Ժոզէֆ Ռատիըրտ Քիփլինկ

Ժոզէֆ Ռատիըրտ Քիփլինկ
անգլերէն՝ Joseph Rudyard Kipling
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Joseph Rudyard Kipling
Ծնած է 30 Դեկտեմբեր 1865(1865-12-30)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Մումպայ, Բրիտանական Հնդկաստան[4][5]
Մահացած է 18 Յունուար 1936(1936-01-18)[1][2][3][…] (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն[6]
Մայրենի լեզու անգլերէն
Ուսումնավայր United Services College?
Ազդուած է Ռոբերտ Լուիս Սթիվենսոն?
Երկեր/Գլխաւոր գործ Ջունգլիների գիրքը?, Քիմ, Եթէ, The Second Jungle Book?, Պատմվածքներ հենց այնպես? եւ Gunga Din?
Մասնագիտութիւն գրագէտ, բանաստեղծ, վիպասան, ռազմական թղթակից, մանկագիր, ինքնակենսագիր, հեղինակ, լրագրող, գիտաֆանտաստիկ գրող
Աշխատավայր Սենթ Էնդրյու համալսարան?
Անդամութիւն Արուեստներու եւ գիտութիւններու ամերիկեան կաճառ եւ Թագաւորական գրական ընկերութիւն
Ամուսին Caroline Starr Balestier?[7]
Ծնողներ հայր՝ Ջոն Լոքվուդ Կիպլինգ?[7], մայր՝ Alice MacDonald Kipling?[7]
Երեխաներ Ջոն Կիպլինգ?[7], Էլսի Բամբրիջ?[8][7] եւ Josephine Kipling?[9][7]
Ստորագրութիւն

Ժոզէֆ Ռատիըրտ Քիփլինկ (անգլերէն՝ Joseph Rudyard Kipling, 30 Դեկտեմբեր 1865(1865-12-30)[1][2][3][…], Մումպայ, Բրիտանական Հնդկաստան[4][5] - 18 Յունուար 1936(1936-01-18)[1][2][3][…], Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն), անգլիացի յայտնի գրող, բանաստեղծ եւ արձակագիր: Ժոզէֆ Ռատիըրտ Քիփլինկ, երբեմն Ռուտիարտ, (Ռատիըրտ՝ ըստ Օքսֆորտի ուսանողներու Բառարանին [10]։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիփլինկի վաղ մանկութիւնը շա՜տ ուրախ ու անհոգ էր Հնդկաստանի մէջ, բայց հինգ տարեկանին ան իր քրոջ հետ կը տեղափոխուի Անգլիա ուսում ստանալու: Վեց տարի շարունակ Քիփլինկը կ'ապրի հանրակացարանի մէջ, որու տիրուհին շատ գէշ կը վերաբերուէր Քիփլինկին հետ: Այս ամէնը այնքան գէշ անդրադարձաւ անոր վրայ, որ գրողը մինչեւ կեանքի վերջ տառապեցաւ անքնութենէն:

12 տարեկանին Քիփլինկի ծնողները զինք կը տանին ուսումնարան, որպէսզի յետոյ ան անպայման ընդունուի շա՜տ հեղինակաւոր ռազմական ակադեմիա: Ուսումնարանի տնօրէնը Քիփլինկի հօր մտերիմ ընկերն էր, Եւ տղուն մեջ սերմանեց հետաքրքրութիւն ու սէր դէպի գրականութիւնը: Այս տարիներուն Քիփլինկը շատ հետաքրքիր հեքիաթներ սկսաւ գրել, իսկ յետոյ սկսաւ աշխատիլ թերթի մը իբրեւ լրագրող։

1882 թուականին Քիփլինկը վերադարձաւ Հնդկաստան ու շարունակեց զբաղիլ լրագրութեամբ՝ երբեք չմոռնալով, սակայն, գրել բազմատեսակ հեքիաթներ: Իսկ 80-ականները Ռատիըրտ Քիփլինկի կենսագրութեան մէջ յայտնի են որպէս ճանապարհորդութիւններու տարիներ: Շրջելով գրեթէ ամբողջ աշխարհը՝ Քիփլինկը 1889 թուականի Հոկտեմբերին եկաւ Լոնտոն, ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ գրականութեան եւ նոյն այդ օրերուն ալ ճանաչցուեցաւ:

