Իվանքա Թրամփ

(Վերայղուած է Իւանքա Թրամփ-էն)
Իվանքա Թրամփ
անգլերէն՝ Ivanka Trump
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Ivana Marie Trump
Ծնած է 30 Հոկտեմբեր 1981(1981-10-30)[1][2][3] (42 տարեկան)
Ծննդավայր Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մայրենի լեզու ամերիկեան անգլերէն
Կրօնք Modern Orthodox Judaism?[4][5]
Ուսումնավայր Չոութ Ռոզմարի Հոլ?
Ուորթոնի դպրոց?[6]
Չեյփինի դպրոց?
«Ճորճթաուն» համալսարան
Մասնագիտութիւն գործարար, մարդապատկեր, ոչ գեղարվեստական գրող, քաղաքական գործիչ, հեռուստահաղորդավար, նորաձեւութեան ձեւագծող, գրագէտ, Միջազգային ժողովի (Ֆորումի) մասնակից
Աշխատավայր ԱՄՆ դաշնային կառավարություն?
The Trump Organization?[6]
Forest City Enterprises?[6]
Վարած պաշտօններ Senior Advisor to the President of the United States?[7][8]
Կուսակցութիւն Ամերիկայի Հանրապետական Կուսակցութիւն
Ամուսին Ջարեդ Քուշներ?
Ծնողներ հայր՝ Տանըլտ Թրամփ, մայր՝ Իւանքա Թրամփ
Երեխաներ Արաբելա Ռոուզ Քուշներ?, Ջոզեֆ Ֆրեդերիկ Քուշներ? եւ Թեոդոր Ջեյմս Քուշներ?
Կայքէջ ivankatrump.com(անգլերէն)

Իւանա Մերի Իւանքա Թրամփ (30 Հոկտեմբեր 1981(1981-10-30)[1][2][3], Մենհեթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ),[9] ամերիկացի առեւտրական, նորաձեւութիւն ծրագրող, գրագէտ, պատկերասփիւռի դէմք ու քաղաքագէտ է, ան ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականներէն մէկն էր:[10]

Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ իր առաջին կնոջ՝ Իւանայի դուստրն է: Իւանքա Թրամփ ընտանիքին առաջին հրեայ անդամն է. ան այս հաւատքը ընդունած է նախքան իր հրեայ ամուսնոյն՝ Ճարետ Քուշնըրի հետ ամուսնանալը:[11]

Թրամփ չորրորդ սերունդի առեւտրական է, հետեւելով իր մեծ-մեծ մօր՝ Էլիզապէթի, մեծ հօր՝ Ֆրետի եւ հօր քայլերուն, ու ժամանակ մը վարելով Տը Թրամփ Օրկընայզէյշընի գործադիր փոխտնօրէնի պաշտօնը: Ան նաեւ իր հօր պատկերասփիւռի յայտագրին՝ «Տը Ափրենթիս»ի դատական կազմի անդամ էր:[12][13][14]

Մարտ 2017-ին, Իւանքա կը լքէ «The Trump Organization»ը եւ իր ամուսինին հետ կը դառնայ իր հօր խորհրդականը: Ան այս պետական եւ անվճար պաշտօնը կը ստանձնէ, երբ կասկածներ կը ծագին իր մասին, թէ ան իր քով ունի գաղտնի տեղեկութիւններ:[15][16][17] Ան կը նկատուէր նախագահի մօտիկ անդամներէն մէկը, նախքան նոյնիսկ այս պաշտօնը ստանձնելը:[18] 300 միլիոն տոլար հարստութեամբ, ան կը նկատուի իր ընտանիքին ամէնէն հարուստ անդամներէն մէկը:[19]

կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իւանա Մերի Թրամփ[20] ծնած է Մանհաթըն, Նիւ Եորք: Ան երկրորդ զաւակն է Իւանա Թրամփի եւ Տոնալտ Թրամփի, որ 2017-ին կ'ընտրուի Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահ:[21] Իր հօր արմատները կու գան Գերմանիայէն[22] ու Սկովտիայէն,[23] իսկ մօր արմատները՝ Չեխիայէն ու Աւստրիայէն:[24] Իւանայի ածականը եղած է Իւանքա:[25] 1992-ին, երբ ան 10 տարեկան էր, իր ծնողքը կ'ամուսնալուծուի:[21][26] Իւանքա ունի երկու եղբայր՝ Էրիք եւ Տոնալտ Կրտսեր, խորթ քոյր մը՝ Թիֆընի եւ խորթ եղբայր մը՝ Պարոն:

