Խաղի Միջազգային Օր
Խաղի Միջազգային Օր, 11 Յունիս (անգլ․՝ International Day of Play)․ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը (Մ․Ա․Կ․) A/RES/78/268 որոշումով կազմակերպութեան Մարտ 24, 2024-ի ընդհանուր ժողովին ընթացքին, 11 Յունիս-ը հռչակեց Խաղի Միջազգային Օր, որովհետեւ «Խաղի ընդմէջէն է, որ երեխաները կը հետախուզեն եւ կը հասկնան աշխարհը»։ Այնուհետեւ Խաղի Միջազգային Օրը պիտի նշուի ամէն տարի 11 Յունիսին։
Որոշումին բացատրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երեխաներուն կարծիքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2023-ին աւելի քան 20 տարբեր երկիրներու մէջ ապրող 10 000 երեխաներու կարծիքը առնուած է թէ խաղը որքան կարեւոր է։ Այս ուղղութեամբ, բազմաթիւ կազմակերպութիւններ շեշտելով խաղին կարեւորութեան վրայ, դիմած են Մ․Ա․Կ․-ին, որպէսզի Խաղի միջազգային օր մը ճշտուի։
Նախապէս եղած նախաձեռնութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]20 Նոյեմբեր 1989-ի Մ․Ա․Կ․-ի որդեգրած «Երեխային իրաւունքներու դաշինք»ին նպատակն էր համաշխարհային ուշադրութիւնը գրաւել եւ տարածել այդ գաղափարը։ Տասնամեակներ շարունակ LEGO հիմնարկութիւնը յանձն առած էր ճանչնալ եւ տարածել խաղը որպէս դաստիարակութեան եւ երեխային աճման կարեւոր մէկ միջոց գաղափարը։ Սակայն չափահասներուն 30% միայն կը ճանչնայ թէ Մ․Ա․Կ․-ը 1989-ին ճանչցած է խաղալու իրաւունքը, որ հիմնական պահանջ է։
Երեխային իրաւունքներու դաշինքը Գերմանիոյ մէջ ի զօրու է 5 Ապրիլ, 1992-էն սկսեալ։
Նախաձեռնութիւնն է LEGO խաղերու ընկերութեան եւ համանուն հիմնարկութեան։ Նախաձեռնութիւնը քաջալերած են եւ մասնակցած այդ արշաւին Մաթել Mattel, Ազպրօ Hasbro եւ ուրիշ կազմակերպութիւններ (Խաղի Միջազգային Կազմակերպութիւն International Play Organisation, Խաղալու Իրաւունք Right to Play, Եւրօերեխայ Eurochild, Դէպի առաջ փոխանցէ Play it Forward, եւայլն)։ Ինչպէս ըսած է LEGO ընկերութեան վարչական պատասխանատուներէն Նիլս Քրիսթեանսըն (Niels B. Christiansen)՝ «Կը հաւատանք թէ բոլոր երեխաները պէտք է օգտուին խաղի ուժէն։ 90 տարիներէ ի վեր, կը պաշտպանենք երեխաներուն խաղալու իրաւունքները։ Խաղը կը զօրացնէ ընտանեկան կապերը եւ երեխաներուն կ՛օգնէ բարգաւաճիլ, հմտութիւններ զագացնել եւ իրենց կարողութիւնները լրիւ գործածել։ Վերջին երկու տարիներուն, մեր ուժերով կազմակերպած ենք եւ կը տօնենք Խաղի Համաշխարհային Օրը, որպէսզի տարածենք խաղին կարեւորութիւնը։ Մ․Ա․Կ․-ի կողմէն «Խաղի Միջազգային Օր»ուան որդեգրումը խաղի ունեցած ուժին իսկական փաստն է եւ պահանջը գործակցութիւններու, որպէսզի պաշտպանենք իւրաքանչիւր երեխայի խաղալու իրաւունքը»։
Յայտարարութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Խաղի Միջազգային Օր»ուան որդեգրումն ու յայտարարութիւնը արդիւնքն է համաշխարհային գետնի վրայ տարուած հսկայ ջանքերուն, գլխաւորուած «Right To Play» կազմակերպութեան կողմէն, որուն աշխատանքները կապուած են Մ․Ա․Կ․ի «Կայուն զարգացման նպատակներ» ծրագիրին։ Թիրախն է՝ որակաւոր դաստիարակութիւն, երեխաներուն մարմնական եւ մտային առողջութիւն, աղջիկներու հզօրացում եւ երեխաներու պահպանութիւն։ Խաղը շատ կարեւոր մասնիկ մըն է երեխաներուն աճման գործընթացին համար։ Խաղը միայն պարզ ժամանցի պահ մը չէ, առողջարար է մանուկներուն համար։ Զանոնք կը մղէ ֆիզիքապէս շարժուն ըլլալ եւ անուղղակիօրէն բարեկամութիւններ հաստատել ու կը սորվեցնէ ընկերային հմտութիւններ շահիլ, ինչպէս նաեւ զարգացնել իրենց ստեղծագործութիւնն եւ երեւակայութիւնը։
Դպրոցին մէջ խաղերուն ընդմէջէն գիտելիքները եւ գիտութիւնները աւելի խանդավառ կերպով կը փոխանցուին եւ բոլորին մասնակցելու փախաք կ՛առաջացնէ։ Կ՛օգնէ նաեւ երեխաներուն տեղեկութիւններ ունենալ, իւրացնել ու յիշել։
[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Եունիսեֆ - Խաղի Միջազգային Օր(անգլերէն)
- ↑ Right To Play կազմակերպութիւն(անգլերէն)
- ↑ Կը տօնենք խաղալու իրաւունքը, Մարտ 2024(անգլերէն)
- ↑ Քանատանական հանրագիտարան․Right To Play - Ճերեմի Ֆրիտոմ, Յուլիս 4, 2016(անգլերէն)
- ↑ Right To Play մեր նպատակը(անգլերէն)
- ↑ Եունիսեֆ․ Երեխային իրաւունքներու դաշինք, (յունարէն)
- ↑ Network ցանց - Երեխային իրաւունքներու դաշինք(անգլերէն)
- ↑ sansimera - Խաղի Միջազգային Օր(յունարէն)
- ↑ Save the children Խաղի Միջազգային Օրուան կարեւորութիւնը․ եխաները փրկեցէք(անգլերէն)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Խաղալու Միջազգային Ընկերակցութիւն(անգլերէն)
- Նիլս Քրիսթեանսըն(անգլերէն)