Գաղթատիրական բուռն մրցապայքարի ժամանակներն էին, եւ Քիփլինկ փարեցաւ աջակողմեան գաղափարախօսութեան` անոր ամէնէն համարձակախօս ջատագովներէն մէկը դառնալով: Իր քաղաքական եւ ընկերային համոզումներուն համար ան շարունակ քննադատուեցաւ իր ժամանակի անգլիացի, եւրոպացի թէ ամերիկացի մեծարժէք գրողներու կողմէ, որոնք սակայն ոչ մէկ պարագայի հարցականի տակ առին Քիփլինկի բացառիկ տաղանդն ու արժէքը:

Հնդկաստանը նեղ կու գար Քիփլինկի գրական հեռանկարներուն համար եւ 1889-ին ան որոշեց Լոնտոն տեղափոխուիլ:

1892 թուականին ան ամուսնացաւ Քարոյլայն (Քերրի) Պալեսթիէրի հետ, որ հարուստ ընտանիքէ սեռած էր: Նորապսակ ամոլը որոշեց մեղրալուսինի համար երկար ճամբորդութիւն մը կատարել դէպի Մ. Նահանգներ, հոնկէ ալ` Եոքոհամա (Ճափոն), ուր Պալեսթիէրները ունէին ընտանեկան դրամատուն մը: Բայց դրամատունը անյաջողութեան մատնուած էր, եւ Քիփլինկ որոշեց վերադառնալ Մ. Նահանգներ, ուրկէ շարունակեց իր աշխատակցութիւնը ամերիկեան եւ անգլիական մամուլին:

Քիփլինկ մինչեւ վերջին շունչ շարունակեց նաեւ պայքարը իր քաղաքական եւ ընկերային համոզումներուն պաշտպանութեան համար: Թունդ ընդդիմախօս մը եղաւ Ա. Աշխարհամարտէն ետք թափ առած համաշխարհային համայնավարութեան, ինչպէս եւ` այս վերջինին իբրեւ հակազդեցութիւն թափ առած նացիական եւ ֆաշական շարժումներու. Հիթլեր եւ Մուսոլինի նշաւակ դարձան Քիփլինկի քաղաքական խարանող քննադատութիւններուն:

1896-ին Քիփլինկները, արդէն երկու զաւակներու ծնող, վերջնականապէս վերադարձան Լոնտոն: Գրական հռչակը արագօրէն կ'աճէր Քիփլինկի ստեղծագործութիւններուն շուրջ եւ 1907-ի Նոպէլեան մրցանակը եկաւ փառքով պսակադրելու այդ հռչակը: Այնուհետեւ, մինչեւ 1936 թուականի յետկարճատեւ հիւանդութեան իր մահը, Ռուտիըրտ Քիփլինկ անխոնջ ստեղծագործեց եւ ստեղծագործական իր ժառանգութիւնը հարստացուց թէ՛ արձակ, թէ՛ բանաստեղծական արժէքաւոր գործերով:

Ստեղծագործութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քիփլինկ իրարու ետեւէ հրատարակած է ամենատարբեր գիրքեր՝ «Նահանգային երգեր» (1886) բանաստեղծութիւններու, «Բլուրներու անպաճոյճ զրոյցներ» (1888) նորավէպերու ժողովածուները, «Զօրանոցային երգեր» (1892), «Եօթ ծով» (1896), «Հինգ ազգ» (1903) բանաստեղծութիւններու գրքոյկները: Գրած է նաեւ «Լոյսը մարեց» (1890) եւ «Քիմ» վէպերը: Աւելի հանրայայտ են, սակայն, երեխաներու համար Քիփլինկի գրածները, յատկապէս անտառի գազաններու հետ ապրող հնդիկ մանուկի` Մաուկլիի մասին պատմութիւնները (The Jungle Book) («Տը ճանկըլ պուք Ճանկլներու գիրքը», 1894, «Ճանկլներու երկրորդ գիրքը», 1895):

