Լեզուի խնամքը 1900-1920-ական տարիներուն
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Այս յօդուածը ուիքիֆիկացման կարիք ունի՝ Ուիքիփետիայի որակի չափանիշներուն համապատասխանելու համար։ Դուք կրնաք օգնել յօդուածին բարելաւումին՝ աւելցնելով համապատասխան ներքին յղումներ եւ շտկելով բաժիններու դասաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ուիքիչափանիշներուն համապատասխան այլ գործողութիւններ կատարելով։ |
Գրական լեզուի խնամք, լեզուի խնամքը՝ արուեստի պահանջկոտութիւն։ 1900–ական սերունդի գլխաւոր նուաճումները կը կատարուին բանաստեղծութեան մարզին մէջ։ Ասիկա՝ ընդհանրապէս հայ գրականութեան, բայց աւելի յստակօրէն՝ եւս նոր արեւմտահայ թեւին համար։ Բանաստեղծական այս արտադրութիւնը կը յատկանշուի՝ նախ յաւելեալ պահանջկոտութեամբ՝ արուեստի հանդէպ։ Այս գիծը ի՞նչ արտայայտութիւն կը գտնէ գործերուն մէջ․
- Սերունդի բանաստեղծները ունին՝ մշակուած, նուրբ ու երանգաւոր լեզու, քան 1860–ական տարիներու վիպապաշտները, կամ 1880-90-ականներու փոքրաթիւ բանաստեղծները։ Օգտագործելով հանդերձ լեզուին նախորդ տասնամեակներուն նուաճած հարստութիւնները, անոնք կը գանցեն իրենց նախորդները։
- Լեզուի հանդէպ այս յարգանքը երբեմն կ՛երթայ չափազանցութեան՝ հռետորութեան կամ անբովանդակ նրբամոլութեան։ Բայց սերունդին որակաւոր ներկայացուցիչներուն՝ Միսաք Մեծարենցի, Վարուժանի, Թէքէեանի, Տէրեանի եւ այլոց մօտ, հակառակն է որ կը պատահի. լեզուն կը դառնայ նպատակայարմար գործիքը՝ արտայայտելու աւելի ինքնուրոյն բովանդակութիւն, անհատական թէ հաւաքական նոր գգայնութիւն ու ապրում։
Այսպէս, 1860–ական վիպապաշտ քերթուածներու համեմատումով, Մեծարենցի քերթուածները, այս վերջիններուն մէջ պիտի հաստատենք աւելի անճնականացած գոյներ, ձայներ, ապրումի արտայայտութիւն։ Կամ Վարուժանի քերթուածները, իրենց ուժգնութեան մէջ, պիտի երեւին նոյնպէս աւելի անձնականացած կ՛ըլլան անոնք անհատական կամ հաւաքական ապրումներու դրսեւորում։