Խոտաբուժում

Խոտաբուժում (անգլերէն՝ Herbal medicine, ֆիթոթերափի), բոյսերու օգնութեամբ բուժում[1]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարդկութիւնը հազարաւոր բոյսերէն դարերու ընթացքին ընտրած է դեղաբոյսեր, ապա այդ գիտութիւնը փոխանցած է սերունդէ սերունդ: Միայն Հիփոքրատը նկարագրած է շուրջ 250 դեղաբոյս: Համաշխարհային տուեալներով, ներկայիս ծանօթ դեղերու 40 առ հարիւրը ունի բուսական ծագում, իսկ սրտային դեղերու պարագային` մինչեւ 90 առ հարիւր: Իբրեւ բնական միջոցներ, բոյսերէն ստացուած դեղամիջոցները մարմինին մէջ անցանկալի երեւոյթներ հազիւ թէ յառաջացանեն: Դեղաբոյսերով բուժուելու նպատակով բոյսերը անհրաժեշտ է հաւաքել մաքուր վայրերէն, ճամբաներէն հեռու: Ամէն դեղաբոյս ունի իր հաւաքելու ժամանակը, ծաղկելէ առաջ կամ ծաղկած վիճակով: Արմատները կը հաւաքուին ուշ աշնան, կը չորցուին լաւապէս լուալէ ետք: Ըստ թիպեթեան բժշկութեան, բնութեան մէջ գտնուող բոլոր բոյսերն ալ պիտանի են, անհրաժեշտ է գտնել զանոնք, ճանչնալ եւ ճիշդ օգտագործել: Բուսաբուժումը յատկապէս խորհուրդ կը տրուի ձգձգուող հիւանդութիւններու համար: Սակայն նկատի պէտք է ունենալ, որ միեւնոյն բոյսը երկար օգտագործելով` մարմինը կը վարժուի անոր եւ ան այլեւս բաւարար եւ օգտակար ազդեցութիւն չ'ունենար: Դեղաբոյսերը կ'օգտագործուին փոշիի, թուրմի, թէյի եւ քսուկի ձեւով. կարեւորը անոնց ճիշդ չափերով պատրաստելն է, կամ լաւագոյն պարագային, կարելի է օգտուիլ անոնց պատրաստի դեղահատերէն:

Դեղաբոյսեր, որոնց դեղահատերը կարելի է գտնել դեղատուներու մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դեղաբոյսերու պատրաստութիւն, 1224 թուականին:

Ալոէ (Aloe).- Զայն կ'անուանեն տնային դեղարան: Ալոէն սենեկային բոյսերուն մէջ բուժիչ յատկութիւններով օժտուած է: Կը պարունակէ 20 առ հարիւր եթերաիւղեր, 18 տեսակի ամինոթթուներ, խէժանման նիւթեր, միքրօ եւ մաքրօ էլեմաններ: Ըստ բոյսին տարիքին, կը փոխուին անոր բուժական յատկութիւնները: Օգտակար են երկու տարեկանէն վեր բոյսին տերեւները եւ կ'օգտագործուի կեղեւներու միջեւ գտնուող դոնդողը, իսկ կոշտ շերտը կարելի չէ օգտագործել: Ալոէն չեն կրնար օգտագործել յղի կիները եւ արեան գերճնշում ունեցողները: Պէտք չէ օգտագործուի նաեւ աղիքային արիւնահոսութեան եւ երիկամներու հիւանդութիւններու ընթացքին:

Ալոէի օգտագործում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Այրուածքներու, մակերեսային խոցերու եւ արեւահարութիւններու պարագային, դանակով կիսել եւ դնել վնասուած մասերուն վրայ. կը մեղմացնէ ցաւը եւ կ'արագացնէ բուժումը:
  • Ճառագայթային հիւանդութիւններէ ետք, քաղցկեղային հիւանդութիւններու ատեն 100 կրամ ալոէն, 500 կրամ ընկոյզ եւ 300 կրամ մեղր, պարբերաբար խառնելով, պահել մութ եւ զով տեղ: Օգտագործել մէկ թէյի դգալ օրը 3 անգամ, ուտելէ կէս ժամ առաջ:
  • Աւիթամինոզներու, դիմադրողականութիւնը բարձրացնելու համար, օրական 3 անգամ ընդունիլ հետեւեալ խառնուրդը. մսաղացէ անցընել կէս քիլօ ալոէ եւ ընկոյզ, խառնել 1,5 գաւաթ մեղրի հետ, ընդունիլ մէկ ճաշի դգալ ճաշէն ետք: Ցաւոտ դաշտանի ընթացքին մէկ թէյի դգալ ալոէի հիւթը խառնել դանակի ծայրով սեւ պղպեղի հետ, խմել օրական 2 անգամ, 3 օրէն ոչ աւելի:
  • Հարբուխի պարագային ալոէի թարմ հիւթը 1/10 յարաբերականութեամբ խառնել ջուրով, կաթեցնել 2-3 անգամ քիթին մէջ:
  • Մորթի թարախային բորբոքումներու ատեն հաւասարապէս խառնել թարմ հիւթը եւ ձիթապտուղի ձէթը, շեշը թաթխել անոր մէջ, դնել բորբոքած մորթին վրայ եւ ձգել ամբողջ գիշերը:
Դեղաբոյսերու վաճառատուն

