Ժպիտի Համաշխարհային Օր
Ժպիտի Համաշխարհային Օր | |
---|---|
| |
Տեսակ | Միջազգային օր |
Ժպիտի Համաշխարհային Օրը (անգլ.՝ World Smile Day) կը նշուի ամէն տարի, Հոկտեմբեր ամսուան առաջին Ուրբաթ օրը: Ժպիտի համաշխարհային օրը Հարվի Պէյլի մտայղացումն է, որ արուեստագէտ էր Որքեսթրէն, Մասաչուսեց։ 1963-ին ՀարվիՊէյլի կողմէն յայտնուած է հանրայայտ ժպտացող դէմքը[1]: 1999-ին նկարիչի նախաձեռնութեամբ աշխարհի մէջ առաջին անգամ նշուեցաւ ժպիտի համաշխարհային օրը, որմէ ետք այն կը նշուի ամէն տարի: Պէյլլը երջանիկ էր, այնպէս ինչպէս ստեղծագործ մարդը կրնար երջանիկ ըլլալ, քանի որ ան կը հասկնար, որ իր ստեղծագործութիւնները երկար կը պահպանուին: Իր հարցազրոյցներէն մէկուն ժամանակ նկարիչը ըսած է. «Մարդկային պատմութեան եւ արուեստի մէջ դեռ չէր եղած այդպիսի աշխատանք, որ տարածուելով կը բերէր այդքան ուրախութիւն, երջանկութիւն ու հաճոյք: Ոչինչ եղած է այդքան հասարակ՝ բայց հասանելի բոլորին»[2]:
Հարվի Պէյլի ժպիտի համաշխարհային հիմնադրամ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2001-ին` Հարվի Պէյլի մահէն ետք, ի պատիւ անոր յիշատակին հետեւեալ կարգախօսով` «բարի գործ ըրէ, օգնիր գոնէ, որ ժպիտ մը յայտնուի» հիմնուեցաւ Հարվի Պէյլի Ժպիտի համաշխարհային հիմնադրամը: Հիմնադրամը կը շարունակէ մնալ Ժպիտի օրուան՝ իբրեւ պաշտօնական հովանաւոր:
Նպատակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կազմակերպութիւնը կը նշէ, որ անոնց նպատակն է, «որքան հնարաւոր է շատ մարդոց իրազեկել ժպիտի համաշխարհային օրուան մասին` օգտագործելով ընկերային լրատուամիջոցները, խրախուսելով ժպտալ եւ բարութիւն տարածել աշխարհին մէջ»:
Ժպիտի համաշխարհային օրուան միջոցառումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժպիտի համաշխարհային օրը կը շարունակուի նշուիլ ամէն տարի Որքեսթրի մէջ` օդապարիկներով, մայթերուն կաւիճներով նկարելով եւ իհարկէ աշխարհի ամէնամեծ մարդկային ժպտացող դէմքով: Բացի այդ, ժպիտի համաշխարհային օրը նշուելով աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ՝ անհատները, դպրոցները, ձեռնարկութիւնները եւ կազմակերպութիւնները կը փորձեն աշխարհը աւելի լաւ դարձնել սնունդ բաժնելով, տեսահոլովակներ նկարելով եւ այլն:
Ժպիտիկի ստեղծման պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին ժպիտիկը ամրացուած է կապոցներուն, այսինքն, պատրաստուած նմուշի ձեւով եւ կը տրէր ընկերութիւններու աշխատակիցներուն եւ յաճախորդներուն: Անկէ ետք Ժպիտիկները մեծ յաջողութեան հասան: Անոնք դուր եկան յաճախորդներուն, իսկ ամերիկեան ապահովագրական ընկերութիւն մըն ալ անկէ աւելի քան 10 հազար օրինակ պատուիրեց: Ժպիտիկը առաւել յայտնի դարձաւ 1970-ականներու սկիզբները երկու սպանացի եղբայրներու շնորհիւ, որոնք այն թողարկեցին հետեւեալ կարգախօսով` «Ձեզ լաւ օր կը մաղթենք»: Նման կարգախօսով ժպիտիկը անմիջապէս հիթ դարձաւ, այն յայտնուեցաւ պաստառներու, բացիկներու, վերնաշապիկներու եւ պէյսպոլի գլխարկներու վրայ, մէկ խօսքով այն ամէնի, ինչը որ կրնար արագ վաճառուիլ: Բնականաբար, ոչոք կը մտածէր հեղինակային իրաւունքի օրէնքի մասին, իսկ ԱՄՆ-ի փոստային ծառայութիւնը նոյնիսկ Պէյլի ժպիտով խորհրդանշաններ թողարկեց: Ժպիտիկը 1971-ին ֆրանսացի գործարար Ֆրանքլին Լուֆրանիի կողմէ գրանցուած ապրանքանիշ է, որ այժմ կ՚օգտագործուի աւելի քան 80 երկիրներու մէջ:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Ժպտացող Նեպալցի կին
-
Պանկլատեշցի ժպտացող տղայ
-
Ժպտալով այտի վրա փոսիկ կ՚առաջանայ
-
Ժպտալու ժամանակ աչքերու եւ բերանի մկանները կը ձգուին
-
Աղջիկը կը ժպտայ՝ ցուցադրելով իր ատամնաշարը
-
Արաբ աղջկայ ժպիտը
-
Ափրիկացի աղջկայ ժպիտը
-
Ամենահայտնի ժպիտը արուեստին մէջ:Մոնա Լիզա
-
Ժպտացող աղջիկ
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Welcome to the World Smile Day® Website»։ www.worldsmileday.com։ արտագրուած է՝ 2019-10-07
- ↑ «Всемирный день улыбки»։ Calend.ru։ արտագրուած է՝ 2019-10-07