Թուրքիոյ Փորձ Յեղաշրջում (2016)
Թուրքիոյ փորձ յեղաշրջումը (թրք.՝ Türkiye askerî darbe girişimi) 2016 թուականի 15 Յուլիսին Ստամպուլի ժամանակով ժամը 22:00-ին համացանցին վրայ տարածուեցաւ հաղորդումը այն մասին, որ Պոսֆորի կամուրջը կը փակուի զինուորականներու կողմէ[1]: Օգտատէրները կը նշէին, որ երթեւեկութիւնը կամրջի վրայով փակուած է ռազմական ձեւերով Ստամպուլի թէ՛ Եւրոպական, եւ թէ՛ Ասիական կողմերէ։ Օգտատէրերը նաեւ կը նշէին, որ այդպիսի քայլի պատճառը դեռեւս անյայտ է[2][3]: Ամենահետաքրքրականը այն էր օգտատէրներուն համար, որ կամրջի երթեւեկութիւնը փակուած է ոչ թէ ոստիկաններու, այլ զինուորականներու կողմէ։ Քանի մը վայրկեանուայ ընթացքին Ստամպուլի բնակչութեան մօտ խուճապ առաջացաւ:
Երեւանի ժամանակով ժամը 22:00-ի շուրջ «DHA» թրքական գործակալութիւնը յայտարարութիւն տարածեց, թէ ռազմական ուղղաթիռը Անգարայի մէջ կրակած է անյայտ ուղղութեամբ, հաւանաբար Թուրքիոյ գլխաւոր հետախուզական վարչութեան շէնքի մօտակայքին։ Անմիջապէս թրքական որոշ գործակալութիւններ յայտարարեցին այն մասին, որ աշխոյժ փոխհրաձգութիւն սկսած է Անգարայի կեդրոնին մէջ` Թուրքիոյ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի մօտակայքում։ Անգարայի պաշտպանական ուժերու բոլոր աշխատողները անմիջապէս ետ կանչուած են աշխատանքի։
Արդէն մօտ կէս ժամ անց Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Իըլտըրըմը թրքական «NTV» հեռուստաընկերութեանը հեռախօսային հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարեց, որ զինուած խումբերը փորձ կատարած են զինուած յեղաշրջում իրականացնել երկրին մէջ[4]: Թրքական ԶԼՄ-ները կը յայտնէին, որ մեծ քանակով շտապ օգնութեան մեքենաներ կը շարժի դէպի Գլխաւոր շտապի շէնք։ Ականատեսները կը վկայէին, որ Անգարայի երկնքէն կը թռչէին մեծ քանակութեամբ ռազմական ինքնաթիռներ եւ ուղղաթիռներ։
Երեւանի ժամանակով ժամը 23:30 ԶԼՄ-ները յայտնեցին, որ թանկերը Ստամպուլի մէջ կը շարժին դէպի Աթաթուրքի Անուան Միջազգային Օդակայան: Ժամը 00:45-ին սահմաններուն վրայ Թուրքիոյ մէջ դադրուեցաւ եթեր հեռարձակուիլ «TRT»-ն` Թուրքիոյ ազգային հեռուստաընկերութիւնը։ Թուրքական էլեկտրօնային Զլմ-ները յայտարարեցին, որ իր գործունէութիւնը դադարեցրել է Աթաթուրքի անուան միջազգային օդանաւակայանը: Բոլոր չուերթները յետաձգուած են։
Թուրքիոյ ԶՈՒ գլխաւոր շտապը յայտարարեց ժամը 00:30-ի շուրջ, որ իշխանութիւնը կը գտնուի իրենց ձեռքերուն մէջ, եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ձերբակալուած է։ Սակայն թրքական ԶԼՄ-ները քանի մը վայրկեան ետք յայտարարեցին, որ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը գտնուի ապաստարանին մէջ։ Ժամը 01:00-ի շուրջ «CNN Turk»-ի ուղիղ եթերի ժամանակ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը տեսակապ միացաւ ուղիղ FaceTime-ով` կոչ ընելով դուրս գալ փողոցներ[5]: Թուրքիոյ մէջ կ'արգելափակուի համացանցը։
Վարչապետ Պինալի Իըլտըրըմը յայտարարած էր, որ զինուած ուժերու որոշ հրամանատարներ «ապօրինի գործողութեան փորձ կատարած են», եւ անվտանգութեան ուժերը հրաման ստացաղ են «ընել այն, ինչ անհրաժեշտ է»:
Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը դեռեւս չէ հանդիսացած յայտարարութեամբ, սակայն թրքական ԶԼՄ-ները յայտնեցին, որ նախագահը Երեւանի ժամանակով 01:00-ի շուրջ կ'եթայ դէպի օդակայան։ ԶԼՄ-ները կը նշեն, որ Էրտողանը կը փորձէ լքել Թուրքիան։
Մինչ եթերը դադրեցնելը «TRT»-ն յայտարարած էր, որ երկրին մէջ յեղաշրջումը իրականացուցած է Թուրքիոյ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետ Հուլուսի Աքարը: Ըստ «TRT»-ի ան պիտի գլխաւորէ նոր կառավարութիւնը։ Զինուորականները յայտարարած են, որ անմիջապէս ձեռնամուխ պիտի ըլլան նոր Սահմանադրութեան կազմանը։ «Star TV»-ն կը նշէր, որ Անգարաի մէջ զինուորականներուն կը դիմաւորեն ծափողջիւններով։
Զինուորականները յայտարարած են, որ Թուրքիոյ միջազգային բոլոր պարտաւորութիւնները կը պահպանուին եւ երկրին մէջ առաջնահերթ կը մնայ օրէնքի գերակայութիւնը։
Հակասական յայտարարութիւն տարածած է թրքական պետական «անադոլու» գործակալութիւնը։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գտնուող ԶՈՒ կեդրոնակայանին մէջ պատանդներ բրնուած են, անոնց մէջ է երկրի ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետը` Հուլուսի Աքարը:
Ժամը 00:30-ի դրութեամբ Reuters գործակալութիւնը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին պարէթային ժամ յայտարարուած է եւ բոլոր օդակայանները փակ են։ Գործակալութիւնը կը նշէ, որ աշխոյժ կերպով կը ռմբակոծուի Անգարայի մէջ գլխաւոր շտապի շէնքը։
Ժամը 01:00-ին թուրք ժողովուրդին կոչով դիմած է նաեւ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւուտօղլուն, ով սատարութիւն յայտնած է Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը։ Մեծ թուաքանակով մարդիկ դուրս եկած են Ստամպուլի փողոցներ` ի պաշտպանութիւն Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` դէմ արտայայտուելով զինուած յեղաշրջմանը։ Ռուսական «РИА Новости»-ն կը յայտնէ, որ խորհրդարանի շէնքը շրջափակած թանկերը կրակ բացած են խորհրդարանի շէնքի ուղղութեամբ։ «Euronews»-ը կը նշէ, որ ժամը 02:25-ի դրութեամբ Երեւանի ժամանակով արդէն իսկ որոշ ցուցարարներ վիրաւոր են։
Իրադարձութիւններու առիթով իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են արդէն Քանատայի ԱԳՆ Սթեֆըն Տիոնը, Ռուսաստանի ԱԳՆ Սերկեյ Լաւրով, ԱՄՆ պէտքարտուղար Ճոն Քերրին, ԵՄ արտաքին գործերու յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին:
Անգարայի մէջ ժամը 02:30-ին Երեւանի ժամանակով երկու խոշոր պայթիւն որոտացած է։ Ուղղաթիռները եւ ինքնաթիռները կը շարունակեն թռչիլ մայրաքաղաքի երկինքով[1]:
Յունաստանի կառավարութիւնը անվտանգութեան արտահերթ խորհրդակցութիւն անցկացուցած է` որոշելով ուժեղացնել Թուրքիոյ հետ սահմանին։
Իրադարձութիւններու Ժամանակագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժամանակը ներկայացուած է ըստ Մոսկուայի ժամանակի
- 22:49 Ստամպուլի մէջ անհասկանալի պատճառներով փակուած է Պոսֆորի կամուրջը
