Jump to content

Խաչեր Քէշիշեան

Խաչեր Քէշիշեան
Ծնած է 1857
Ծննդավայր Մարաշ
Մահացած է 1920
Մահուան վայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրթութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Խաչեր Քէշիշեան (1857, Մարաշ - 1920, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բժիշկ։

Ծնած է 1857 թուականին Հալէպի նահանգի, Մա­րա­շ գաւառի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրէն ներս։ Չափահաս դառնալով՝ մեկնած է Սե­բաս­տիա եւ բժիշկ Ալթունեանի քով դեղագործութիւն ու գործնական բժշկութիւն սովորած է։ 1880 թուականին ուշիմութեան եւ ամբարած մասնագիտական հմտութիւններուն շնորհիւ՝ Կ.Պոլսոյ մէջ, բժշկական վկայական ստացած է։ Ժողովուրդէն ճանչցուած է որպէս «Հե­քիմ Խա­չեր» անունով։ Մեծ յարգանք վայելած է Մարաշի թուրք եւ հայ բնակչութեան շրջապատէն ներս։ Տուեալի մը համաձայն՝ 1914 թուականին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը։ Զաւակներէն՝ Վարդանը (1883-1920) եղած է դեղագործ, Հմայեակը (1887-1915)` բժիշկ։

Գործունէութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եր­կար տա­րի­ներ Մա­րա­շում դե­ղա­գործ-բժիշկ աշխա­տած է։ 1915 թուականին՝ Առա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ, Մա­րա­շի մէջ եղած է կա­ռա­վա­րա­կան առող­ջա­պա­հա­կան պաշ­տոօնեայ բժիշկ։

1920 թուականի Յունուար 26-ին Մա­րա­շի աղէտին ժա­մա­նակ, թուր­քե­րը զինք սրա­խող­խողի ենթարկած են` 63 տարեկան հասակին, անոր տան մէջ հաւաքուած 70 հայ դրացիներու հետ միասին։

  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ։ Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթամպուլ, 1940
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988
  • «Գե­ղարդ» սուրիահայ տարեգիրք, Ե. գիրք, Հալէպ, 1996
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Ստամպուլ, 2001։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։