Լրաբեր (թերթ, Աստրախան)

Լրաբեր, շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1908-1909 թուականներուն, Աստրախանի մէջ։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Կ. Խաչատրեան։ Լուսաբանած է ժամանակի հասարակական-քաղաքական հրատապ հարցերը, անդրադարձած քաղաքի կեանքին, կարեւոր տեղ յատկացուցած երիտասարդ սերունդի կրթութեան ու դաստիարակութեան։

Քննադատած է Ռուսաստանի Պետական տումայի գործունէութիւնը, արտացոլած գաղթօջախի հասարակական կեանքը։ «Արտաքին տեսութիւն» բաժնին մէջ տեղեկութիւններ հաղորդած է տարբեր երկիրներու քաղաքական կացութեան մասին, բացայայտած երիտթուրքերու շովինիստական դիրքորոշման էութիւնը։

Գրական-բանասիրական յօդուածներով «լրաբեր» անդրադարձած է Խաչատուր Աբովեանի, Միքայէլ Նալպանտեանի, Յովհաննէս Յովհաննիսեանի եւ ուրիշներու հասարակական ու գրական գործունէութեան, տպագրած Աղեքսանդր Ծատուրեանի եւ Վահան Տէրեանի բանաստեղծութիւնները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։