- 22:51 ԶԼՄ-ներ Անգարայի մէջ լսած են պայթիւններ, երկնքին մէջ կ'երեւին ռազմական ուղղաթիռներ
- 23:06 Ռազմական ուղղաթիռը կրակ կը բանայ Անգարայի մէջ` հետախուզական գլխաւոր վարչութեան շէնքի մօտ
- 23:20 ԶԼՄ-ները կը յայտարարեն թէ թանկերը տեղակայուած են բոլոր Ստամպուլով
- 23:26 «TRT»-ն դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը
- 23:38 Թուրքիոյ գլխաւոր շտապը յայտարարեց կառավարութեան ձերբակալման մասին
- 23:44 Կրակոցներ կը լսուին Ստամպուլի ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան շէնքի մօտ
- 23:50 Թուրքիոյ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետը ձերբակալուած է
- 00:07 Ստամպուլի մէջ Էրտողանի նստավայրը հսկողութիւնը ուժեղացուած է
- 00:14 Զինուորականները իրենց ձեռքը վերցուցած են Ստամպուլի եւ Անգարայի ռազմավարական նշանակութեան առարկաները
- 00:14 Էրտողանը կը մեկնի օդակայան
- 00:21 Յունական բանակը կը բերուի լրիւ մարտական վիճակի
- 00:23 Թուրքիոյ մէջ մտած է ռազմական դրութիւն
- 00:58 Անգարայի մէջ առաջին խոշոր պայթիւնը կը լսուի
«Новая газета» պարբերականը կը նշէ, որ Գերմանիան հրաժարած է քաղաքական ապաստարան տրամադրելէ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, այդ իսկ պատճառով Թուրքիոյ նախագահը կը մեկնի Լոնտոն:
Վրաստանի կառավարութեան մամլոյ խօսնակը յայտարարած է, որ Վրաստանը կը փակէ Թուրքիոյ հետ պետական սահմանը։
Համաշխարհային մամուլի մէջ աշխուժօրէն կը շրջանառուի այն տեղեկատուութիւնը, որ յեղաշրջման հեղինակները կիւլենականներն են։
Համաձայն վերջին տուեալներուն մօտ 16 ոստիկան սպանուած է Ստամպուլ փողոցներուն մէջ բախումներու ժամանակ։
Երեւանի ժամանակով ժամը 07:30-ի դրութեամբ զոհերու թուաքանակը հասած է 90: Յեղաշրջման փորձի մէջ կասկածուելու համար ձերբակալուած է 1563 քաղաքացի, այդ թուին մէջ 5 հրամանատար եւ 29 գնդապետ։
Թուրքիոյ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնակատար Ումիտ Տիւնտարը յայտնեց, որ սպանուած են յեղաշրջման 104 մասնակից զինուորականներ, 90 այլ անձինք, այդ թուին մէջ 47 քաղաքացիական անձինք, 1563 զինուորական ձերբակալուած էր։ Մինչ այդ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը Թուիթըրի իր էջին վրայ հրապարակած էր ձերբակալուած զինուորականներու լուսանկարները։
«DHA» գործակալութեան փոխանցմամբ զոհերու թիւը հասած է 194-ի[6]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 http://haqqin.az/news/75410
- ↑ «Turkey coup: military attempt to seize power from Erdogan as low flying jets and gunfire heard in Ankara and bridges across Bosphorus in Istanbul closed»
- ↑ «Turkish Prime Minister Reports Coup Attempt»։ WSJ։ 15 July 2016։ արտագրուած է՝ 15 July 2016
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-07-16
- ↑ http://www.trt.net.tr/armenian/t-owrk-ia/2016/07/16/anpatizh-ch-en-mna-erdoghan-530369
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-05-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-07-16