Մինչեւ 15 տարեկան Թրամփ կը յաճախէ Չափին վարժարանը, ապա կ'անցնի Քոաթ Ռոզմերի Հոլ, Ուոլինկֆորտ, Քոննեքթիքըթ: Ան Քոաթի մէջ իր կեանքը կը նկարագրէ իրբեւ բանտարկութիւն, մինչ իր ընկերները կը զուարճանային Նիւ Եորքի մէջ:[27]

Քոաթը աւարտելէ ետք,[28] երկու տարի կ'ուսանի Ճորճթաունի Համալսարանին մէջ, ապա կ'անցնի Փենսիլվանիոյ Համալսարանի Ուորթըն Առեւտրական Դպրոցը, ուրկէ 2004-ին կը ստանայ տնտեսագիտութեան Պսակաւոր Արուեստից վկայականը:[29][30] Իր հայրը նոյնպէս երկու տարի այլ կրթական հաստատութեան մէջ ուսանելէ ետք անցած է Ուորթըն:[31]

Ասպարէզ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առեւտուր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարճ ժամանակի համար կ'աշխատակցի «Forest City» ընկերութեան հետ՝ իբրեւ կալուածներու բաժնի պատասխանատու:[32] 2005-ին, ան կը միանայ իր ընտանիքին եւ կը դառնայ «Տը Թրամփ Օրկընայզէյշըն»ի զարգացման գործադիր փոխտնօրէնը:[33]

2007-ին, ան կը համագործակցի ադամանդի վաճառական Մոշի Լէքսի «Տայնամիք Տայմընտ» հաստատութեան հետ: Շուկայ կ'իջնէ Իւանքա Թրամփ գոհարեղէններու հաւաքածոն, որ կը ծախուի իր առաջին վաճառատան մէջ, Մանհաթըն:[34][35] Նոյեմբեր 2011-ին, Իւանքայի վաճառատունը Մետիսըն փողոցէն կը տեղափոխուի Սոհոյի շրջանի 109 Մերսըր փողոց:[36][37]

Դեկտեմբեր 2012-ին, «100 Women in Hedge Funds»ի անդամները Իւանքա Թրամփը կ'ընտրեն իբրեւ կազմի անդամ:[38]

2 Հոկտեմբեր 2015-ին, ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Իւանքա Թրամփի Մերսըր փողոցի վրայ գտնուող վաճառատունը փակ էր ու պարապ:[39] Հոկտեմբեր 2016-ին, Իւանքա Թրամփի գոհարեղէններու հաւաքածոյին համար միակ վաճառատունը կը գտնուէր Մանհաթըն, Նիւ Եորքի Թրամփի աշտարակին մէջ. այդ գոհարեղէններէն կարելի էր գտնել նաեւ Հատսըն Պէյի, Քանատայի, Պահրէյնի, Քուէյթի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տարածքներուն գտնուող ոսկերչական վաճառատուներու մէջ:[40]

Թրամփ ունէր իր պայուսակներու, կօշիկներու, հագուստներու եւ զարդեղէններու հաւաքածոն, որոնք կը վաճառուէին Քանատայի եւ ԱՄՆ-ի յայտնի վաճառատուներու մէջ:[41] Իւանքա Թրամփի վաճառանիշը կ'ենթարկուի շատ խիստ քննադատութեան, այլ վաճառանիշեր ընդօրինակելուն համար,[42][43] ինչպէս նաեւ PETA-ի եւ այլ անասուններու իրաւունքներու պաշտպաններու կողմէ՝ նապաստակի մուշտակի գործածութեան համար:[44][45] 2016-ին, ԱՄՆ-ի սպառողական ապրանքներու յանձնախումբը ետ կը կանչէ Իւանքա Թրամփի վզկապերը, որովհետեւ անոնք չէին ամբողջացներ կրակի դէմ անվտանգութեան չափանիշները:[46][47] 2016-ին ի յայտ կու գայ, որ վաճառանիշը մեծ մասով կ'արտադրուի Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն դուրս.[48] օրինակ Իւանքա Թրամփ վաճառանիշով կօշիկները կ'արտադրուին Չինաստանի Սիչուան եւ Ժենիանկ քաղաքներուն մէջ:[49]

Փետրուար 2017-ին, Նիմըն Մարքըս եւ Նորտսթորմ վաճառատուները կը դադրին Թրամփի վաճառանիշը վաճառելէ, անոր քիչ սպառողութեան պատճառով:[50]

