Jump to content

Լեւոն Գըլըճեան

Լեւոն Գըլըճեան
Ծնած է 1885
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1918
Մահուան պատճառ Ժանտախտ
Կրթութիւն Կ. Պոլ­սոյ Օս­մա­նեան կայ­սե­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Լեւոն Գըլըճեան (Գլըճեան, Գլլըչեան) (մօտ 1885, Կոստանդնուպոլիս - 1918, Պանտրմա), հայ բժիշկ, հոգեբան։

Ծնած է մօտ 1885 թուականին, Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ։

1908 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը։

1908 - 1912 թթ., ներքին հիւանդութիւններու բաժինի, մնայուն օգնական բժիշկ նշանակուած է՝ Կ. Պոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցէն ներս։

1909 թուականին, Կիլիկիոյ աղէտէն ետք, «Կար­միր խա­չի» բժշկական խումբին հետ մեկնած է Ատանա եւ բազմաթիւ վիրաւորներ բուժած։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ դարասկզբի յայտնի գործիչներէն եղած է։ Եղած է ՀՅԴ Կ. Պոլսոյ պատասխանատու մարմնի (կեդրոնական կոմիտէի) անդամ։ 1914 թուականին՝ Առա­ջին հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ծառայած՝ Պրուսայի նահանգի, Պանտրմա քաղաքի զինուորական հիւանդանոցի զինուորական բժիշկ՝ փոխ-բժշկապետի պաշտօնով։

1918 թուականին, Պանտրմայի մէջ մահացած է ժանտախտէ՝ մօտ 33 տարեկան հասակին։

Ըստ այլ տպագիր աղբիւրներու՝ զոհուած է Օսմանեան բանակի կազմին մէջ։

  • Թէրզեան Յակոբ Յ., Կիլիկիոյ աղէտը, Կ. Պոլիս, 1912։
  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Ազգային հիւանդանոցի մէջ պաշտօնավարած բժիշկները, Ընդարձակ տարեգիրք Ազգային հիւանդանոցի, Սթանպուլ, 1939։
  • Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալբոմ-ատլաս, Ա. հատոր, Դիւցազնամարտ, 1890 - 1914, Լոս Անճելըս, 1992։
  • Գրիգորեան Սասուն, «Յա­ւեր­ժու­թեան Լու­սա­մա­տեան», Ե., 2002։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։