Իքարիոթիքոս

Իքարիոթիքոս պար․ Քարաւոսթամօ փարատօն, Իքարիա

Իքարիոթիքոս (յուն․՝ Ικαριώτικος)․ յունական աւանդական պար («նիսիոթիքոս»՝ կղզիի պար), որուն արմատները կու գան Իքարիա կղզիէն։ Յունաստանի ամենահամբաւաւոր պարերէն է, որուն յաճախ կ՛ընկերակցին տողեր, որոնք կը տարբերին ըստ անոր մեկնութեան։

Իքարիոթիքոս պարին ռիթմիք արժէքն է 2/4։

Շատեր կ՛ըսեն թէ Իքարիոթիքոս պարը դանդաղ եղած է եւ անոր արագ «մեկնութիւնը» Պալոսն է։

Իքարիոթիքոս կը պարուի թեւերը իրարու սակառաձեւ բռնուած, ու երբ պարի ռիթմը արագանայ, թեւերը ուսերէն կը բռնուին։ Իքարիոթիքոս կրնայ ժամեր տեւել, ըստ կամքի։ Պարը կը բաղկանայ երեք մասերէ․-

  • Առաջին մաս․ դանդաղ քայլերով
  • Երկրորդ մաս․ քայլերը քիչ մը կ՛արագանան, նման Քալիմնոսի «իսիոս» (շիտակ) պարին
  • Երրորդ մաս․ արագ քայլեր ոտքերու եւ ձեռքերու շարժականութեամբ։

Պարին կ՛ընկերակցի ամենէն շատ սիրուած «Իքարիային սէրս» երգը։ Տարուան ընթացքին, ամէն առիթի՝ կնունք, հարսանիք, հաւաքոյթ, ինչպէս նաեւ կրօնական տօն եւ կամ փառատօն, կը լսուի ու կը պարուի աւանդական Իքարիոթիքոս պարը։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]