9 Փետրուար 2017-ին, նախագահի խորհրդական Քելեան Քոնուէյ կը մղէ Ֆոքս Նիուզի դիտողները քաջալերելու Թրամփի արտադրութիւնները:[51] Յունիս 2017-ին, չինական իշխանութիւններու կողմէ կը ձերբակալուին Չայնա Լէյպըր Ուոչ կազմակերպութենէն 3 հոգի. մինչ այդ արդէն տեղի կ'ունենար Հուաճեան Ինթըրնեյշընըլի հետապնդման աշխատանքները: Վերջինս կօշիկներ կ'արտադրէր ամերիկեան վաճառանիշերու, ինչպէս Իւանքա Թրամփի համար: Թրամփի վարչակարգին ջանքերով ձերբակալուածները ազատ կ'արձակուին:[52][53]

24 Յուլիս 2018-ին, երբ Թրամփ կ'որոշէ մասնագիտանալ հանրային օրէնսդրութեան մէջ, կը յայտարարէ իր վաճառանիշին փակումը:[54][55]

Բնորդ (Modeling)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թրամփ Յուլիս 2007-ին

Ըստ Թրամփի մօր՝ Իւանայի, Իւանքա հագուստի բնորդ կ'ըլլայ շաբաթավերջերուն եւ արձակուրդներուն, երբ կը յաճախէր գիշերօթիկ վարժարան:[56] Ան կ'երեւի Թոմի Հիլֆիկըրի եւ «Սասսոն ճինզ»ի ծանուցումներուն մէջ:[57][58] Կը քալէ Վերսաճէ, Մարք Պուուըր եւ Թիէրի Մակլըր վաճառանիշերուն համար:[56] Մայիս 1997-ին, Իւանքայի դէմքը կ'երեւի «Սեւընթին» պարբերաթերթին կողքին վրայ, որ այն ժամանակ ունէր հանրածանօթ մայր եւ դուստրեր բաժինը:[56][59]

Թրամփ կը միանայ «Տը Թրամփ Օրկընայզէյշըն»ի ու կը ստանձնէ գործադիր պաշտօն: Շատ ժամանակ չանցած, հիմը կը դնէ իր գոհարեղէններու, կօշիկներու եւ հագուստներու հաւաքածոյին եւ կ'երեւի ծանուցումներու մէջ՝ քաջալերելով «Տը Թրամփ Օրկընայզէյշըն»ն ու իր արտադրութիւնները: Ան նաեւ կ'երեւի կնոջական եւ այլ պարբերաթերթերու կողքերուն վրայ, ինչպէս «Վոկ», «Ֆորպզ Լայֆ»:[60][61]

Պատկերասփիւռ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տի Ափրենթիս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին անգամ իր հօր պատկերասփռուած յայտագիրին՝ Տի Ափրենթիսի մէջ կ'երեւի, իբրեւ դատական կազմի անդամներէն Ճիլէթի օգնականը 2-րդ շաբթուան գործերուն համար: Ապա 2006-ին՝ իբրեւ դատական կազմի անդամ, Քարոլին Քեփչըրի բացակայութեան:[62] Քեփչըրի պէս, Թրամփ ալ կ'այցելէ աշխատանքներու վայրերը եւ կը հաղորդակցի խումբերուն հետ:[63] Թրամփ կ'աշխատակցի 5-րդ շրջանի ախոյեան Շան Եազպեքի հետ, ախոյեանին զատած նախաձեռնութեան վրայ՝ Թրամփի Սոհոյի պանդոկ-բնակարանին վրայ:[64][65][66]

6-րդ 7-րդ շրջաններուն Թրամփ կը փոխարինէ Քարոլին Քեփչըրը:[67]

Այլ մասնակցութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1997-ին, 15 տարեկան հասակին, Թրամփ կը վարէ «Miss Teen USA» գեղեցկութեան մրցումը, որուն տէրն էր իր հայրը՝ Տանըլտ Թրամփ, 1996-էն մինչեւ 2015:[56]

2006-ին, Թրամփ «Project Runway» յայտագրի երրորդ շրջանի եւ «Project Runway All Stars»ի չորրորդ շրջանի դատակազմի հիւր անդամ էր:[68][69][70]

2010-ին, Թրամփ եւ իր ամուսինը կ'երեւին «Gossip Girl» հաղորդաշարի չորրորդ շրջանի վեցերորդ դրուագին մէջ:[71]

Գիրքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոկտեմբեր 2009-ին, Թրամփ կը հրատարակէ իր առաջին ինքնաօժանդակման գիրքը՝ «The Trump Card: Playing to Win in Work and Life»ը: Ըստ անյայտ գրող Տանիէլ Փայսնըրի, ան օժանդակած է գիրքին հեղինակութեան մէջ:[72][73] Գիրքին ետեւը, ինչպէս նաեւ «The Trump Organization»ի կայքին (մինչեւ 2011) եւ «Huffington Post»ի վրայ գրուած իր կենսագրութեան մէջ, ան «summa cum laude» աւարտած է Ուարթընէն:[29][32][74][75]

Մայիս 2017-ին, Թրամփ կը հրատարակէ իր երկրորդ ինքնաօժանդակման գիրքը՝ «Women Who Work: Rewriting the Rules of Success»ը, որուն հրատարակման համար ան օգտուած է հեղինակէ, պրպտողէ եւ սրբագրիչէ մը:[76][77][78] Սկիզբը գիրքը «Նիւ Եորք Թայմզ»ի ամէնէն շատ վաճառուած գիրքերու «Խրատներ, ինչպէս կ'ընեն եւ անհասկացողութիւններ» բաժնի չորրորդ տեղին վրայ կ'ըլլայ եւ երկու շաբաթ ետք արդէն կը կորսուի ցուցակէն:[79][80]

Տանըլտ Թրամփի ընտրապայքար եւ վարչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2016-ի նախագահական ընտրապայքար եւ ընտրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2015-ին, ան կը հաստատէ իր հօր նախագահական ընտրապայքարը եւ անոր վրայ կ'աշխատէր հանրային ձեռնարկներու ընթացքին իր հայրը պաշտպանելով ու քաջալերելով:[81][82][83] Սակայն ան իր խառն զգացումներուն մասին կը յայտնէ Հոկտեմբեր 2015-ին՝ ըսելով, «իբր քաղաքացի, կը հաւնիմ իր գործը, սակայն իբր իր դուստրը՝ աւելի խառնակ է վիճակը»:[84] Օգոստոս 2015-ին Տանըլտ Թրամփ կը յայտնէ, թէ Իւանքան «կնոջական առողջութեան եւ կիներու» գլխաւոր խորհրդականն էր եւ թէ ինքը քաջալերած է, որ Թրամփ աւելի ընդլայնէ կիներու հանդէպ իր որդեգրած ծրագիրները:[85][86]

Յունուար 2016-ին, Այոուա եւ Նիւ Հեմփշայր նահանգներու ռատիոկայաններու ծանուցումներու մէջ Թրամփ կը գովաբանէ իր հայրը:[87][88] 2016-ին, Թրամփ իր հօր կ'ընկերակցի կանուխ քուէարկող նահանգներու մէջ, ինչպէս նաեւ Սաութ Քարոլայնա նահանգին մէջ կարճ խօսք կ'առնէ:[89][90] Ան 2016-ի Նիւ Եորքի նախնական ընտրութիւններուն չի կրնար քուէարկել, որովհետեւ մինչեւ Հոկտեմբեր 2015 ան հանրապետական չէր դարձած:[91]