Անանուխ.- Անոր վայրի տեսակը կը կոչուի դաղձ: Կ'օգտագործուի բոյսին տերեւները, որոնք կը հաւաքուին ծաղկման շրջանին: Անիկա հարուստ է եթերաիւղերով, որոնց քանակը ծաղիկներու մէջ կը կազմէ 4-6, իսկ տերեւներու մէջ 2-3 առ հարիւր: Իր պարունակած 40 առ հարիւր եթերաիւղերու շնորհիւ կը հանդարտեցնէ աղիքներու կծկումները, կը հանգստացնէ սրտխառնուքը, ունի մարսողութիւնը լաւացնող եւ լեղամուղ յատկութիւն: Կ'օգտագործուին չոր եւ թարմ համեմունքներու ձեւով` ճաշերու եւ աղցաններու պատրաստութեան ատեն: Անանուխին ծաղիկը եւ տերեւները լայն կիրարկութիւն ունին նաեւ թէյի ձեւով: Բժշկութեան մէջ դաղձը կ'օգտագործուի ամբողջութեամբ` ծաղիկը, տերեւները եւ արմատը:

Ուրց, ծոթրին.- Հարուստ է եթերաիւղերով եւ ֆլաւոնոյիտներով, ունի սուր, բայց հաճելի բոյր: Բուժման նպատակով կ'օգտագործուի անոր վերգետնեայ մասը, կը հաւաքուի ծաղկման շրջանին: Ուրցը, չոր վիճակով, իր յատկութիւնները կը պահպանէ մինչեւ երեք տարի: Դեռ հին ժամանակներէ զայն կ'օգտագործէին ձգձգուող, չոր հազի, թոքերու բորբոքումներու պարագաներուն: Ուրցը ունի ստամոքս-աղիքային աշխատանքը բարելաւող, հականեխիչ, աղիքներու կծկումը հանգստացնող, կազամուղ, արեան ճնշումը իջեցնող յատկութիւն: Չոր ուրցը աւելցնել եռացող ջուրին, քառորդ ժամ ետք օգտագործել ջրաթուրմի ձեւով: Չոր ուրցով կը համեմեն միսերը եւ աղցանները:

Կատուախոտ (Valeriane).- Բուժական նպատակով կ'օգտագործուի անոր կոճղարմատը, որ կը հաւաքուի վաղ գարնան կամ ուշ աշնան: Ժողովրդային բժշկութեան մէջ անիկա կ'օգտագործուի իբրեւ ջիղերը հանգստացնող, մարսողութիւնը լաւացնող, քունը կարգաւորող, սիրտի արագ զարկերը վերացնող միջոց: Ուղեղի արեան շրջանառութեան խանգարման եւ սրտային հիւանդութիւններու ատեն, պառկելէն առաջ 2-3 անգամ ներշնչել անոր ալքոհոլային լուծոյթը: Լայն կիրարկութիւն ունին անոր դեղահատերը, որոնք կարելի է ձեռք բերել դեղարաններու մէջ, valerian կամ normocalm անունով: Ծխախոտի մոլուցքէ ազատելու համար օգտագործել valerian-ի դեղահատերը:

Հազրեվարդ- խնկունի (Rosemary).- Մշտադալար, բազմամեայ բոյս է: Հարուստ է եթերաիւղերով, ունի հակակծկողական (antispasmodic) հանգստացնող ազդեցութիւն, կը հանդարտեցնէ հազը, կը խթանէ լեղապարկի աշխատանքը: Կարելի է զայն գործածել ինչպէս թուրմերու, այնպէս ալ դեղահատերու ձեւով:

Երիցուկ-պապունիճ (Cammomil).- Միամեայ բոյս է, բժշկութեան մէջ կ'օգտագործուին անոր ծաղիկները եւ տերեւները: Օգտակար է հաստ աղիքի, ստամոքսի բորբոքումներու, աղիքային կազերու ժամանակ: Ունի մանրէասպան յատկութիւն, կ'օգտագործուի ողողումներու եւ լուացումներու ձեւով` բորբոքումներու պարագաներուն:

Նուենի, տենդածառ (Eucalypus).- Սուր, երկար եւ բուրումնաւէտ այս ծառին տերեւները հարուստ ըլլալով եթերաիւղերով, ունին խորխաբեր, հականեխիչ յատկութիւն:

Նարդոս (Lavander).- Բազմամեայ բոյս է, որ պէտք է հաւաքել ծաղկման շրջանին: Պարունակած եթերաիւղերը անոր կու տան իւրայատուկ մեղմ բոյր մը, որ կ'օգնէ հանդարտեցնելու ջղային համակարգը: Ու նաեւ մանրէասպան յատկութիւն:

