Կարմիր Զինուոր
«Կարմիր զինուոր», խորհրդային շրջանի շաբաթաթերթ, երկօրեայ թերթ, վերջը՝ օրաթերթ։ Հանիսացած է ԽՍՀՄ կարմիր բանակի քաղբաժնի, այնուհետեւ՝ ԽՍՀՄ հաւաքական բրիգադի քաղբաժնի, Հայկական հաւաքական դիվիզիայի քաղբաժնի, Հայկական հրաձգային դիւիզիայի քաղբաժնի, վերջը՝ Կլիմէնտ Վորոշիլովի անուան 76-րդ լեռնահրաձգային կարմրադրօշ հայկական դիվիզիայի օրգանը։ Լոյս տեսած է 1921-1938 թուականներուն, Երեւանի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Վ. Ծովեան, Ա. Մարութեան, Եղիա Չուբար, Ս. Ասլիբեկեան, Համբարձում Տէր-Դանիէլեան, Միսակ Դաւթեան, Մ. Պարոնիկեան, Ա. Ալեքսանեան, Գ. Գէօլեցեան, Ղ. Յովհաննիսեան, Ա․ Նիկողոսեան, Շ. Յովհաննիսեան։ 1920-1921 թուականներուն լոյս տեսած է «Կարմիր Բանակ» անունով։
Գովազդած է կոմունիստական կուսակցութեան ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, լուսաբանած դիվիզիայի ստորաբաժանումներու մարտական պատրաստութեան, զինուորներու քաղաքական դաստիարակութեան հարցերը։ Թղթակցած են Ալեքսանդր Միասնիկեանը, Հայկ Բժշկեանցը (Գայ), Յ. Յովսէփեանը, Յովսէփ Լազեանը եւ ուրիշներ։
Բանակային երկօրեայ թերթը այնուհետեւ դարձած է 89-րդ հայկական Թամանեան հրաձգային դիվիզիայի քաղբաժնի օրգան՝ լոյս տեսնելով 1942-1956 թուականներուն՝ Երեւանի մէջ, իսկ Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն՝ դիվիզիայի տեղակայման վայրերուն մէջ։ Խմբագիրներ՝ Գ. Յարութեան, Սիմոն Նալպանտեան, Յարութիւն Առաքելեան։
Տպագրած է Մարտիրոս Սարեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Դերենիկ Դեմիրճեանի, Նայիրի Զարեանի եւ ուրիշներու նամակներն ու ուղերձները՝ հասցէագրուած խորհրդային զինուորներուն։ Յետպատերազմեան տարիներուն թերթը «պայքարած է» զինուորներու մարտական պատրաստականութեան բարձրացման, քաղաքական դաստիարակութեան ամրապնդման համար, խորհրդային գաղափարախօսութեան դիրքերէն մեկնաբանած ժամանակի քաղաքական իրադարձութիւնները։