Յուլիս 2016-ի Հանրապետականներու ընդհանուր ժողովին, նախքան իր հայրը հանդէս գալը ճառով մը, Իւանքա ճառով մը կը ներկայացնէ զայն:[92] Ան իր մուտքը կը կատարէ Ճորճ Հարիսընի «Here Comes the Sun» երգով: Ան կը նշէ, թէ իր հօր ձիրքերէն մէկը ժողովուրդին կարողութիւնը տեսնելն է եւ ան «Ամերիկան պիտի առաջ տանի» (Make America Great Again):[93] Ըստ «The Washington Post»ի, իր այս ճառով Թրամփ իր հայրը կը նկարագրէ իբրեւ «ջերմ» անձ:[94] Անկէ առաջ, նոյն թերթը հարցականի տակ առած է, թէ արդեօք Իւանքա աւելի կը թեքի դէպի Հիլըրի Քլինթըն կամ իր հայրը՝ Տանըլտ Թրամփ:[95] Այս ճառէն ետք, Ճորճ Հարիսըն գանգատ կը ներկայացնէ, թէ ինք վիրաւորուած է այս առիթին իր երգի գործածութեամբ:[96]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Person Profile // Internet Movie Database — 1990.
  2. 2,0 2,1 ČSFD — 2001.
  3. 3,0 3,1 GeneaStar
  4. https://www.theatlantic.com/politics/archive/2016/09/what-should-american-jews-make-of-ivanka-trump/498476/
  5. https://www.nytimes.com/2016/12/03/fashion/ivanka-trump-first-daughter.html
  6. 6,0 6,1 6,2 https://www.whartonny.com/article.html?aid=1819
  7. https://www.nbcnews.com/politics/white-house/ivanka-trump-named-assistant-president-new-role-n740241
  8. https://www.whitehouse.gov/briefings-statements/press-briefing-by-press-secretary-sarah-sanders-121818/
  9. «Ivanka Trump Gives Birth to Third Jewish Baby»։ Algemeiner.com (en-US)։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  10. «Executive Office Of The President Annual Report To Congress On White House Office Personnel White House Office As Of: Friday, June 30, 2017» (PDFWhite House (English)։ էջ 15։ արխիւացուած բնօրինակէն June 30, 2017-ին։ արտագրուած է՝ 30-8-2019 
  11. «Jewish first whether it's Trump or Clinton»։ USAToday (անգլերեն)։ July 5, 2016։ արխիւացուած բնօրինակէն January 18, 2018-ին։ արտագրուած է՝ January 17, 2018 
  12. «Ivanka M. Trump»։ Trump.com։ 2016։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 24, 2016-ին։ արտագրուած է՝ September 29, 2016 
  13. «Jared Kushner Named Senior Adviser to Trump»։ The Daily Beast։ January 9, 2017։ արտագրուած է՝ February 20, 2019 
  14. Nelson Louis։ «Ivanka Trump: 'I try to stay out of politics'»։ POLITICO։ արտագրուած է՝ February 20, 2019 
  15. «Executive Office Of The President Annual Report To Congress On White House Office Personnel White House Office As Of: Friday, June 30, 2017» (PDFWhite House (English)։ էջ 15։ արխիւացուած բնօրինակէն June 30, 2017-ին։ արտագրուած է՝ June 30, 2017 
  16. Abrams Rachel, Haberman Maggie (March 29, 2017)։ «Ivanka Trump, Shifting Plans, Will Become a Federal Employee»։ The New York Times։ ISSN 0362-4331։ արխիւացուած բնօրինակէն March 29, 2017-ին։ արտագրուած է՝ March 29, 2017 
  17. «Warren, Carper petition Ethics Office for information on Ivanka Trump's White House role»։ Politico։ արխիւացուած բնօրինակէն March 29, 2017-ին։ արտագրուած է՝ March 29, 2017 
  18. Foreign staff, Charlotte Krol (video news producer)։ «Donald Trump's inner circle: Who are the key figures driving the president's policy agenda?»։ The Telegraph (English)։ արխիւացուած բնօրինակէն April 26, 2017-ին։ արտագրուած է՝ April 25, 2017 
  19. Cranley Ellen։ «How Ivanka Trump and Jared Kushner built their $1.1 billion fortune and how they spend it»։ Business Insider։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  20. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:TwitterSnowflake' not found.
  21. 21,0 21,1 Friedman Megan (December 9, 2016)։ «8 Things You Should Know About Ivanka Trump»։ Cosmopolitan։ արխիւացուած բնօրինակէն January 26, 2017-ին։ արտագրուած է՝ February 5, 2017 
  22. Dluzak Alexander (February 29, 2016)։ «Donald Trump's German roots»։ Deutsche Welle (անգլերեն)։ արխիւացուած բնօրինակէն November 19, 2016-ին 
  23. Brocklehurst Steven (January 19, 2017)։ «Donald Trump's mother: From a Scottish island to New York's elite»։ BBC News (English)։ Scotland։ արխիւացուած բնօրինակէն March 30, 2017-ին։ արտագրուած է՝ April 25, 2017 
