Jump to content

Խորէն Ա.

Խորէն Ա.
Ծնած է 24 Նոյեմբեր 1914(1914-11-24)
Ծննդավայր Նիկոսիա, Նիկոսիա, Կիպրոս
Մահացած է 9 Փետրուար 1983(1983-02-09) (68 տարեկանին)
Մահուան վայր Անթիլիաս, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Մասնագիտութիւն քահանայ

Խորէն Ա. Բարոյեան (աւազանի անունով՝ Մեսրոպ, 24 Նոյեմբեր 1914(1914-11-24), Նիկոսիա, Նիկոսիա, Կիպրոս - 9 Փետրուար 1983(1983-02-09), Անթիլիաս, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ 1963-1983 թուականներուն։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Նիկոսիա (Կիպրոս), խարբերդցի ծնողներէ։ Մանկութիւնը Ատալիա գիւղը անցնելէ ետք, ծննդավայր վերադարձած է 1927-ին ու յաճախած «Մելիքեան» ազգ. վարժարանը։

Աւարտելէ ետք, 1931-ին, մտած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը[1]։ Շրջանաւարտ ըլլալով, 1935-ին սարկաւագ ձեռնադրուած է, իսկ 1937-ին՝ կուսակրօն աբեղայ՝ Խորէն անունով։ 1938-ին ստացած է վարդապետական կարգը։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խորէն վարդապետ Կաթողիկոսարանին մէջ տարբեր պաշտօններ վարած է․

  • 1938-1942՝ դիւանապետ, գաւազանակիր, դպրեվանցի փոխտեսուչ եւ Տնօրէն Ժողովի անդամ,
  • 1942-1947 վարած է Ճեզիրէի (Սուրիա) շրջանի առաջնորդական փոխանորդի պաշտօնը։ Հոս արդէն ցոյց տուած է իր վարչական ձիրքերը, կազմակերպելով շրջանի եկեղեցական, ընկերա-մշակութային եւ կրթական կեանքը այնպիսի շրջանի մը, երբ Սուրիա անկախութեան պայքարի մէջ կը գտնուէր՝ ապահոված էէ Ազգային առաջնորդարանի կալուածը, որուն վրայ կառուցած է առաջնորդարանը եւ ազգային վարժարանը, Տէր Զօրի մէջ կառուցած մանկապարտէզի շէնքը, իսկ Հասիչէի մէջ` Ս. Յովհաննու եկեղեցին[2]։ Միջոցին, 1946-ին ծայրագոյն վարդապետի կարգը բարձրացած է,
  • 1947-ին Անթիլիաս վերադառնալով, Գարեգին Ա. կաթողիկոս զինք եպիսկոպոս ձեռնադրած է,
  • 1947-1951ին վարած է Կաթողիկոսարանի երկու ամէնէն կարեւոր պաշտօնները՝ լուսարարապետ եւ դրան եպիսկոպոս,
  • Դեկտեմբեր 1951-ին ընտրուած է Լիբանանի թեմի առաջնորդ։ Խորէն եպիսկոպոս անգամ այս անգամ ցոյց տուած է իր վարչական ու շինարարական կարողութիւնը, վերանորոգելով ու շինելով նոր եկեղեցիներ ու դպրոցներ,
  • 1952-ին վախճանած Գարեգին Ա. կաթողիկոսի յաջորդին ընտրութիւնը երկարօրէն ձգձգուած էր։ Հոկտեմբեր 1955-ին Խորէն եպս. Բարոյեան ընտրուած է կաթողիկոսական տեղապահ միաբանութեան ժողովին կողմէ, ու արագօրէն կազմակերպած է ընտրութիւնը՝ Փետրուար 1956։ Ան նորընտիր Զարեհ Ա. կաթողիկոսի աջ բազուկը պիտի դառնար[3],
  • Արքեպիսկոպոսական կարգի արժանանալով 1956-ին, Խորէն արք. Բարոյեան կաթողիկոսական նուիրակի պաշտօնով այցելած է Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա, Հոկտեմբեր 1957-էն մինչեւ Յունիս 1958։

Ութամսեայ կեցութեան ընթացքին, բարձրաստիճան հոգեւորականը երկրի բոլոր հայաշատ կեդրոնները այցելած է՝ պատարագելով, քարոզելով, դասախօսելով եւ Կաթողիկոսարանի դերն ու առաքելութիւնը բացատրելով։

Կազմակերպական այս անխոնջ աշխատանքին շնորհիւ, 1958-ին ծնունդ առած է Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի թեմը։ Հիւսիսային Ամերիկա այցելելէ ետք, Խորէն արքեպիսկոպոս նաեւ այցելած է Յունաստանի, Թեհրանի, Սպահանի եւ Ատրպատականի՝ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ մտած նոր թեմերը։

Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, Խորէն արքեպիսկոպոս վերստին կաթողիկոսական տեղապահ ընտրուած է ու կազմակերպած՝ երեք ամիս ետք տեղի ունեցած ընտրութիւնը, որուն առաջին անգամ մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու, Յունաստանի եւ Իրանի նոր թեմերու պատուիրակները։

Ընտրուելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, Խորէն Ա. օծուած է 12 Մայիս, 1963-ին։ Վեհափառ Հայրապետի քսանամեայ պաշտօնավարութիւնը յատկանշուած է Անթիլիասի մայրավանքն ու Պիքֆայայի դպրեվանքը բարելաւելու եւ վերանորոգելու ճիգով։ Ան նաեւ շինած է ժողովրդային բնարականներ Ֆանարի շրջանին մէջ, եւ հիմնարկէքը կատարած՝ Ազգային Ծերանոցին։շ

Կատարած է տարբեր թեմերու այցելութիւններ, ներառեալ՝ չորս ամսուան այցելութիւն մը Միացեալ Նահանգներ ու Քանատա (1969)։

Ան հանդիպած է Պօղոս Զ. Պապին Վատիկանի մէջ՝ 1967-ին, միաժանանակ աշխատելով Կաթողիկոսարանի տեսանելիութիւնը բարձրացնել թէ՛ Հայ Կաթողիկէ ու Աւետարանական եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններուն եւ թէ՛ միջ-եկեղեցական ծիրէն ներս։

Խորէն Ա. Կաթողիկոսի առողջութիւնը իր խանգարման առաջին նշանները ցոյց տուած է սիրտի հարցերով՝ 1969-ի ամերիկեան շրջապատոյտի ընթացքին։ 1977-ին, Վեհափառի քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակի տօնակատարութենէն ետք, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի թեմի առաջնորդ՝ Գարեգին արք. Սարգիսեան ընտրուած է աթոռակից կաթողիկոս։ Ան պիտի դառնար Խորէն Ա.ի յաջորդը վերջինիս մահէն ետք՝ 9 Փետրուար 1983-ին[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդներ»։ Armenian Prelacy of Lebanon (en-US)։ 2020-07-28։ արտագրուած է՝ 2024-04-22 
  2. ««Կոնդակներ, Պատգամներ Եւ Քարոզներ» (Հեղինակ` Խորէն Ա. Կաթողիկոս) - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-04-22 
  3. 3,0 3,1 «Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ. 1995-1999»։ ՆՈՐ ՕՐ (hy-AM)։ 2017-06-22։ արտագրուած է՝ 2024-04-22