Սպանա-Թրքական Յարաբերութիւններ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Միջազգային հարաբերություններ

Սպանա-թրքական յարաբերութիւններ, երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններն են՝ Սպանիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

16-րդ դարուն Սպանիան եւ Օսմանեան կայսրութիւնը կը պայքարէին միմիանց միջեւ, որպէսզի գերակայութիւն հաստատեն Միջերկրական ծովին մէջ[1][2]։ 1571-ին Լեփանտոյի ծովամարտին սպանական նաւատորմը (դաշինք կազմելով Վենետիկեան հանրապետութեան եւ Պապական մարզի հետ) յաղթանակ տարաւ Օսմանեան կայսրութեան նկատմամբ։ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ սպանացիները կը կռուէին օսմաններու դաշնակիցներ՝ Պերպերեան ծովահեններու դէմ։ Փրկուելով կրօնական հետապնդումներէն քոնուէրսորները եւ սեֆիտները կը փախէին Օսմանեան կայսրութիւն այն բանէն ետք, երբ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ մորսիկներու անյաջող ապստամբութիւնը։ Արծաթը, որ կը բերուէր Լատինական Ամերիկայէն առաջացուց ինֆլեացիա Սպանիոյ մէջ, որ այնուհետեւ տարածուեցաւ Եւրոպայի այլ մասերուն մէջ, նոյնիսկ Օսմանեան կայսրութեան մէջ։ 1782-ին Սպանիան եւ Օսմանեան կայսրութիւնը կնքեցին Խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ առեւտուրի համաձայնագիր[3][4]։

Պաշտօնական աւանդական լուսանկարը սպանա-թրքական բարձր մակարդակի հանդիպումէն ետք Մատրիտի մէջ, 27 Նոյեմբեր 2012-ին

Քաղաքական յարաբերութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուրքիան եւ Սպանիան կը հանդիսանան՝ Եւրոպայի Խորհուրդի, Հիւսիսատլանտեան դաշինքի կազմակերպութիւն, Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան, Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Միջերկրածովեան միութեան անդամներ։

Երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ դիւանագիտական մակարդակին չկան որեւիցէ հակասութիւններ պետութիւններուն միջեւ։ Սպանիան կ՛աջակցի Թուրքիոյ հայտը, որպէսզի այն դառնայ Եւրոպական Միութեան անդամ։ 22 Յունիս 1998-ին պետութիւնները միմիանց միջեւ կնքեցին համատեղ գործողութիւններու ծրագիր, որ որոշեց երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութիւնները։ 2004-ին նախաձեռնուեցաւ Քաղաքակրթութիւններու միութիւնը վարչապետ Սապատերոյի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կողմէ[3]։

Առեւտրային յարաբերութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2011-ին ապրանքաշրջանառութիւնը պետութիւններուն միջեւ կազմած է՝ 5,99 մլրդ եւրոյ[5]։ 2015-ին Սպանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը կազմած է 8,5 մլրդ տոլար[6]։ Թուրքիոյ մէջ կը գործէ աւելի քան 610 սպանակ ընկերութիւններ։ Սպանական ներդրումները թրքական տնտեսութեան մէջ կը կազմեն մօտաւորապէս 10 մլրդ տոլար[7]։ 2008-ին Թուրքիա այցելած է աւելի քան 350 000 սպանացի զբօսաշրջիկ[8]։

Մօտաւորապէս 75 թրքական ընկերութիւն ալ կը գործէ Սպանիոյ մէջ։ Թրքական ներդրումները սպանական տնտեսութեան մէջ կը կազմեն 143 մլն տոլար 2002-2015-ներու ընթացքին։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]