1907 թ. կը դառնայ առաջին անգլիացին, որուն շնորհուեր է Նոպէլեան մրցանակ գրականութեան բնագաւառին մէջ։

Քիփլինկ մեծ նուաճումներ արձանագրեց նաեւ իբրեւ մանկական գրականութեան մեծատաղանդ հեղինակ, որուն «Տը ճանկըլ պուք» անունով պատմուածքներու հաւաքածոն կը հանդիսանայ գրական այդ սեռի դասական հարստութիւններէն մէկը: Անոր լաւագոյն ստեղծագործութիւնները կը համարուին «Ճանկլներու գիրքը» (The Jungle Book) պատմուածքներու ժողովածուն, «Քիմ» (Kim) վէպը, շարք մը բանաստեղծութիւններ, այդ թուով՝ «Եթէ» ("If") բանաստեղծութիւնը։ Քիփլինկի ստեղծագործութիւններու այլաբանութիւններով լեցուն հարուստ լեզուն մեծ ներդրում ունեցած է անգլերէնի զարգացման մէջ։

«Եթէ»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1910-ին գրուած «Եթէ»-ն կը խտացնէ Քիփլինկի գրական տաղանդին գլխաւոր զոյգ առանձնայատկութիւնները` մտածումի խորութիւնն ու կենսայորդ զգացականութիւնը: Իր այդ զոյգ արժանիքներուն համար Քիփլինկ արժանացաւ Նոպէլեան մրցանակի ակադեմական դատակազմի յատուկ գնահատանքին` թէ՛ իբրեւ արձակագիր եւ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ:

Քիփլինկի անունը հայ ժողովուրդին կապուեցաւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին, երբ «Եթէ»-ի հանճարեղ բանաստեղծը անձամբ պայքար մղեց, որպէսզի Մ. Նահանգները պետականօրէն ստանձնեց հովանաւորութիւնը ցեղասպանութեան արհաւիրքէն փիւնիկի պէս յառնող նորանկախ Հայաստանին:[11]

ԵԹԷ

(Թրգմ.` Մուշեղ Իշխանի)

Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,

Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,

Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,

Եթէ ուրիշներ կը կասկածին քու վրադ,

Եթէ կրնաս միշտ սպասել անձանձիր,

Կամ չստել` շրջապատուած սուտերով,

Ատողներու մէջ ըլլալ սիրալիր,

Եթէ կրնաս ըլլալ բարի, բայց ուժով.

Եթէ կրնաս դուն երազել եւ սակայն

Չըլլալ գերին երազներուդ գերիշխող,

Յաղթանակէն ետք հանդիպիլ պարտութեան

Եւ նո՛յն ձեւով ընդունիլ զոյգն այդ խաբող.

Եթէ կրնաս լսել քու խօսքդ վճիտ

Չարափոխուած յիմարներու ծուղակի

Ու խորտակուած տեսնել մեծ երկը կեանքիդ,

Բայց վերստին զայն շինելու գաս ծունկի.

Եթէ կրնաս շահը հազար ճիգերու,

Մէկ հարուածով յանձնել բախտի սեղանին

Եւ անտրտունջ, առանց երբեք ողբալու

Վերսկսիլ ծայրէն ամէն ինչ կրկին,

Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան

Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար

Եւ դիմանալ, երբ մեռած է ամէն բան,

Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ.

Եթէ կրնաս արքաներու հետ` պարզուկ,

Ամբոխին մէջ` առաքինի ըլլալ միշտ,

Եթէ թաղես կրքի րոպէն վաղանցուկ,

Եթէ մարդիկ անզօր են քեզ առթել վիշտ

Եւ ամէնուն կու տաս արժէքն իր արդար,

Եթէ սիրես, բայց սիրոյ խենթ չդառնաս.

Քո՛ւկդ է Երկիրն ու իր գանձերն անհամար

Եւ աւելին` այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]