Jump to content

Կիլիկիոյ Երաժշտական Արուեստ

Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը 13–րդ դարուն

Երաժշտարուեստը։ Կիլիկիոյ մէջ երաժշտական մշակոյթը սկիզբ առած է 10-11-րդ դարերուն՝ բուն Հայաստանէն փոխանցուած երաժշտական բանաւոր եւ գրաւոր աւանդոյթներու հիման վրայ։ ժողովրդական երգ-երաժշտութիւնը ծաղկած է յատկապէս 11-12-րդ դարերուն, նկատելիօրէն ազդած՝ հոգեւոր երգարուեստին վրայ, նպաստած՝ հայ տաղերգութեան ծագման եւ զարգացման, եւ այլն։ Գուսան, արուեստին մէջ համալրուած ու կատարելագործուած է ժողովրդական եւ մասնագիտացած նուագարաններու միակցութիւնը, զարգացած են հայրենները եւ քնար ու վիպագրական բանահիւսութիւնը։ Ժողովրդական եւ գուսանական երգերէն սակաւաթիւ նմուշներ պահպանուած են: Մեզի հասած նիւթերը գլխաւորաբար կը վերաբերին հոգեւոր երաժշտութեան։ Անիի անկումէն ամիջապէս ետք, ազգային հոգեւոր երգարուեստը ծաղկած է նաեւ Կիլիկիոյ մէջ։ Քիչ մը աւելի ուշ գրեթէ լիակատար իրագործուած են հայ հոգեւոր մասնագիտացուած երաժշտութեան, որպէս միաձայնային արուեստի, պատմական բազմադարեան զարգացման գլխաւոր միտումները։ Ամբողջապէս ազգայնացուած են պաշտամունքն ու պաշտօներգութիւնը՝ քրիստոնէական երաժշտաբանաստեղծական կենցաղավարող ժանրերու վերջնական հայացմամբ։ Մեղեդային, վիպաքնարականութեան տարրերու շնորհիւ հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը դարձած է քրիստոնէական արուեստի ազգային շքեղ հատուածներէն։ Շարականերգութիւնը հարստացուած է դարձուածքի, զարտուղի, ծանր ու ստեղի տիպի եղանակներով։ 13-րդ դարու առաջին տասնամեակներուն Սիսի մէջ ստեղծուած է խազաւոր Շարակնոցի առաւել ամբողջ, խմբագրութիւնը («հյըլկցի»՝ Գրիգոր Խուլի անունով), որ դարձած է Գէորգ Սկեւռացիի 13-րդ դարու վերջին խմբագրութեան հիմքը։ Ջարգացած են նաեւ «մանրուսման եղանակները», որոնք կը հանդիպին 13-րդ դարէն՝ շարք մը ուրոյն խմբագրութիւններուն մէջ՝ ժամանակի հեղինակաւոր երաժշտապետներու անուններով («Կոստանդի», «Առաքելցի», «Ասեցի» եւ այլն)։ 13-րդ դարու կէսերուն Սիսի մէջ ստեղծուած է զարդոլորուն երգեցողութիւններու մէկ այլ մատեան՝ Գանձարանը։ Աւարտին տեսք ստացած են թուերգի նշաններով Աւետարանը, Խազաւոր Շարակնոցը, Ճաշոցը, Մաշտոցը, Ճառընտիրը եւ այլն։ Վանական համալիրներուն մէջ, անոնց կից բարձրագոյն տիպի դպրոցներուն եւ արուեստանոցներուն մէջ դաստիարակուած են ժամանակի նշանաւոր երաժիշտ բանաստեղծներ Գրիգոր Գ. Պահլաւունին, Ներսէս Լամբրոնացին, Գրիգոր Սկեւռացին, Գրիգոր Անաւարզեցին եւ ուրիշներ։ Ներսէս Շնորհալիի ստեղծագործութիւնը մեծ ու նշանակալի երեւոյթ է համահայկական եւ համաքրիստոնէական (մանաւանդ՝ արլ. քրիստ.) չափանիշներով։ Կիլիկիոյ՝ հայկական երաժշտամշակութային զարգացման մայրուղիէն դուրս գալէն ետք ալ, երկար ժամանակ շարունակուած է անոր աւանդոյթներու ազդեցութիւնը հայ իրականութեան վրայ։ Առհասարակ ուշ միջնադարուն (ընդհուպ մինչեւ 19-րդ դար) հայ գրիչները, երգիչներն ու խազագետներն օգտուած են կիլիկեան ծիսակատարման մատեաններէն եւ աշխատած՝ միաձուլել կիլիկեան ու բուն Հայաստանի երաժշտական լաւագոյն աւանդոյթները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։