  24. Prachi Gupta, "6 Things You Need to Know About Donald Trump's First Wife, Ivana" Archived October 3, 2017, at the Wayback Machine.. Cosmopolitan. March 16, 2017. Retrieved October 1, 2017.
  25. «Ivanka Trump: Model, Businesswoman, Daughter to Republican Nominee»։ Voice of America News (անգլերեն)։ July 21, 2016։ արխիւացուած բնօրինակէն February 6, 2017-ին։ արտագրուած է՝ February 5, 2017 
  26. «Ivana Trump to write memoir about raising US president's children»։ The Guardian (անգլերեն)։ Associated Press։ March 16, 2017։ արխիւացուած բնօրինակէն May 4, 2017-ին։ արտագրուած է՝ February 24, 2018 
  27. Gurley George (January 29, 2007)։ «Trump Power»։ Marie Claire։ արխիւացուած բնօրինակէն December 16, 2014-ին։ արտագրուած է՝ February 19, 2010 
  28. «Did Their Father Really Know Best?»։ NYMag.com։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  29. 29,0 29,1 Seligson Hannah (September 7, 2016)։ «Is Ivanka for real?»։ The Huffington Post։ արխիւացուած բնօրինակէն May 31, 2017-ին։ արտագրուած է՝ May 18, 2017 
  30. «About Ivanka»։ Ivanka Trump։ November 14, 2012։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ November 14, 2012-ին։ արտագրուած է՝ June 12, 2017  For level of honor see last paragraph of website bio.
  31. Viser Matt (August 28, 2015)։ «Even in college, Donald Trump was brash»։ Boston Globe։ արխիւացուած բնօրինակէն March 31, 2017-ին։ արտագրուած է՝ May 28, 2018 
  32. 32,0 32,1 «Ivanka Trump | HuffPost»։ www.huffpost.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  33. Fitch Stephane (2006)։ «The Forbes 400 Richest Americans 2006: The Real Apprentices»։ Forbes։ արխիւացուած բնօրինակէն January 13, 2008-ին 
  34. Trump Ivanka (January 29, 2010)։ «If I Owned a jewelry store»։ InStoreMag.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ September 18, 2015-ին։ արտագրուած է՝ October 27, 2016 
  35. «About»։ IvankaTrump.com։ September 23, 2014։ արխիւացուած բնօրինակէն June 9, 2016-ին 
  36. DeMarco Anthony (July 12, 2011)։ «Luxury Jewelry Brands Ivanka Trump and Aaron Basha Relocate N.Y. Boutiques»։ Forbes։ արխիւացուած բնօրինակէն October 22, 2016-ին։ արտագրուած է՝ October 21, 2016 
  37. Murrow Lauren (November 29, 2011)։ «Now Open: Inside Ivanka Trump's New Diamond-Packed Boutique»։ New York։ արխիւացուած բնօրինակէն October 22, 2016-ին։ արտագրուած է՝ October 21, 2016 
  38. Delevingne, Lawrence, "Say what? Ivanka Trump joins 100 Women in Hedge Funds board" Archived March 30, 2017, at the Wayback Machine. hedgefundintelligence.com, December 7, 2012.
  39. Gurfein Laura (October 2, 2015)։ «Discontinued: Ivanka Trump's Soho Flagship Has Quietly Shuttered»։ New York: Racked.com։ արխիւացուած բնօրինակէն October 22, 2016-ին։ արտագրուած է՝ October 21, 2016 
  40. «Store Locator: International Locations»։ ivankatrumpfinejewelry.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 22, 2016-ին։ արտագրուած է՝ October 21, 2016 
  41. «Who is Ivanka Trump? Fashion designer, trusted adviser»։ USA Today։ July 21, 2016։ արխիւացուած բնօրինակէն July 22, 2016-ին։ արտագրուած է՝ July 22, 2016 
  42. Moylan Brian (December 22, 2011)։ «Ivanka Trump Accused of Stealing Designs from Actual Fashion Designer»։ Gawker։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 6, 2016-ին 
  43. Yi David (March 22, 2016)։ «Ivanka Trump accused of copying popular shoe design»։ Mashable։ արխիւացուած բնօրինակէն May 23, 2016-ին 
  44. «PETA tries to pull the rabbit out of Ivanka Trump's hat»։ PubPolitica։ February 17, 2016։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ June 30, 2016-ին 
  45. Krieg Gregory։ «PETA tries to pull the rabbit out of Ivanka Trump's hat»։ CNN։ արխիւացուած բնօրինակէն July 4, 2016-ին 
  46. Tau Byron (April 6, 2014)։ «Safety Agency Recalls Ivanka Trump-Brand Scarves Over 'Burn Risk'»։ The Wall Street Journal։ արխիւացուած բնօրինակէն September 28, 2016-ին։ արտագրուած է՝ September 29, 2016 
  47. Dooley Erin (April 6, 2016)։ «Ivanka Trump Scarves Recalled Over 'Burn Risk'»։ ABC News։ արխիւացուած բնօրինակէն June 4, 2016-ին 
  48. Phelps Jordyn (March 9, 2016)։ «Trump Decries Outsourcing but Much of Family Brand Is Made Abroad»։ ABC News։ արխիւացուած բնօրինակէն July 22, 2016-ին։ արտագրուած է՝ July 22, 2016 
