սրտի կաթուածով 1 Հոկտեմբեր 1814 թուականին Լիոնի մէջ:

Ստեղծագործութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մէկ էջ՝ հրատարակած «Միջատաբանութիւն կամ բզէզներու բնական պատմութիւն» գիրքէն (1808 թ.):

Կիյոմ Անթուան Օլիվիէն 1789-1808 թուականներու ընթացքին հեղինակեր է «Միջատաբանութիւն կամ բզէզներու բնական պատմութիւն» 6 հատորնոց աշխատութիւնը (Entomologie ou histoire naturelle des insectes coléoptères): Իսկ դէպի Փոքր Ասիա կատարած ուղեւորութեան ընթացքին գրի առած է իր տպաւորութիւններն ու նկատառումները, որոնց հիման վրայ գրեր է «Ճանապարհորդութիւն դէպի Օսմանեան կայսրութիւն, Եգիպտոս եւ Պարսկաստան» եռահատոր գիրքը, ուր տեղեկութիւններ կան նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերու մասին։ Ըստ իր հաղորդած տեղեկութիւններուն, հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ ամէնամեծ առեւտուր կատարողներն են, որոնք կը ճանապարհորդէին դէպի Ասիա եւ Հնդկաստան։ Անոր դիտարկումով, հայերը խիստ են իրենց վարք ու բարքին մէջ, ճշդութեամբ կը պահեն իրենց հաւատքի պատուիրանները, անգէտ են եւ նախապաշարուած եւ անոնց կը պակսի միայն կրթութիւնը եւ պետութիւն մը, որ այնքան ճնշող չըլլար, որքան թրքականը, աւելի արդար պիտի ըլլար, որպէսզի հայերը վերին աստիճանի յարգելի ժողովուրդ դառնային։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1 2 3 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 1 2 3 4 La France savante / խմբ. B. Delmas, Ռ. Մաթիս — 2009.
  3. 1 2 (unspecified title)BIU Santé.
  4. CONOR.Sl
  5. https://www.academie-stanislas.org/wp-content/uploads/2023/02/olivier.pdf
  • Olivier GA (1800). Voyage dans l'empire Othoman, l'Égypte et la Perse, fait par ordre du gouvernement, pendant les six premières années de la république. Vol I - Vol II - [ Vol III] - [ Vol IV] - Vol V - Vol VI
  • Works by or about Guillaume-Antoine Olivier at Internet Archive
  • S. Tillier and P. Mordan, 1983, " The conchological collections of Bruguière and Olivier from the Ottoman Empire (1792-1798)", Journal of conchology, 31(3): 153-160
  • Brummitt, R.K. & Powell, C.E., Authors Pl. Names (1992): 468; Lanjouw, J. & Stafleu, F.A., Index Herb. Coll. A-D (1954): 102; Vegter, H.I., Index Herb. Coll. N-R (1983): 621;

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]