Սամիթ (Dill).– Միամեայ խոտաբոյս մըն է, որ կը պարունակէ եթերաիւղեր: Բժշկութեան մէջ կ'օգտագործուին արմատները, տերեւները եւ սերմերը: Անիկա օգտակար է մարսողական խանգարումներու, անքնութեան, տարբեր ծագումի խիթերու բուժման համար, ունի նաեւ ստամոքս-աղիքային պրկումը հեռացող միզամուղ եւ կազամուղ յատկութիւն: Կ'օգտագործուի իբրեւ թարմ եւ չոր համեմունք` ճաշերու եւ աղցաններու մէջ: Կը բարձրացնէ կաթնարտադրութիւնը:

Աղտոր (Sumac).- Բազմամեայ թուփ է, լուսասէր, հողի եւ ջուրի նկատմամբ` ոչ պահանջկոտ: Անոր տերեւները կը պարունակեն 25-35 առ հարիւր տապաղանիւթեր, որմէ 15 առ հարիւրը թանինն է: Բժշկութեան մէջ կ'օգտագործուին աղտորի` սումախի տերեւները եւ պտուղը, բուժելու համար սրտխառնուքը, փորհարութիւնը, միզամանի եւ լինտերու բորբոքումները: Աղտորի տերեւներու մզուածքը թրջոցներու ձեւով օգտակար է սննդախանգար խոցերու ու քոսի պարագային[2]:

Կանաչ Դեղարան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հա­յաս­տա­նի Սո­ճուտ ան­տա­ռը կը նկա­տուի կա­նաչ դե­ղա­րան, քա­նի որ ոչ միայն սո­ճի­նե­րու ծաղ­կա­փո­շոտ­ման ժա­մա­նակ, այ­լեւ բո­լոր ե­ղա­նակ­նե­րուն նոյն­պէս սո­ճին ու­նի օգ­տա­կար յատ­կու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ կ'օգ­տուին դե­ղա­բոյ­սե­րու եւ բնա­կան մի­ջոց­նե­րու կողմ­նա­կից­ներն ու ջա­տա­գով­նե­րը: Սո­ճին բնա­մի­ջու­կա­յին ծա­ռա­տե­սակ մըն է: Բնա­փայ­տը, ներծ­ծուե­լով խէ­ժով, որ կպչուն հիւթ մըն է, կը դառ­նայ շատ ա­մուր եւ դի­մաց­կուն սնկա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ, ո­րուն շնոր­հիւ իբրեւ բարձ­րո­րակ շի­նա­փայտ լայն կի­րա­րկու­թիւն ու­նի տնտե­սու­թեան տար­բեր աս­պա­րէզ­նե­րու մէջ:

Բու­ժա­կան նպա­տա­կով կը գոր­ծա­ծուին նաեւ սո­ճիի չբա­ցուած գար­նա­նա­յին բող­բոջ­նե­րը, ա­սեղ­նա­տե­րեւ­նե­րը եւ խէ­ժը: Ա­նոնց մէջ ա­ռատ են ե­թե­րաիւ­ղե­րը, օս­լան, դա­բա­ղիչ նիւ­թե­րը եւ այլ մա­ծան իւ­ղե­րը: Սո­ճիի դե­ղա­մի­ջոց­նե­րը ու­նին մի­զա­մուղ, ցա­ւա­զեր­ծող եւ հա­կա­բոր­բո­քիչ յատ­կու­թիւն­ներ: Սո­ճիի բող­բոջ­նե­րու թուր­մը կը գոր­ծա­ծուի շնչա­ռա­կան ճամ­բա­նե­րու բոր­բո­քու­մի, թո­քա­տա­պի, ստա­մոք­սի խո­ցի, ե­րի­կա­մա­յին հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին: Սո­ճե­նիի ա­սեղ­նա­տե­րեւ­նե­րու թուր­մը կազ­դու­րիչ լո­գանք­նե­րու հա­մար փնտռուած մի­ջոց մըն է: Այդ թուր­մը կը գործա­ծուի նաեւ այ­րուածք­նե­րու բուժ­ման կամ մոր­թա­յին ու­րիշ բոր­բո­քում­նե­րու հա­մար քսուք­ներ պատ­րաս­տե­լու ժա­մա­նակ: Սո­ճիի բնա­մի­ջոց­նե­րը սկսած են գոր­ծա­ծել նաեւ ու­ռուցք­նե­րու պա­րա­գա­յին: Բու­ժիչ յատ­կու­թիւն­ներ ու­նին նաեւ Սո­ճու­տի մէջ գտնուող միւս կո­նազ­գի ծա­ռե­րը: Կա­նաչ դե­ղա­րան կը նկա­տուին առ­հա­սա­րակ բո­լոր ան­տառ­նե­րը, բայց ա­նոնք միշտ պատ­շաճ խնամ­քի ա­ռար­կայ չեն դառ­նար[3]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]