  49. Post Kinling Lo | South China Morning։ «As trade war rages, the shoe biz goes on for Ivanka Trump and her Chinese suppliers»։ POLITICO (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  50. O'Hara, Mary Emily, "Nordstrom Drops Ivanka Trump Line, Citing Poor 'Performance'" Archived February 21, 2017, at the Wayback Machine., NBC News. February 3, 2017. Retrieved February 3, 2017.
  51. «Kellyanne Conway Tells Americans To Buy Ivanka Trump's Products»։ NPR.org (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  52. "U.S. Presses China to Free Activists Scrutinizing Ivanka Trump Shoe Factory" Archived June 8, 2017, at the Wayback Machine., New York Times, June 6, 2017
  53. "China Defends Arrest of Men Investigating Ivanka Trump's Shoe Supplier" Archived June 10, 2017, at the Wayback Machine., TIME, June 6, 2017
  54. Popken Ben (July 24, 2018)։ «Ivanka Trump is closing down her fashion business to focus on her White House role»։ NBC News։ արխիւացուած բնօրինակէն July 31, 2018-ին 
  55. Reuters Staff (July 25, 2018)։ «Ivanka Trump closes fashion line to focus on helping her father»։ Reuters։ արխիւացուած բնօրինակէն August 4, 2018-ին։ արտագրուած է՝ August 4, 2018 
  56. 56,0 56,1 56,2 56,3 Steinhauer Jennifer (August 17, 1997)։ «Her Cheekbones (High) Or Her Name (Trump)?»։ The New York Times։ արխիւացուած բնօրինակէն June 13, 2017-ին։ արտագրուած է՝ June 28, 2017 
  57. «Sasson print ad»։ June 1, 1997։ արտագրուած է՝ June 28, 2017 "Sasson" is not a typo, no connection to Vidal Sassoon brand.
  58. Shiver Jr. Jube (October 11, 1986)։ «With Fad Faded, Sasson Jeans Seeks Bankruptcy Shield»։ The Los Angeles Times։ արխիւացուած բնօրինակէն January 11, 2012-ին։ արտագրուած է՝ June 28, 2017 
  59. «Cover Girl: Ivanka Trump's Long History With the Glossy Magazine»։ POLITICO Magazine (անգլերեն)։ 24 February 2017։ արտագրուած է՝ 17 February 2019 
  60. Cogan Marin (February 27, 2017)։ «How Do You Solve a Problem Like Ivanka?»։ Politico։ արխիւացուած բնօրինակէն July 11, 2017-ին։ արտագրուած է՝ July 2, 2017 
  61. Van Meter Jonathan (February 25, 2015)։ «Ivanka Trump Knows What It Means to Be a Modern Millennial»։ Vogue։ արխիւացուած բնօրինակէն July 8, 2017-ին։ արտագրուած է՝ July 15, 2017 
  62. «Ivanka Trump to appear on 'Apprentice'»։ MSNBC։ Associated Press։ March 2, 2006։ արխիւացուած բնօրինակէն April 15, 2006-ին 
  63. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named stuff
  64. «Trump Soho New York, First Ultra‐luxury High‐rise Hotel in Downtown New York, To Open Fall 2009» (PDF) (Press release)։ Trump Hotel Collection։ January 7, 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ February 20, 2009-ին 
  65. «Trump kids bet on rich Europeans to back New York hotel/condo» (PDF)։ Times Online։ June 29, 2008։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ February 20, 2009-ին – via TrumpSOHO.com 
  66. Brown, Joel, "10 Things That Women Entrepreneurs Can Learn From 'Ivanka Trump'" Archived December 26, 2016, at the Wayback Machine., addicted2success.com. Retrieved November 16, 2016.
  67. «Trump tells Carolyn: 'You're fired!' Kepcher, blonde assistant of 'The Apprentice,' loses job after Trump tires of her.»։ CNN Money։ New York։ արտագրուած է՝ February 17, 2019 
  68. «Project Runway 3: Dog Days!: Gothamist»։ web.archive.org։ 2018-03-26։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-03-26-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  69. «Project Runway All Stars season premiere recap: 'Project Runway All Stars' season 4 premiere recap»։ EW.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  70. «Nina Garcia is Not Easy To Please»։ Bustle (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  71. Nast Condé։ «You Totally Forgot Ivanka Trump and Jared Kushner's Cameo on 'Gossip Girl'»։ Teen Vogue (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  72. Tolentino Jia (November 29, 2016)։ «Ivanka Trump's Terrible Book Helps Explain the Trump-Family Ethos»։ արխիւացուած բնօրինակէն August 7, 2017-ին 
