Jump to content

Թռուցիկ

Թռուցիկը թռչունի կամ վիշապի ձեւով շինուած եղէգէ, մետաքսէ կամ թուղթէ սարք մըն է:

Ներկայիս թռուցիկներուն մեծ մասը արհեստական նիւթերով պատրաստուած է:

Թռուցիկին պատմութիւնը երկար ժամանակներէ ի վեր կապուած է Չինաստանի պատմութեան հետ: Սակայն յայտնի չէ, թէ ճիշդ ե՛րբ թռուցիկը հնարուած է, սակայն կ'ենթադրուի, որ անիկա այդ երկիրին մէջ յայտնուած է մօտաւորապէս 3000 տարիներէ ի վեր:

Անցեալին թռուցիկը կը գործածուէր զինուորականներու կողմէ` իրենց զինուորներուն լուրեր ղրկելու համար: Չիները կը մտածէին նաեւ, որ անիկա միջոց մըն է ոգիներուն հետ կապի մէջ մտնելու[1]:

Ամէն տարի, Ապրիլ ամսուն Չինաստանի արեւելքը Ուէյֆանկ քաղաքին մէջ տեղի կ'ունենայ թռուցիկներու մեծ փառատօն մը: Չինաստանի տարբեր շրջաններէ, ինչպէս նաեւ ուրիշ երկիրներէ եկած աւելի քան 1000 թռուցիկներ կը մասնակցէին այս փառատօնին: Մեծ թիւով թռուցիկներ անասուններ կը ներկայացնեն: Սակայն գոյութիւն ունին նաեւ տարօրինակ օրինակներ, ինչպէս, օրինակի համար, ինքնաշարժի կերպարանքով թռուցիկը:

Ուէյֆանկը ճանչցուած է նաեւ իբրեւ թռուցիկի շինութեան մեծ կեդրոն:

Ասիոյ մէջ գոյութիւն ունին թռուցիկի կռիւներ, որուն ընթացքին մասնակցողները կը փորձեն իրենց շուրջիններուն թռուցիկները վար առնել[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]