Jump to content

Խաչատուր Միսաքեան

Խաչատուր Միսաքեան
Պատկեր:Khacatur Misakyan.jpg
Ծնած է 1815
Ծննդավայր Սկիւտար (Պոլիս)
Մահացած է 1895
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Ֆրիստինիա

Խաչատուր Միսաքեան, ծնած է Սկիւտարի մէջ (Պոլիս):

Մանկութեան օրերէն իսկ ապրած է վանատուներու եւ եկեղեցիներու մտերմութեան մխջ։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ Սկիւտարի հոգետան եւ դպրոցին մէջ եւ կրօնաշունչ երաժշտութեան հանդէպ իր սէրը զինք կապուած կը պահէ միշտ Ս. Կարապետ եկեղեցիին։ Հոգետան վանականներէն եւ Վենետիկեաններու Սեղբոսեան գրադարանէն կ'օգտուի, ընթերցումի իր սիրոյն գոհացում տալու համար։ Կ'արձանագրենք այս մանրամասնութիւնը, ընդգծել տալու համար կրօնաշունչ գործերու, բանասիրական փորձերու, գրաբարին եւ գրաբար քերթութեան իր ախորժին ծագումը։

Միսաքեանի համար ըսուած է, թէ «առեղծուած» մըն է մնացած իր գիտութեամբ, խառնուածքով, մտաւորական մարդու անհատականութեամբ։ Պէտք է հաւատալ, որ հոգիով տրամադրուած էր գրին եւ գրականութեան, տեսակ մը ծարաւ էր մատեաններու պաշտամունքը իրեն համար, թէեւ համապատասխան վաստակ մը ձգած չըլլայ մեր կեանքին մէջ, յաճախ՝ աննշմար, քիչ անգամ՝ երեւնալու չափ յանդուգն ու համարձակ։ Ժամանակակիցներու վկայութեան համաձայն, հայերէն մասնաւոր դասերու հետեւած է կարնեցի Գրիգոր Շէքէրեանին քով: «Պոէտ» վերնագիրը կու տայ այն օրէն, երբ հազիւ քսան տարեկան էր, Ճեմարանի բացումին առիթով կ'արտասանէ գրաբարով ինքնագիր քերթուած մը եւ ամիրայի մը կողմէ հրապարակային փայփայանքի կ'արժանանայ.- «Շատեր արդէն կը կոչուին վարժապետ անունով, եւ որովհետեւ դուն լաւ ոտանաւոր ալ կը գրես՝ արժանի ես պոէտ տիտղոսին: Ասկէ ետքը պոէտ պիտի անուանենք քեզ»:

1838-ին ուսուցչութեան կը կանչուի Ճեմարան, իբրեւ հայկաբան։ Իրեն կ'աշակերտին «Մասիս»ի ապագայ խմբագիրը՝ Կարապետ Իւթիւճեան եւ բժիշկ-ժողովականներ՝ Ֆերուխան Բարունակ եւ Ստեփան փաշա Արսլանեան:

1840-ին կը հրաժարի Ճեմարանի ուսուցչական պաշտօնէն եւ մասնաւոր դասեր կու տայ ջոջերու զաւակներուն:

1845-ին, հօր մահէն ետք, մայրը կը վերամուսնանայ: Այս պարագան խորապէս կ'ազդէ իր հոգիին: Կը հեռանայ հօրենական տունէն, կ'ապրի առանձին, կը դառնայ մարդախոյս ու մենասէր, եւ կը խորանայ բանասիրական աշխատանքներու մէջ։

Մինչեւ 1848, երբ կը մեկնի Փարիզ իբրեւ հսկիչ Պետրոս աղա Խորասանճեանի ուսանող զաւակներուն, մխրճուած է ձեռագիրներու եւ մատեաններու մէջ։ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ, մօտաւորապէս երկու հազար էջ ձեռագիր կը պատրաստէ հանդէսի մը համար, որ ծրագրած էր հրատարակել Յակոբ Կրնիկեանի նիւթական աջակցութեամբ: Այս երազը իրականութիւն չի դառնար, ինչպէս բազմաթիւ տարբեր ծրագիրներ, որոնք գրաւած են միշտ իր միտքը: Մինչեւ 1858, երկու գրքոյկներ միայն հրատարակած է՝ «Եպիմենդէս ի Վոսփոր» եւ «Կուրաց դաստիարակութիւն»: Աւէլի ուշ, կը հրատարակէ «Տքնուլիւն հայրենասիրի» հատորը, որ գաղափար մը կու տայ Միսաքեանի մ իտքը տանջող մտածումներուն, ապրումներուն եւ յուշերուն մասին: Հաստատենք անմիջապէս, որ Միսաքեան հոգեկան տագնապի մը գերին կը դառնայ աւելի քան քսանհինգ տարի, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ իր բնակութեան ընթացքին: Քէն ըրած է մարդոց դէմ, դառնութիւն կուտակուած է իր հոգիին մէջ, չ'ուզեր ու չի փնտռեր բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը իր անմիջական շրջանակին: Աւելի կը մտածէ, կը զգայ, կը ծրագրէ ու կ'երազէ, քան կը գործէ: Կեանքի վախը ունի:

1892-ին «Մասիս»ին մէջ հրատարակած է հատուած մը՝ «Սոփիա» անուն վէպէ մը, զոր գրած է, սակայն չէ հրատարակած: «Դիպուածը» խորագրուած այդ յօդուածը հրատարակուած է նաեւ Ղ. Աղայեանի, Յովհ. Թումանեանի, Վ. Փափազեանի խմբագրութեամբ «Հայ Գրողներ»ու Բ. Հատորին մէջ (137-168): Վիպամոլիկ-ռոմանթիք հակամէտութիւններով, պատմելու եւ դէմքեր ու դէպքեր փոխանցելու նախնական ձեւով մը, Միսաքեան ի յայտ կը բերէ սակայն լեզուական որոշ շնորհներ, բաղդատաբար 1850-1860ական թուականներու հասարակաց, ընթացիկ լեզուն։ Կարելի չէ ըսել թէ վէպ մըն է Միսաքեանի «Սոփիա»ն. Վիպականացումն է հրապարակագրական ներքին թելադրանքներու եւ անհատական տեսակէտներու, խորհրդական բնոյթով եւ որոշ հետաքրքրականութեամբ։

Միսաքեան մէկն է Զարթօնքի սերունդի առաջին ներկայացուցիչներէն, բազմերախտ ուսուցիչ եւ մտաւորական մարդ, որուն բարիի, գեղեցիկի եւ ճշմարիտի պաշտամունքը յետագային կեանքի հանգանակ պիտի դառնայ Պէրպէրեանի համար։

1871-ին կը վերադառնայ Պոլիս, միջոց մը ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Սկիւտարի եւ Գատըգիւղի վարժարաններուն մէջ, կ'ընտրուի ազգային երեսփոխան ու դիրք կը ճշդէ նորերուն դէմ (ուրկէ իր տարակարծութիւնները՝ Ռուսինեանի եւ ուրիշներու հետ): Կը մեռնի 1891-ին[1]:

Ծանռօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։