  73. «DANIEL PAISNER - Works»։ www.danielpaisner.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-12-14-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  74. «The queen of spin»։ Columbia Journalism Review (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  75. «Ivanka M. Trump: Trump Organization Hotel Collection Real Estate Casinos Golf Clubs Financial University Restaurants Merchandise Corporation Company Publications»։ web.archive.org։ 2011-06-06։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-06-06-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-15 
  76. Fahrenthold David A. (May 12, 2017)։ «Ivanka Trump donates half the advance from her new book»։ The Washington Post։ արխիւացուած բնօրինակէն May 17, 2017-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-16 
  77. Senior Jennifer (May 2, 2017)։ «Having Trouble Having It All? Ivanka Alone Can Fix It»։ The New York Times։ արխիւացուած բնօրինակէն May 11, 2017-ին 
  78. Paquette Danielle (May 3, 2017)։ «Woman featured in Ivanka Trump's new book reacts: 'Don't use my story'»։ The Washington Post։ արխիւացուած բնօրինակէն 2019-08-16-ին։ արտագրուած է՝ August 10, 2018 
  79. «Advice, How-To & Miscellaneous»։ The New York Times։ May 20, 2017։ արտագրուած է՝ 2019-08-16 
  80. Abramson Alana (May 2, 2017)։ «Ivanka Trump’s Book Will Appear on a ‘New York Times’ Bestseller List»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ 2018-08-16 
  81. «Melania Trump Makes Her First Appearance on Campaign Trail as Donald Invites Impersonator on Stage – and Muses About Marital Fantasies»։ PEOPLE.com (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-24 
  82. CNN Deena Zaru։ «Ivanka Trump: Donald Trump '100 percent believes in equality of gender' - CNNPolitics»։ CNN։ արտագրուած է՝ 2019-08-24 
  83. CNN Cassie Spodak։ «Trump stands by immigration remarks, blames media - CNNPolitics»։ CNN։ արտագրուած է՝ 2019-08-24 
  84. Collins Eliza։ «Ivanka Trump on how she feels about her dad's run: It's complicated»։ POLITICO (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-24 
  85. Henneberger Melinda (2015-08-13)։ «Ivanka Trump: The Woman Donald Trump Cherishes Most»։ Newsmax։ արտագրուած է՝ 2019-08-24 
  86. «The woman Trump cherishes most is daughter Ivanka»։ Detroit News (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-24 
  87. «Ivanka Trump: My dad is the best!»։ USA TODAY (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-24 
  88. News A. B. C.։ «New Trump Radio Ad Features Daughter Ivanka»։ ABC News (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-24 
  89. Ota Amanda (2016-02-20)։ «Trump declares victory in South Carolina primary»։ KOMO։ արտագրուած է՝ 2019-08-30 
  90. Holcomb Justin։ «Victory Speech: Trump Sacks 'Bush Country,' Dominates the First Southern State»։ Townhall (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-08-30 
  91. CNN Tom LoBianco։ «Trump children unable to vote for dad in NY primary»։ CNN։ արտագրուած է՝ 2019-08-30 
  92. Serfaty Sunlen (July 22, 2016)։ «Ivanka Trump delivers in prime-time»։ CNN։ արխիւացուած բնօրինակէն July 22, 2016-ին։ արտագրուած է՝ July 22, 2016 
  93. «Coverage of the Republican Convention. Aired 10-11p ET»։ CNN։ արխիւացուած բնօրինակէն November 30, 2016-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-15։ «As the proud daughter of your nominee, I am here to tell you that this is the moment and Donald Trump is the person to make America great again!» 
  94. Borchers Callum (July 23, 2016)։ «Ivanka Trump continues to impress the media that her father feuds with»։ The Washington Post։ արխիւացուած բնօրինակէն July 24, 2016-ին 
  95. Bump, Philip, "Who, exactly, was Ivanka Trump endorsing?" Archived November 16, 2016, at the Wayback Machine.
  96. Owen Paul, Bixby Scott (July 23, 2016)։ «'The greatest asset Trump has': Ivanka gets rave reviews for Cleveland speech»։ The Guardian։ արխիւացուած բնօրինակէն 2019-09-15-ին։ արտագրուած է՝ July 23, 2016