Խաչատուր Ա. Քհնյ. Գերմանիկեան

Տ. Խաչատուր Ա. Քհնյ. Գերմանիկեան (1883 - 1977) Աւազանի անունով՝ Յակոբ, որդի Աստուածատուրի եւ Աննայի, ծնած է զէյթունցի ծնողքէ, Զէյթուն 1883-ին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Զէյթունի Միացեալ Ընկերութեան Կեդրոնական Վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, իր կեանքի գերագոյն նպատակը եղած է եկեղեցւոյ եւ ազգին ծաոայաթիւնը։

Ան նետուած է ուսուցչական ասպարէզ ու նուիրուած՝ սերունդի դաստիարակութեան սրբազան գործին։ Կրթական կեանքի կողքին, իբրեւ երէց ու վարժ դպիր, ծառայած է նաեւ եկեղեցւոյ։ Զօրաւոր մղում եւ հակում ունեցած է երաժշտութեան հանդէպ։ Յետագային, ինքնաշխատութեամբ ու հետեւելով երաժշտական դասընթացքներու եւ ձայնամարզութեան, իր մէջ լաւապէս մշակած է երաժշտական գիծը ու Հայ Աոաքելական Եկեղեցւոյ շարականներուն ու պատարագի երգեցողութեան հմտանալէ ետք, ինքզինք պատրաստած է դպրապետութեան՝ առաւելագոյնս ծառայելու եկեղեցւոյ։

Առաջին անգամ իբրեւ ուսուցիչ եւ դպրապետ, ծաոայած է իր ծննդավայրի թաղային եկեղեցւոյ ու տեղւոյն ծխական վարժարանին մէջ։

Տարիներ ետք, նոյն զոյգ պաշտօններով տեղափոխուած է Տքնտըճագի շրջանը, ուր տեղւոյն եկեղեցւոյ եւ հայոց վարժարանին մէջ պաշտօնավարած է մինչեւ տարագրութեան տարին։

Իսկ 1915-ի մեծ եղեռնին, մազապուրծ՝ գաղթած է Տէօրթ– Եօլ եւ ստանձնած է տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետութեան եւ ծխական դպրոցի ուսուցչութեան պաշտօնները։

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վշտակիր Հայրապետ՝ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի ձեռամբ, 1925-ին, Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչուելով Տէր Խաչատուր։

իր ժողովուրդին ծառայած է մինչեւ 1939Ալեքսանտրէթի (Սանճագ) պարպումը ու Թուրքիոյ կցումը։ Այնուհետեւ գաղթող ժողովուրդին հետ կը փոխադրուի Հալէպ ու կը ներկայանայ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի եւ կը խնդրէ, որ տնօրինէ պարտն ու պատշաճը եւ Հալէպի մէջ քահանայագործելու արտօնութիւն շնորհէ իրեն։

Աոաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Բերիոյ Թեմի Ազգ. Իշխանութեան տնօրինութեամբ՝ Տէր Խաչատուր հոգեւոր հովիւ նշանակուած է Հալէպի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ 1939–ին, ուր իր գործակիցները եղած են Տ. Օշական Քհնյ. Սայեան, Տ. Մկրտիչ քհնյ. Մարտոյեան, Տ. Խորէն վրդ. Թաշճեան եւ ապա՝ Տ. Գարեգին Քհնյ. Քիրազեան, որուն հետ գործակցած է երկար տարիներ։

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդին արտօնութեամբ՝ 1971-ին կը տեղափոխուի Պէյրութ, իր զաւկին քով եւ կեանքի վերջալոյսը կ'անցընէ անոր որդիական գուրգուրանքին ու հոգածութեան տակ։

1977-ին ան իր աչքերը առ յաւէտ կր փակէ այս աշխարհին, երբ իննսուն չորս տարեկան էր։

Վերջին օծումն ու թաղման կարգը կատարուելէ ետք Պէյրութի մէջ, մարմինը կ'ամփոփուի Պէյրութի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ։

Առ ի գնահատանք տարիներու իր բարւոք ծառայութեան, պարգեւատրուած է Լանջախաչով, Ծաղկեայ սեւ փիլոնով եւ Աւագութեան պատիւով ու տիտղոսով[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 122-123-124-126։