Կարապետ Տաղլեան
Կարապետ Տաղլեան, (11 Յունուար 1882, Այնթապ - ), այնթապցի բնագիտութեան ուսուցիչ, փրոֆէսօր։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Այնթապ, 11 Յունուար 1882-ին։ 1888-1895 տարիներուն յաճախած է Ադենական վարժարանը։ Սեպտեմբեր 1896-ին յաճախած է Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը, իբր 5-րդ կարգի աշակերտ եւ Յունիս 1902-ին շրջանը աւարտած:
Ուսուցչական ասպարէզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1902-1906 թուականներուն օգնական կ'ըլլայ Կեդր. Թուրքիոյ գոլէճին մէջ:
1906-1907 տարիներուն կ'ուսանի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն ներս: Ապա կը վերադառնայ Կեդր. Թուրքիոյ գոլէճ եւ երկու տարի կը դասաւանդէ:
1909-ին կը գաղթէ Ամերիկա եւ Քոլոմպիա համալսարանէն ներս կը մասնագիտանայ գիտութեան ճիւղին մէջ:
Յունիս 1911-ին կը ստանայ Մագիստրոս Արուեստից եւ Տոքթոր Փիլիսոփայութեան տիտղոսները, ֆիզիքական քիմիաբանութեան ճիւղին մէջ։
1911-ին Ալֆրէտ համալսարանէն ներս բնագիտութեան ուսուցիչ կը նշանակուի:
1912-ին կը վերադառնայ Այնթապ, ուր փրոֆ. Ալեքսան Պէզճեանի մահուամբ՝ անոր տեղ ուսուցչապետ կը նշանակուի: Այնթապէն կը տարագրուի Սեպտեմբեր 1915-ին։
Ան վալիին արտօնութեամբ կը մնայ Հալէպ, ուր կը դասաւանդէ Մէքթէպի Սուլթանիէ դպրոցին մէջ մինչեւ Բրիտանական գրաւումը Հալէպի: Այդ օրերուն, Բրիտանացիք Հալէպի մէջ կը հիմնեն Հայկազեան Վարժարանը, ուր Կարապետ Տաղլեան կը պաշտօնավարէ որպէս տեսուչ մինչեւ 1920-ի ամառը:
Հոկտեմբեր 1920-ին իր երկու զաւակներուն եւ տիկնոջ հետ կը ժամանէ Նիւ Եորք, ուր Նիւ Լոնտոնի Գընէթիքէթ գոլէճին մէջ կ'ուսուցանէ բնագիտութիւն 1921- 1947, ապա 65 տարեկանին կը քաշուի պաշտօնէն: 1947-ին կ'ուսուցանէ Նիւ Լոնտոնի Աղջկանց «Հայ Սքուլ»-էն ներս:
Փրոֆ․ Կ․ Տաղլեան անդամակցած է բազմաթիւ գիտական ընկերութիւններու։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Բ. Հատոր, Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, 1953։