Jump to content

Իէթիոնիա

Բնակավայր
Իէթիոնիա
Իէթիոնա․ դիրքը, ծովեզր եւ թերակղզիները․ Բիրէայի հնադարեան կեդրոնական նաւահանգիստին հիւսիս-արեւմտեան կողմը։ Նկարին ձախին
Երկիր Յունաստան
Հիմնադրուած է՝ Ք․Ա․ 5-րդ դար
Առաջին յիշատակում Ք․Ա․ 5-րդ դար
Կը գտնուի ափին Բիրէայի հին նաւահանգիստին (քարտէսին մէջ ներկայ գլխաւոր նաւահանգիստին արեւմուտքը) հիւսիս արեւմտեան ծովախորշին մուտքին ձախ ափին

Իէթիոնիա (հին յունարէն՝ Ηετιωνεία կամ Ηετιιώνεια). հնադարին եղած է Բիրէայի նաւահանգիստին ձախակողմեան մուտքին արտաձգուած ծովախորշը։ Նաւերը, որոնք նաւահանգիստ կը մտնէին, իրենց ձախին կը գտնէին Իէթիոնիա պարիսպները եւ աջին Ալքիմոս հրուանդանը։

Ք․Ա․ 411-ի յեղաշրջման ժամանակ, Աթէնքի 400 սակաւեպտները պարիսպները կառուցած են, կանխելու համար Աթէնքի նաւատորմիղին մուտքը նաւահանգիստ։

Իէթիոնիա թերակղզին իր հին ամրոցով կը գտնուի Բիրէայի կեդրոնական նաւահանգիստին հիւսիս-արեւմտեան կողմը։ Կարեւոր ռազմական դիրքը մեծ դեր ունեցած է քաղաքին պաշտպանութեան համար։

Իէթիոնիա․ մուտքը

Ք․Ա․ 5-րդ դարուն, երբ Աթենացիները կը սկսին Բիրէան պարսպատել, ամրութեան մէջ կը ներփակեն Իէթինիա թերակղզին, քաղաքին պաշտպանութեան ունեցած կարեւոր դիրքին համար․ այդ կէտէն, նոյնիսկ փոքր ուժ մը կրնար հսկել մուտքը Քանթարոս Κάνθαρος Kantharos (Mega Limani, Kentrikos Limenas, Porto Draco)՝ Բիրէայի մեծ նաւահանգիստին։

Պելոպոնեսեան Պատերազմին վերջին տարիներուն շրջանը ճակատագրական եղելութիւններու թատերաբեմ կը դառնայ։ Ք․Ա․ 411-ին, Աթէնքի իշխանութիւնը սակաւապետներու ձեռքն էր, որոնք ամէն կերպով կ՛ուզէին Սփարթիին հետ հաշտութեան դաշինք կնքել եւ կանխել Աթենեան նաւատորմիղին մուտքը նաւահանգիստ (ճամբայ ելած էր Սամոս կղզիէն դէպի Բիրէա, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը վերականգնէ)։ Այդ պատճառով, Իէթիոնիա տարածքին մէջ անոնք արագօրէն կը սկսին ամրոցի մը կառուցումը, որպէսզի նաւահանգիստին մուտքը հսկեն։ Պատերազմի աւարտին, Ք․Ա․ 404-ին, պարտուած աթենացիները կը ստիպուին քանդել Աթէնքի եւ Բիրէայի բոլոր ամրութիւնները։ Քանի մը տարի քաղաքն ու նաւահանգիստը անպաշտպան կը մնան, մինչեւ Ք․Ա․394-ին, երբ Քոնոն զօրավարը պարիսպները կը վերակառուցէ եւ Իէթիոնիա կրկին կ՛ամրացուի։

Հռոմէական արշաւանքներուն ընթացքին, Սիլա զօրավարի լեգէոնները Ք․Ա․86-ին երկու քաղաքները՝ Աթէնք եւ Բիրէա կը կողոպտեն, կը քանդեն եւ ժողովուրդը սպանդի կ՛ենթարկեն։ Իէթիոնայի ամրոցն ու պարիսպները կը կործանուին։

Իէթիոնայի յայտնաբերում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իէթիոնայի յայտնաբերում, 1886

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Իէթիոնա դարպասին պատկերացում

Իէթիոնա կը յայտնաբերուի 1886-ին Ֆրանսական Հնաբանական Դպրոցին կողմէն Քասթրաքի (տեղացիները այդպէս կը կոչէին շրջանը) կատարուած պեղումներուն ընթացքին։

Իէթիոնիա որպէս գաղթավայր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1922-ին, աւերակներուն մէջ գաղթավայր մը կը ստեղծուի Փոքր Ասիոյ Աղէտէն փրկուած յոյն եւ հայ գաղթականներուն համար։

1944-ի ռմբակոծումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իսկ 1944-ին, անգլիացիներուն կողմէն կատարուած Բիրէայի մեծ ռմբակոծումներուն ընթացքին, հրասանդ մը կը քանդէ արեւելեան քառանկիւն աշտարակին պատին մեծ մասը։

1997 - 2001 Հնաբանական պեղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Իէթիոնիա

Բիրէայի եւ Կղզիներուն Հնաբանական Սպասարկութեան կողմէն 1997 - 2001 կը կատարուին կանոնաւոր եւ շարունական պեղումներ, որոնց ընթացքին Իէթիոնիա լրիւ կը յայտնաբերուի։

Ի․ դարուան վերջին տասնամեակին, Իէթիոնիա հնաբանական վայրին յայտնաբերումէն ետք ու կատարուած հնաբանական վերջնական աշխատանքներէն ետք (2013-2018), Իէթիոնիա հնաբանական վայրը հանրութեան բացուած է։ Հոն կը կատարուին արուեստաբանական եղելութիւններ, աշակերտներու եւ ուսուցիչներու համար յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներ եւ աշխատանոցներ։

Իէթիոնիա մուտքը կը բաղկանար երկշերտ դուռով դարպասէ մը որուն լայնքը 3,70մ․ էր եւ անոր աջ ու ձախ կողմերը կային երկու քառանկիւն աշտարակներ, իսկ ուրիշ աշտարակներ եւ մարտկոցներ կը զօրացնէին ամրոցին պաշտպանութեան գիծը։

Ք․Ա․4-րդ դարուն ամրոցին պաշտպանութիւնը կ՛ամրապնդուի։ Հիւսիսային պատին երկայնքին կը փորուի 10 մ․ երկայնքով ու 5 մ․ խորութեամբ խրամ մը, իսկ մուտքին առջեւ կը կառուցուի նախապարիսպ մը եւ կը բացուի աւելի փոքր խրամ մը 3,5 մ․ լայնքով։

Ք․Ա․ 2-րդ դարուն կէսերուն, մուտքին աջ ու ձախ կողմը կը կառուցուին երկու նոր շրջաբոլոր աշտարակներ․ հին քառանկիւն աշտարակները կը ներառնուին նորերուն մէջ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6][7] [8] [9] [10] [11]

  • «Ծանօթանալ Իէթիոնիա Դարպասին հետ», Յունաստանի Մշակոյթի Նախարարութիւնը, 2019
  • «Բիրէա քաղաքին պատմութիւնը», Նիքոս Պելավիլաս․ Մարտ 2021

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]