Jump to content

Լիւթեր Ճորճ Սիմճեան

Լիւթեր Ճորճ Սիմճեան
Ծննդեան անուն Լիւթեր Ճորճ Սիմճեան
Ծնած է 28 Յունուար 1905(1905-01-28)[1]
Ծննդավայր Այնթէպ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 23 Հոկտեմբեր 1997(1997-10-23) (92 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆորթ Լոտըրտէյլ, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
 Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Մասնագիտութիւն գիւտարար, ճարտարագէտ

Լիւթեր Ճորճ Սիմճեան (անգլ․՝ Luther George Simjia, 28 Յունուար 1905(1905-01-28)[1], Այնթէպ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 23 Հոկտեմբեր 1997(1997-10-23), Ֆորթ Լոտըրտէյլ, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ամերիկահայ գիւտարար եւ հնարիչ։ Շարք մը գիւտերու հեղինակ, ինչպէս` դրամատուներու դրամ փոխանցող «ATM» մեքենաներու[3]:

Ճարտարագիտական մարզէն ներս աւելի քան 200 գիւտերու հեղինակային իրաւունքը կը պատկանի Լիւթեր Սիմճեանի։ Բժշկական լուսանկարչական համակարգներ, լուսանկարչական ինքնաֆոկուսաւորուող խցիկ, ինքնաշխատ (automatic) երեւակման սարք, ռազմական թռիչքներու խթանիչ (stimulator), փոստային սակագիններու հաշուիչ եւ նմանօրինակ բազմաթիւ գործիքներու հնարիչը եղած է հայազգի այս հնարամիտ գիւտարարը։ Յատկապէս դրամաբաշխ սարքի՝ «ATM»ի (Automated Teller Machine) գիւտը կը պատկանի Սիմճեանի, որ իր հնարած հանրայայտ «Պանքմաթիք»ով (Bankmatic) ռահվիրան եղաւ մեր ժամանակներու ամէնէն ընդհանրացած դրամատնային այդ գործիքի ստեղծման ու կատարելագործման։

Կեանք եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1905-ին Այնթապ, 1915-ին կորսնցուցած է ողջ ընտանիքը:

Լիւթեր ծնած է 1905-ին, Կիլիկիոյ հայաշատ Այնթապ քաղաքին մէջ։ 1915-ին թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիր հայերուն հետ՝ Սիմճեաննները եւս անցած են Պէյրութ, ուր կարճ շրջան մը ապրելէ ետք, Լիւթեր անցած է Մարսէյլ, Ֆրանսա, ուրկէ 1920-ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ։

15 տարեկան հասակին հաստատուելով Մ. Նահանգներ՝ Քըննեքթիքըթ նահանգի Նիւ Հէվըն քաղաքին մէջ, պատանի Լիւթեր կեանքի ասպարէզ նետուած է իբրեւ լուսանկարիչ։ Միաժամանակ բժշկութիւն ուսանած է Եէլ համալսարանին մէջ (Yale School of Medicine), մասնագիտանալով իբրեւ լուսանկարչական տարրալուծարանի գիտաշխատող։

Տարրալուծարանային լուսանկարիչի իր աշխատանքի տարիներուն, նուիրուած է բժշկութեան ուսումնասիրութեան:

1928-ին նշանակուած է միեւնոյն համալսարանի լուսանկարչական բաժանմունքի տնօրէն եւ իրագործած է լուսանկարչական սարքերու կապուած քանի մը գիւտեր, ինչպէս օրինակ նկարներու մանրադիտակի լուսարձակը (projector):

1934 թուականին տեղափոխուած է Նիւ Եորք, որ երիտասարդ գիւտարար-հնարիչին առջեւ նոր հորիզոններ բացած է։ «

Սիմճեանի սեփական դէմքի լուսանկարման մեծ սարքը (1931)

Լիւթեր»ի առաջին կարեւոր գիւտը եղած է սեփական դէմքի լուսանկարման մեծ սարքը, որ շատ արագ տարածում գտած է մեծ հանրախանութներու մէջ, նաեւ՝ առիթը ընծայած է հայ գիւտարարին, որպէսզի հիմնէ «Photoreflex» ընկերութիւնը, մեկնելով իր հնարած համանուն գործիքէն։

Յաջողութիւնը այնքա՜ն մեծ եղած է, որ Լիւթեր Սիմճեան իր գիւտին հեղինակային իրաւունքը եւ համանուն ընկերութիւնը վաճառած է։

Շուտով հիմնած է նոր ընկերութիւն մը՝ «Reflectone» անունով, որպէսզի հրապարակ իջեցնէ միեւնոյն անունը կրող նոր սարք մը՝ դարձող հայելինրով օժտուած բազկաթոռ մը, որուն վրայ բազմողը ի վիճակի պիտի ըլլար իր սեփական մարմինը դիտելու բոլոր անկիւններէ։

1939 թուականին Սիմճեանի մօտ յառաջացած է կանխիկ դրամ տրամադրող ինքնաշխատ սարքի (Automated Teller Machine – ATM) ստեղծման գաղափարը: Թէեւ դրամատունները թերահաւատութեամբ ընդունեցին դրամ տրամադրող մեքենեայ ունենալու գաղափարը եւ հազիւ վեց ամիս փորձարկեցին Սիմճեանի գործիքը, այսուհանդերձ՝ ան շարունակեած է աշխատիլ իր գործիքի կատարելագործման վրայ։

Մինչեւ 1960 ապահոված է 20 արտօնագիրներ` կատարելագործելով «Banmatic» սարքը եւ հիմք ստեղծելով այսօրուան թղթադրամ տրամադրող ծիներուն համար։ 1965-ին ան հնարած է նաեւ միեւնոյն գործիքի մետաղադրամ տրամադրող սարքը։

Լիւթեր Սիմճեան առեւտրական մեծ յաջողութիւն ունեցած է Երկրորդ Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ գիւտը ըրած է ռազմական թռիչքներու սիմիւլէյթըրին՝ «Optical Range Estimation Trainer»ին, որ կ՛օգտագործուէր Մ. Նահանգներու ռազմական օդաչուներու մարզումներուն ժամանակ՝ գնահատելու համար օդանաւային կազմածներու արագութիւնն ու միջ-տարածութիւնը: Սիմճեանի հնարած գործիքը բաղկացած էր հայելիէ, լոյսի աղբիւրէ եւ փոքր սաւառնակներէ։ Սիմճեան իր հնարած գործիքէն աւելի քան երկու հազար օրինակ վաճառած է եւ ունեղած է նիւթական մեծ յաջողութիւն։

Իր կեանքի վերջալոյսին հայազգի գիւտարարը հաստատուած է Ֆլորիտա՝ Ֆորթ Լօտըրտէյլ (Fort Lauderdale), ուր հիմնած է իր սեփական մեծ տարրալուծարանը եւ մինչեւ 92 տարեկան աշխատած է նոր գիւտերու հնարման վրայ։

Իր մահկանացուն կնքած է 23 Հոկտեմբեր 1997-ին[4]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Encyclopædia Britannica
  2. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 518. — ISBN 978-2-905686-93-0
  3. horizonweekly.ca https://horizonweekly.ca/am/60889-2/։ արտագրուած է՝ 2020-11-02 
  4. maik1970 (2018-10-23)։ «Լուտեր Ճորճ Սիմճեան (1905-1997)»։ Azat Or (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2020-11-02 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]