Jump to content

Խաչիկ Երէցեան (Պարետ)

Երուսաղէմի Հին Քաղաքի քարտէսը, ուր կ՚երեւին Հայկական Պարտէզը (Կովերու Պարտէզը) եւ Հայկական Թաղին բռնազաւթուած պատառները։
Երուսաղէմի Հին Քաղաքի քարտէսը, ուր կ՚երեւին Հայկական Պարտէզը (Կովերու Պարտէզը) եւ Հայկական Թաղին բռնազաւթուած պատառները։

Խաչիկ Երէցեան նաեւ կը ճանչցուէր որպէս՝ Պարետ Երէցեան

կամ Պարետ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան նախկին անդամ, Կարգազուրկ եւ նախկին կղերական՝ Ծայրագոյն Վարդապետ։[1]

Կովերու Պարտէզի Ապօրինի Վաճառքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գլխաւոր յօդուածը՝ Կովերու Պարտէզի Խնդիրը

2021 Թուականին, Ամէրիկահայ լրագրող Յարութ Սասունեանը կը գրէ թէ Երուսաղէմի «Հին Քաղաք»-ի «Հայկական Թաղամաս»-ին մէջ գտնուող «Հայկական Պարտէզ»-ը որուն ժողովրդային աննունն է՝ «Կովերու Պարտէզ» վարձու տրուած է պատրիարքարանին կողմէն, Աւստրալիոյ քաղաքացի, Հրեայ առեւտրական-գործարար՝ Տանի Ռուպէնսթայնին (Անգլերէն՝ Danny Rubenstein)։ Պատրիարքարանի այդ ժամանակուայ կալուածներու տեսուչ Խաչիկ Երէցեանը (այդ ժամանակ դեռ կը կոչուէր՝ Պարետ Ծայրագոյն Վարդապետ) Սասունեանին տեղեկացուցած է թէ այդ հողատարածքը տրուած է 98 տարուայ վարձակալութեան, եւ այդտեղ Ռուպէնսթայնը շքեղ պանդոկ-հիւրանոց մը պիտի շինէ։ Պատրիարքութիւնը կը յայտնէ թէ այս գործարքը կնքուած է «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ գտնուող ընկերութեան մը հետ», եւ կ՚ակնկալուի որ հազրաւոր տոլարներով շահոյթ պիտի մատակարարէ։[2][3]

Կարգազրկում եւ Վտարում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2023 Թուականի Մայիսի 6-ին Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանը կը տարածէ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը, ուր կը յայտարարուի Խաչիկ Երէցեանի փիլոնազրկումը․

Տնօրէն Ժողովի միաձայն որոշմամբ եւ Նորին Ամենապատուութիւն Տ․ Նուրհան Պատրիարք Մանուկեանի տնօրինութեամբ կարգալոյծ հռչակուած է Տ․ Պարետ Ծ․ Վրդ․ Երէցեան։ Տնօրինութեան համար որպէս հիմք ընդունուած է Պարետ Ծ․ Վարդապետի՝ Ս. Աթոռոյս կարգաց եւ կանոնաց հանդէպ դրսեւորած անհաւատարիմ ընթացքը եւ յատկապէս «Կովերու պարտէզ» կալուածի համաձայնագրի վերաբերեալ անոր կատարած շարք մը խարդախութիւնները եւ խաբեբայութիւնները։ Կարգալոյծը այլեւս կը դասուի աշխարհականներու շարքին Խաչիկ Երէցեան աւազանի անունով։[1][4]

Այդ դէպքերու բացայայտումէն տարիներ առաջ, հակառակ Նուրհան Պատրիարքի միջնորդութեան, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը մերժած էր Խաչիկ Երէցեանը (այն ժամանակ դեռ Պարէտ Ծ. վրդ. Երէցեան) եպիսկոպոս ձեռնադրել։[1]

Կարգալոյծ ըլլալէն ետք, Խաչիկ Երէցեանը անոր չորս կողմը շրջանակ կազմած Իսրայէլական յատուկ ոյժերու պաշտպանութեան տակ, կը փախչի Սբ․ Յակովբեանց վանքէն որմէ կը վտարուած էր, «հայհոյախառն» ու «դաւաճա՛ն» վանկակրումներուն ներոքոյ, զորս կը հնչեցնէին կատղած ու դառնացած Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի Հայ բնակիչները Արցախի Հանրապետութեան դրօշը բարձրացուցած, որոնք խաբուած ու մէջքէն դանակահարուած կը զգային զիրենք, ու մտահոգ էին թէ իրենց 1600 տարուայ պատմութեան աւարտին սկիզբը դրած էր Խաչիկ Երէցեանն ու մնացած անոնք որոնք ստորագրած էին վարձակալութեան անօրէն փաստաթուղթին վրան։[5]

Անոր Պատասխանը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչիկ Երէցեանը որ Սրբոց Յակոբեանց վանքէն վտարումէն ու Հայկական թաղամասէն փախուստէն ետք բնակութիւն կը հաստատէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելէս քաղաքը կ՚ըսէ թէ ան կը պատժուի «արարքի մը համար, որուն տակը ստորագրած է նոյն ինքը՝ Նուրհան Պատրիարքը», եւ անոր դարձուցած են քաւութեան նոխազ (արու այծ)։[5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 «Պարէտ Ծայրագոյն Վարդապետ Երէցեան՝ Կարգալոյծ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2023-05-10։ արտագրուած է՝ 2023-06-21 
  2. «Communiqué from the Department of Real Estate»։ armenian-patriarchate.com։ Armenian Patriarchate of Jerusalem։ September 7, 2021։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 January 2022-ին ։(անգլերէն)
  3. Arkun, Aram (16 September 2021). "Jerusalem Armenian Patriarchate Official Comments on New Land Lease". The Armenian Mirror-Spectator. Archived from the original on 18 November 2021.(անգլերէն)
  4. Կարգալոյծ հռչակուած է Տ․ Պարետ Ծ․ Վրդ․ Երէցեան | (aravot.am) Մայիս 06,2023 Արտագրուած է Յունիս, 22, 2023
  5. 5,0 5,1 Jerusalem Armenians Fear Shadowy Land Deal Marks 'Beginning Of The End' REFL - Ազատ Եւրոպա 22/6/2023, Արտագրուած է Յունիս, 22, 2023