Jump to content

Ժերար տը Ներվալ

Ժերար տը Ներվալ
ֆրանսերէն՝ Gérard de Nerval
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Gérard Labrunie
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Gérard de Nerval
Ծնած է 22 Մայիս 1808(1808-05-22)[1][2][3][…]
Ծննդավայր former 7th arrondissement of Paris, Փարիզ, Ֆրանսա
Մահացած է 26 Յունուար 1855(1855-01-26)[1][4][2][…] (46 տարեկանին)
Մահուան վայր former 7th arrondissement of Paris, Փարիզ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա[5]
Մայրենի լեզու Ֆրանսերէն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Voyage to the Orient?, La Pandora?, Aurélia? եւ Les Illuminés?
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, թատերագիր, վիպասան, վիպասան
Անդամութիւն Jeune-France?
Ծնողներ հայր՝ Étienne Labrunie?

Ժերար տը Ներվալ (22 Մայիս 1808(1808-05-22)[1][2][3][…], former 7th arrondissement of Paris, Փարիզ, Ֆրանսա - 26 Յունուար 1855(1855-01-26)[1][4][2][…], former 7th arrondissement of Paris, Փարիզ, Ֆրանսա), ֆրանսացի բանաստեղծ, արձակագիր եւ թարգմանիչ[6]։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շատ կանուխէն ունեցած է գրելու մարմաջը: 13 տարեկանին արդէն շարադրութեան տետրակներու էջերուն մէջ ան շարած է հայրենասիրական ոտանաւորներ, դասական պարունակութեամբ ու կառոյցով:

Դեռ գոլէճը չաւարտած՝ ան արդէն պատրաստ ունեցած է ոտանաւորներու հաւաքածոյ մը, զոր հրատարակած է յետագային՝ «Ազգային Էլեգիաներ» անունին տակ:

Գրած է նաեւ կատակերգութիւն մը: Իսկ 1827 թուականին, այսինքն՝ երկրորդական ուսման վերջին տարին, ան արդէն վերջացուցած է Կէօթէի հռչակաւոր «Ֆոուսթ»ին թարգմանութիւնը, որ հիացում պատճառած է հեղինակին։

Դպրոցը աւարտելուն պէս, Ներվալ արդէն որոշած է իր կեանքի ուղին, իր միակ ասպարէզը՝ գրականութիւն եւ միա՛յն գրականութիւն։

1829-ին, թատերգութեան կը վերածէ Վիքթոր Հիւկոյի «Հան տ'Իսլանտ» վէպը: 1830-ին, հրատարակած է թարգմանութիւններու հատոր մը՝ գերմանացի բանաստեղծներէ:

Ներվալ իր մայրենի լեզուին պէս գիտէր գերմաներէնը: 1831-ին փոխած է իր անունը. Ժերար Լապրիւնին դարձուցած է Ժերար տը Ներվալ:

1834-ին, իր մօրը հօրմէն ժառանգած է կոկիկ գումար մը եւ անմիջապէս հիմնած է «Լը Մոնտ Տրամաթիկ» թերթը, դերասանուհի Ժենի Քոլոնի տաղանդը ծանօթացնելու համար ընթերցողներուն: Աշխատակցած է նաեւ «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին:

Ժենի Քոլոնի համար գրէ թատերգութիւններ․

  • «Փիքիյօ»,
  • «Լէօ Պուրքարթ»,
  • «Ալքիմիագէտը» եւ այլն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]